Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մենք Մէկ Նպատակ Ունինք  Եւ Ամէն Մէկս Ունինք Այդ Նպատակին  Հասնելու Ճամբու Իր Քարտէսը»

Սաղաթէլեան. «Մենք Մէկ Նպատակ Ունինք Եւ Ամէն Մէկս Ունինք Այդ Նպատակին Հասնելու Ճամբու Իր Քարտէսը»

«Մենք միասին ճամբայ անցած ենք, կը գնահատենք եւ կ՛արժեւորենք այդ անցած ճանապարհը, բայց իւրաքանչիւրը ինք կ՛որոշէ իր քաղաքական գիծը, մենք մէկ նպատակ ունինք, եւ ամէն մէկս ունի այդ նպատակին հասնելու ճամբու իր քարտէսը», «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով Արթուր Վանեցեանի` պատգամաւորի իրաւագիրէն հրաժարելու որոշմանը: Իշխան Սաղաթէլեանը յայտարարեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը...

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Տեղի Ունեցած Է  Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի  Փոխվարչապետներու Հանդիպումը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Հանդիպումը

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ 20 յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու հանդիպումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին քանի մը լրատուամիջոցներու յայտնած են Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն: Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահներու աշխատանքային հանդիպումը տեղի ունեցած է Փեթերսպուրկեան միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: Նշեալ...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Կատարէ  Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր  Խորհրդակցութիւնները

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Կատարէ Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ աւարտին յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին: Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը պէտք եղած միջոցառումները որդեգրեց, որ խորհրդակցութիւններէն անմիջապէս ետք նշանակուած վարչապետը հրաւիրուի Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը: Նշենք, որ արաբական աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ Նեժիպ Միքաթի վարչապետ պիտի վերանշանակուի: Նոյն...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կ՛ընդգծէ Դիւանագիտական Հանդիպումներու  Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հետ  Գործակցելու Աշխուժացումը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կ՛ընդգծէ Դիւանագիտական Հանդիպումներու Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հետ Գործակցելու Աշխուժացումը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ինայա Իզզէտտինի, Ալի Ամմարի, Սելիմ Սայէղի, Ալի Օսէյրանի, Ատնան Թրապուլսիի, Նաամաթ Աֆրամի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Հասան Իզզէտտինի, Էլիաս Խուրիի, Նասեր Ժապերի, Միշել Տուէյհիի, Միշել Մըրի եւ...

«ՀՅԴ Ծրագրի Եւ Գաղափարաբանութեան Հարցեր» Նիւթով Խորհրդաժողով Փասատինայի Մէջ

«ՀՅԴ Ծրագրի Եւ Գաղափարաբանութեան Հարցեր» Նիւթով Խորհրդաժողով Փասատինայի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Միացեալ Նահանգներ «ՀՅԴ Ծրագրի Եւ Գաղափարաբանութեան Հարցեր» Նիւթով Խորհրդաժողով Փասատինայի Մէջ Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէին, շաբաթ, 18 յունիս 2022-ին տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդաժողով` ՀՅԴ ծրագրի եւ գաղափարախօսութեան զոյգ նիւթերու շուրջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Շանթ» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ  Դանիէլ Օհանեան: Ան խօսեցաւ վերոյիշեալ նիւթերու այժմէականութեան մասին, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան զրուցավար Լալէ...

Վանեցեան Հրաժարեցաւ Պատգամաւորի  Իր Պաշտօնէն Եւ Դադրեցուց ՀՀԿ-ի Հետ  Ձեւաւորուած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը

Վանեցեան Հրաժարեցաւ Պատգամաւորի Իր Պաշտօնէն Եւ Դադրեցուց ՀՀԿ-ի Հետ Ձեւաւորուած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան 21 յունիսին դիմում ներկայացուց` հրաժարելու Ազգային ժողովէն, նաեւ` «Հայրենիք» կուսակցութեան որոշումով` դադրեցաւ գոյութիւն ունենալ ՀՀԿ-ի հետ ձեւաւորած «Պատիւ ունեմ» դաշինքը: Ան այս մասին գրեց Դիմատետրի իր էջին վրայ: «Այսօր օրէնքով սահմանուած կարգով դիմում ներկայացուցած եմ պատգամաւորական իրաւագիրէս զիջելու վերաբերեալ: Ձեզմէ շատերուն համար իմ այս որոշումս անակնկալ չէ. ես քանի մը անգամ...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի  Նախագահը Հրաւիրած Է  Աշխատանքային Խորհրդակցութեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Հրաւիրած Է Աշխատանքային Խորհրդակցութեան

21 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն: Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է օրերս Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները: Այցելութեան շրջագիծին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպումներ ունեցած է հայ համայնքի համանախագահներու, ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Արցախ-Ֆրանսա բարեկամական շրջանակի...

Կոչ

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առիթով

Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ըստ օրինի կատարուեցան երկու փուլով, աւարտեցան կիրակի, 19 յունիսին: Ֆրանսայի Հայ դատի բարեկամ թեկնածուները, որոնք կը վայելէին ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը, մեծաւ մասամբ արձանագրեցին յաջողութիւն, մինչ թրքամէտ եւ ազերիամէտ համարեա բոլոր թեկնածուները, որոնց դէմ զուգահեռաբար հակաքարոզչական կազմակերպուած աշխատանք տարուած էր, կրեցին ծանր պարտութիւն: Նշենք, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մաս կը կազմեն...

Սուրիոյ Վրայով Եգիպտական Կազ Ստանալու  Վերջնական Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ.  4 Ժամ Յաւելեալ Ելեկտրականութիւն

Սուրիոյ Վրայով Եգիպտական Կազ Ստանալու Վերջնական Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ. 4 Ժամ Յաւելեալ Ելեկտրականութիւն

Երէկ կէսօրին ուժանիւթի նախարարութեան մէջ կատարուեցաւ Լիբանանի` Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրին ստորագրութիւնը: Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս համաձայնագիրին շնորհիւ Լիբանան հասնելիք եգիպտական կազը Սուրիոյ վրայով պիտի հասնի Տէյր Աամարի ելեկտրակայան: Ան հաստատեց, որ այս համաձայնագիրը կարելի չէր ըլլար ստորագրել, եթէ Եգիպտոս ուղղակի համաձայնութիւն տուած...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Լուսաբանական Եւ Յիշեցման Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դարձեալ կը դիմէ շրջանի ընտանիքներուն եւ բնակիչներուն` անոնց յիշեցնելու համար հետեւեալը. - Մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր, պետութեան իրերայաջորդ կառավարութեանց որոշումով, շրջանի աղբակոյտերու հաւաքումն ու փողոցներու մաքրութիւնը ստանձնած են Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին հետ պայմանագրուած մասնագիտացած ընկերութիւններ: - Պուրճ Համուտի եւ մերձակայ քաղաքապետութեանց պարագային, նշեալ ընկերութիւնը «Ռամքօ» հաստատութիւնն էր, որ արտակարգ պայմաններու բերումով հարկադրաբար քանի մը ամիսներ...

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի  «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Գրասենեակ,  Ոստիկանութեան Եւ Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքեր

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Գրասենեակ, Ոստիկանութեան Եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքեր

«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները երէկ, 20 յունիսին շտապ հաւաք կազմակերպած են Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ապա երթով շարժած դէպի «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի գրասենեակ, Ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքեր: Հաւաքին շարժառիթը նախանցեալ օրուան երեկոյեան Ապարանի Նիգաւան համայնքին մէջ արիւնալի դէպքն էր, որուն հետեւանքով 4 անձ մահացած է: Երթին մասնակիցները բարձրացուցած էին «Նիկոլիզմի զոհ ենք բոլորս», «Նիկոլ= ՄԱՀ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ: «Դիմադրութեան» շարժման...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. «Ստեղծուած Իրավիճակէն Միակ Ելքը Օրուան Իշխանութիւններու Անյապաղ Հեռացումն Է»

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն դատական խորհրդի` լիազօրութիւնները կասեցուած նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը հրապարակել է ձայնագրութիւն, որի արժանահաւատութիւնը կասկածի տակ չի դրել կողմերից եւ ոչ մէկը: Ձայնագրութիւնը պարունակում է յանցանքի ակնյայտ տարրերի, Սահմանադրական դատարանի կազմի նկատմամբ ապօրինի միջամտութեան համեմատականներ, քրէական գործերին միջամտութիւնների եւ յստակ պահանջների չկատարման դէպքում սպառնալիքների փաստեր: Այդ հանգամանքները պէտք...

Վարչապետի Նշանակման  Խորհրդակցութիւններուն  Սեմին Տագնապները Կը Սաստկանան

Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններուն Սեմին Տագնապները Կը Սաստկանան

Թէեւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն թուականը կը մօտենայ, սակայն տագնապները կը սաստկանան եւ կը շարունակեն խեղդել քաղաքացիները: Ջուրի տագնապ, ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւն, հացի տագնապ, վառելանիւթի շինծու տագնապ եւ տագնապներու երկար շարք մը, որոնք ուշ գիշերին ամբողջացան Պէյրութի վերեւ իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներով: Սակայն երկրին մէջ ամէն բան կը թուի բնականոն ըլլալ` նկատի ունենալով, որ օրական դրութեամբ տասնեակ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցելուները

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցելուները

Համազգայինի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները Շաբաթ, 18 յունիս 2022-ի առաւօտեան, Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս  Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ: Հանդիպումը առիթ եղաւ վեհափառ հօր հետ խորհրդակցելու հայ կրթութեան ու մշակոյթին առնչուող առկայ խնդիրներուն մասին, որոնց վրայ կեդրոնացած էր վերջերս Հայաստանի մէջ գումարուած Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Վեհափառ հայրը...

