Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրակլի Ղարիպաշվիլի. «Հայաստանի Եւ Վրաստանի Յարաբերութիւնները Շրջանի Բարեկեցութեան Եւ Անվտանգութեան Նախապայման Են»

August 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 օգոստոս 2022-ին կատարուեցաւ հայ-վրացական բարեկամութեան կամուրջի բացումը, որուն ընթացքին Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ «այս կամուրջը կը հզօրացնէ մեզ, մեր երկիրները, ամբողջ շրջանը»` աւելցնելով, թէ անիկա երկու երկիրներու գործակցութեան դրսեւորումն է եւ բարեկամական կապերու յաջողութեան մարմնաւորումը:

Ղարիպաշվիլի աւելցուց, որ կամուրջը ձեռք կը բերէ նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն` իբրեւ արեւելք-արեւմուտք միջազգային ուղիի նշանակալի մաս:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ համոզում յայտնեց, որ այսօր առկայ են բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները` «խորացնելու յարաբերութիւնները եղբայրական Վրաստանի հետ»:

Անդրադառնալով հայ-վրացական առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններուն` Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, 97 առ հարիւր առեւտրական շրջանառութեան աճ արձանագրուած է:

Հայ-վրացական սահմանին` Բագրատաշէնի հատուածին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի առանձնազրոյցը, որուն ընթացքին անոնք կարեւոր նկատեցին կամուրջի գործարկումը եւ ընդգծեցին անոր դերը երկկողմանի փոխադրութեան հոսքերը առաւել դիւրին դարձնելու առումով:

Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն ղեկավարները նշեցին, որ բարձրաստիճան կապերը կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին մասին:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային հարցեր, միտքեր փոխանակեցին շրջանային զարգացումներուն շուրջ: Երկուստեք վերահաստատեցին բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու եւ աշխուժ երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

Իրակլի Ղարիպաշվիլի ըսած է, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները շրջանի բարեկեցութեան եւ անվտանգութեան նախապայման են:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարն Ու Ազրպէյճանի Նախագահի Օգնականը Հանդիպում Ունեցան Պրիւքսելի Մէջ

Յաջորդը

ՄԻԵԴ-ը Անդրադարձաւ Բերձոր Եւ Աղաւնոյ Համայնքներու Բնակչութեան Տեղահանման

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.