17 օգոստոս 2022-ին Քանատայի Հայ դատի շրջանային յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Քանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Փիեռ Փոլիեվրը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը եւ Քանատայի Վերին պալատի պատգամաւոր ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսը:
Հանդիպումի ընթացքին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մհեր Գարագաշեան ներկայացուց քանատահայ համայնքը շահագրգռող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի առնչուող առաջնահերթութիւններ: Իր կարգին, Փիեռ Փոլիեվր ներկայացուց իբրեւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու քաղաքական իր ուղեգիծն ու ծրագիրները: