Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ շաբաթ օր բռնագրաւուած Շուշիի մէջ խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու ուղղութիւնները:
«Այս ամսուան վերջաւորութեան Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը: Մենք յոյսով ենք, որ այս հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն պիտի գոյանայ կազմակերպելու աշխատանքային խումբ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի պատրաստութեան համար:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ, պիտի քննարկեն փոխադրամիջոցային կապի եւ սահմանազատման հարցերը», ըսած է ան:
Հաճիեւ կրկնած է Իլհամ Ալիեւի` ղարաբաղեան տագնապի «լուծուած ըլլալու» եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը շարունակելու «աննպատակայարմարութեան» թեզը:
«Այդ խումբը չկայ այնպէս, ինչպէս չկայ այն միջազգային խնդիրը, որ միջնորդներու կարիք կրնար ունենալ», ըսած է ան:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան ոչ մէկ ներդրում ունեցած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ, իսկ այդ երկիրներու դեսպանները, հակառակ բազմաթիւ հրաւէրներուն, անոր խօսքով, ցուցադրականօրէն կը հրաժարին այցելել Շուշի:
«Մենք ատիկա կ՛ընկալենք իբրեւ անյարգալից վերաբերմունք մեր տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ», ըսած է ան:


