Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Միջին Արեւելեան Երկիրներու Խորհրդարաններու Անդամներուն Հետ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Միջին Արեւելեան Երկիրներու Խորհրդարաններու Անդամներուն Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի խորհրդարաններու անդամներ Յակոբ Բագրատունիի, Ժիրայր Ռէիսեանի եւ Արա Շահվերդեանի հետ: Խորհրդակցական այս հանդիպումին առանցքը  կազմեցին միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ շրջանի քաղաքական գործընթացները: Խորհրդակցութիւնը կը ներառէր հայաստանեան խնդիրները, Արցախի կացութիւնը եւ սփիւռքի մէջ հայկական գործօնի դերակատարութեան հետ կապուած հարցերը:

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ.  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 2 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Քասլիքի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին (Երկու տարի առաջ համավարակին եւ այլ դժուարութեանց պատճառով կարելի չէր եղած նշել վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակը, անիկա նշուեցաւ այս տարի) նուիրուած ձեռնարկ` ներկայութեան Լիբանանի եւ սփիւռքի տարածքին գտնուող թեմերու առաջնորդներու, նախկին եւ ներկայ...

Հայրապետական Մաղթանքով Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 27-ամեակը

Հայրապետական Մաղթանքով Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 27-ամեակը

Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 27-ամեակը: Այս առիթով, կիրակի, 3 յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. խորանէն ընթերցեցին աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ` գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիրի Աւարտ.   «Ապագայ Լրագրող»-ներու Երկրորդ Սերունդը Իր Ծրագիրը Աւարտեց  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան Այցելութեամբ

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիրի Աւարտ. «Ապագայ Լրագրող»-ներու Երկրորդ Սերունդը Իր Ծրագիրը Աւարտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան Այցելութեամբ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, ընթացքի մէջ եղող լրագրութեան վարժողական ծրագիրը աւարտեցաւ շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին, «Ապագայ լրագրող»-ներուն «Կիլիկիա» թանգարան այցելութեամբ: «Ապագայ լրագրող»-ներու երկրորդ սերունդը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր ծանօթացաւ հայ եկեղեցւոյ մասունքներուն, ծիսական զգեստներուն, ձեռագիրներուն, խաչքարերուն, հայկական հին դրամներուն, տպագիր գիրքերուն, գորգերուն եւ կերպարուեստին: Թանգարանի քարտուղար Հեղինէ Արամեան ներկայացուց այդտեղ գտնուող...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ձեռամբ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ  Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ձեռամբ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն

Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հայ եկեղեցին վերանորոգող եւ մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը` սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը, որ, աւանդութեան համաձայն, տեղի կ'ունենայ եօթը տարին անգամ մը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան անթիլիասական շրջանի տասներորդ միւռոնօրհնութիւնն է, որ կատարուեցաւ: Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած էին մասնակից դառնալու եւ դիտելու, թէ ինչպէ՛ս Կիլիկիոյ Ս. աթոռի սրբազնագոյն Արամ Ա. կաթողիկոսը`...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան  Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ ամերիկացի ժողովուրդը իր անկախութիւնը ձեռք ձգեց հիմնուելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, որ հետագային դարձաւ մէկը Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրի երեք սկզբունքներէն, որոնց հիմամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը փորձեն Արցախի հարցին խաղաղ եւ բանակցային լուծում...

Իշխան Սաղաթէլեանն ու Վահէ Յակոբեանը Հեռացուեցան Ազգային Ժողովի Իրենց Պաշտօններէն

Իշխան Սաղաթէլեանն ու Վահէ Յակոբեանը Հեռացուեցան Ազգային Ժողովի Իրենց Պաշտօններէն

Երէկ` 1 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ, Ազգային ժողովը Իշխան Սաղաթէլեանը հեռացուց իր փոխնախագահի պաշտօնէն եւ դադրեցուց Վահէ Յակոբեանի լիազօրութիւնները` Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի պաշտօնէն: Մինչ Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուէր ընդդիմադիրները` պաշտօնէն հեռացնելու հարցը, «Դիմադրութիւն» շարժումը բողոքի ցոյց կատարեց Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ: 107 պատգամաւորներէն քուէարկութիւններուն...

Հայաստան Եւ Թուրքիա Համաձայնեցան Երրորդ Երկիրներու Քաղաքացիներու Համար Ցամաքային Սահմանի Հատման Կարելիութիւն Ապահովել

Հայաստան Եւ Թուրքիա Համաձայնեցան Երրորդ Երկիրներու Քաղաքացիներու Համար Ցամաքային Սահմանի Հատման Կարելիութիւն Ապահովել

Երէկ` ուրբաթ, 1 յուլիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի չորրորդ հանդիպումը: Երեւան եւ Անգարա պայմանաւորուեցան կարելի ամէնէն սեղմ ժամանակաշրջանին Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութիւն ապահովել` համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, եւ որոշեցին այդ գծով անհրաժեշտ գործընթացներու սկսիլ: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` կողմերը...

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Նոր Կազմի Անոր Պատկերացումը

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Նոր Կազմի Անոր Պատկերացումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Աւելի ուշ նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի քննարկած են վերջինիս ներկայացուցած կառավարութեան նոր կազմին վերաբերող մանրամասնութիւններ եւ առաջարկներ: Անոնք համաձայնած են այլ հանդիպում...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ կարգ մը գաղութներու առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք շարք մը ծրագիրներ:

Յարութիւնեան. «Աղաւնոյի Համար Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ»

Յարութիւնեան. «Աղաւնոյի Համար Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ»

Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի խորհրդարանին մէջ 30 յունիսին ներկայացուց 2021-ին կատարած աշխատանքները եւ պատասխանեց պատգամաւորներուն հարցումներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին Աղաւնոյ շրջանի ճակատագիրին եւ նոր ճամբաներու կառուցումով ստեղծուելիք նոր կացութեան: Ան վստահեցուց, որ Լաչինի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին համար պիտի շարունակեն պայքարիլ: Վարչապետ Փաշինեան երեք օր առաջ յայտարարեց, որ Բերձոր-Լաչինը շրջանցող նոր ճամբու շահագործման սկսելէ ետք ԼՂԻՄ-ի սահմանէն դուրս գտնուող գիւղերը`...

Բագրատունի Ընդունեց Իան Քիւպիչը

Բագրատունի Ընդունեց Իան Քիւպիչը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ տեղական զանազան խնդիրներ: Քիւպիչ Լիբանանէն ետք նոյն պաշտօնով նաեւ գործեց Լիպիոյ մէջ: Քիւպիչ իր գնահատումները կատարեց Միջինարեւելեան անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:  

Քաթար Լիբանանեան Բանակին 60 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ

Քաթար Լիբանանեան Բանակին 60 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ ընդունի վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ պիտի շարունակէ քննարկել անոր ներկայացուցած կառավարութեան կազմի պատկերացումը: Միւս կողմէ, Քաթարի պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի ցուցմունքներուն համաձայն, Քաթարի պետութիւնը լիբանանեան բանակին որոշած է 60 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել:...

«Արցախը Այսօր» Խորագիրով Զեկուցական Հանդիպում

«Արցախը Այսօր» Խորագիրով Զեկուցական Հանդիպում

Երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախը այսօր» ձեռնարկը: Յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքէրեան, որ անդրադարձաւ նախորդ ամիսներուն ընթացքին յանձնախումբին կազմակերպած աշխատանքներուն եւ անոնց նպատակին: Յանձնախումբի խօսքէն ետք զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, որ ներկայացուց Արցախի...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Երեքշաբթի, 28 յունիս 2022-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի «Բագին»-ի գրասենեակ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամներու հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն: Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի տարբեր շրջաններու գործունէութեան եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու ու մտահոգութիւններու փոխանակում: Այս գծով անհրաժեշտ նկատուեցաւ Համազգայինի կառոյցներ ստեղծելու...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Բերձորը Յանձնելով` Թշնամին Կը Յայտնուի Տեղ Գիւղի Սահմանին, Ուր Առաջնագիծ Չկայ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Բերձորը Յանձնելով` Թշնամին Կը Յայտնուի Տեղ Գիւղի Սահմանին, Ուր Առաջնագիծ Չկայ»

9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ յստակացում չկայ, որ Բերձոր եւ Աղաւնօ բնակավայրերը պէտք է յանձնուին Ազրպէյճանին, այնտեղ գրուած է, որ երեք տարուան ընթացքին կողմերու համաձայնութեան պարագային պէտք է հաստատուի այլընտրանքային երթուղիի նախագիծը, սակայն Ազրպէյճանը կը շտապէ, քանի որ կը վախնայ, որ Հայաստանի մէջ իր գործընկերը կորսնցելէ ետք իր հայադաւ ծրագիրները չկարենայ աւարտին հասցնել: «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է...

Աննա Վարդապետեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազ

Աննա Վարդապետեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազ

Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Աննա Վարդապետեանը ընտրեց Հայաստանի ընդհանուր դատախազ: Զայն առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Ազգային ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 70 պատգամաւորներ, որոնք բոլորն ալ թեր քուէարկեցին: Ընդհանուր դատախազի ընտրութեան հարցի քննարկման ու քուէարկութեան ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները չմասնակցեցան: Ընդհանուր դատախազը իր պաշտօնը կը ստանձնէ Ազգային ժողովի նիստին տրուած երդումով, որ տեղի պիտի ունենայ 15 սեպտեմբերին:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Նոր Համանախագահը Լորա Հոչլան Է

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Նոր Համանախագահը Լորա Հոչլան Է

Միացեալ Նահանգներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր համանախագահ ունի: «Ինչպէս պաշտօնապէս առնչակից բոլոր կողմերուն տեղեկացուցած ենք, ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը Կովկասի եւ շրջանային տագնապներու հարցերով գրասենեակի տնօրէն Լորա Հաչլան է», «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 28 յունիսին յայտնած էր, որ նոր համանախագահը զրուցած է միւս համանախագահներուն հետ` քննարկելու  Լեռնային Ղարաբաղի...

Վարչապետ Միքաթի Կառավարութեան Կազմի Իր Պատկերացումը Յանձնեց Նախագահ Աունի

Վարչապետ Միքաթի Կառավարութեան Կազմի Իր Պատկերացումը Յանձնեց Նախագահ Աունի

Լիբանան կը գտնուի նոր կառավարութեան մը կազմութեան սեմին: Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երեսփոխանական երկօրեայ ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք, երէկ առաւօտեան այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնեց նոր կառավարութեան կազմի իր պատկերացումը: Միքաթի, որ սպիտակ պահարան մը ձեռքին հասաւ Պաապտա, հոն գտնուող լրագրողներուն ցոյց տալով պահարանը ըսաւ. «Այս կը բովանդակէ կառավարութեան կազմը»: Հանդիպումին ընթացքին...

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ

Երէկ յետմիջօրէին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` տեսակցելու համար հայ կաթողիկէ համայնքի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Հոգեւոր տիրոջ հետ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները զրուցեցին հայաստանեան իրավիճակին, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերին եւ լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած խնդիրներուն մասին: Տարբեր ուղղութիւններու վրայ պարզուած այսօրուան դժուար պայմանները նկատի ունենալով զրուցակիցները...

Page 295 of 797 1 … 294 295 296 … 797

Արխիւներ