Ակնարկ.    Արեւելեան Միջերկրականն  Ու Աշխարհաքաղաքական Գործընթացները

Ակնարկ. Արեւելեան Միջերկրականն Ու Աշխարհաքաղաքական Գործընթացները

Միջազգային, տարածաշրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւններու քաղաքական ընթերցումը որոշ զուգահեռներ եւ կապեր կը նկատէ տարբեր մակարդակներու վրայ: Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուականի ճշդումը  այս պարագային պարզ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումի փուլ չէ: Կը թուի, որ համոզիչ է գործող վարչապետին նշանակումը: Այս ինքնին կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն համալիբանանեան ընդհանուր համախոհութիւն, այլ նաեւ առնչուած պետութիւններու  ընդհանուր համաձայնութիւն վարչապետի անձին շուրջ: Վարչապետին հիմնական գործառոյթն ու առաքելութիւնը...

«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ  Համապետական Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը

«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ Համապետական Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը

Շաբաթ, 18 յունիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման համապետական բազմամարդ հանրահաւաքը: Ելոյթներ ունեցան ընդդիմադիր պատգամաւորներ Տիգրան Աբրահամեանը, Թադեւոս Աւետիսեանը, Աննա Գրիգորեանը, Արամ Վարդեւանեանը, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Արտակ Զաքարեանը: Ընդդիմադիր գործիչները իրենց խօսքերուն մէջ հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը, ներկայացուցին նոր տիպի պետութեան կառուցման իրենց տեսլականը: Անոնք նշեցին այն առաջնահերթութիւնները եւ ընելիքները, որոնք անհրաժեշտ են ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու...

Վարդենիսի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն  Ժամկէտային Զինուոր Մը Զոհուած Է

Վարդենիսի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն Ժամկէտային Զինուոր Մը Զոհուած Է

Շաբաթ, 18 յունիսի ուշ երեկոյեան հայ-ազրպէյճանական սահմանային գօտիի Վարդենիսի հատուածին մէջ թշնամիի կրակոցէն ժամկէտային զինուոր մը զոհուած է: Տեղեկութիւնը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Վարդենիսի աւագանիի «Միասնական Վարդենիս» դաշինքի անդամ Դաւիթ Շահնազարեան: Այս պահուն իրավիճակը հանգիստ է: Յիշեցնենք, որ տակաւին անցած տարուան մայիս ամիսէն թշնամիին զօրքը ներխուժած է Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզեր, դիրքաւորուած ռազմավարական նշանակութեան բարձունքներու վրայ: Ըստ «Նիուզ»-ին,...

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ  Պենզինի Տագնապին Չգոյութիւնը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Պենզինի Տագնապին Չգոյութիւնը

Շաբաթավերջին պենզինի կայարանները դարձեալ որոշեցին փակել իրենց դռները եւ լիբանանցին ենթարկել յաւելեալ խայտառակութեան: Այս պատճառով պենզինի սպասող քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներով վերստին հերթ բռնեցին` կաթիլ մը պենզին ստանալու նպատակով: Ըստ պատասխանատուներուն, Լիբանան վառելանիւթ բերող նաւը ուշացած է զայն յանձնել վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններուն, պատճառ մը, որուն մասին յայտարարեց վառելանիւթ ցրուողներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա: Ան նշեց, որ շաբաթասկիզբին կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթի...

Իրանի Կրօններու Ու Մշակոյթներու  Երկխօսութեան Կեդրոնի  Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մէջ

Իրանի Կրօններու Ու Մշակոյթներու Երկխօսութեան Կեդրոնի Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մէջ

Ուրբաթ, 17 յունիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Սայետ Մոհամետ Ռիտա Մուրթատաուիի: Ներկայացուցիչը վեհափառին յանձնեց յիշեալ կեդրոնի նոր նշանակուած ընդհանուր տնօրէնին` Մոհամետ Մեհտի Իմնիբուրի նամակը: Նամակին մէջ տնօրէնը կը շեշտէ ահաւոր տագնապներ դիմագրաւող ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ` արեւմտեան ընկերութեան մէջ հակաիսլամական շարժումները կասեցնելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը իր...

Եւրոպական Աւելի Քան 90 Կազմակերպութիւններու  Նամակը Շարլ Միշելին` Արցախի Հարցով  Անոր Միջնորդութեան Վերաբերեալ

Եւրոպական Աւելի Քան 90 Կազմակերպութիւններու Նամակը Շարլ Միշելին` Արցախի Հարցով Անոր Միջնորդութեան Վերաբերեալ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 16 յունիսին եւրոպական 91 կազմակերպութիւններ, որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ, նամակ յղեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին` յայտնելով իրենց խոր դժգոհութիւնը անոր վերջին յայտարարութեան գծով, որ հրապարակուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 22 մայիս 2022-ի եռակողմանի հանդիպումէն ետք: ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական...

Page 297 of 797 1 … 296 297 298 … 797

Արխիւներ