ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութիւնը շնորհաւորած է Ֆիլիփ Ռիքըրը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ նշանակուելուն առիթով:
«Կը շնորհաւորենք Ֆիլիփ Ռիքըրը Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ նշանակուելուն համար», «Արմէնփրես»-ի համաձայն` ըսուած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած հրապարակման մէջ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է իբրեւ Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր խորհրդական: Ռիքըր այս պաշտօնին վրայ պիտի կատարէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի գործառոյթներն ու հանդէս պիտի գայ իբրեւ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան աւագ բանակցող: