Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը` գործակցութեամբ Միջազգային կարմիր խաչին, կը հետեւի լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանի հարցին:
Վ. Իւլճեքեան 10 նոյեմբեր 2020-ին Շուշիի մէջ ձերբակալուեցաւ ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Թեհրանի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը վերջերս պաշտօնական գիրով մը խնդրած էր ազրպէյճանական իշխանութիւններէն արտօնել, որ Վ. Իւլճեքեանին այցելութիւն մը կատարուի` Ազրպէյճանի անոր արգելարանին մէջ:
Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պաշտօնական արտօնութիւն ստանալու` կատարելու համար այդ այցելութիւնը:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անձամբ կը հետապնդէ այս հարցը եւ ուղղակի կապուած է նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ` հրապարակելու համար տուեալ տեղեկութիւնները բովանդակող հաղորդագրութիւնը:
Նշենք, որ Վ. Իւլճեքեան 2015 թուականին ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ 2019-ին տեղափոխուած Հայաստան, ուր սկիզբը հաստատուած է Երեւանի մէջ, ապա` Շուշիի: 10 նոյեմբեր 2020-ին ազրպէյճանցի զինուորները զինք եւ Մարալ Նաճարեանը ձերբակալած էին:


