Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն:
Զրուցակիցները անդրադարձած են 31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումին:
Կողմերը կարեւոր նկատած են երկխօսութեան շարունակականութիւնն ու յոյս յայտնած, որ բանակցութիւնները պիտի ըլլան արդիւնաւէտ:
Փաշինեան եւ Միշել նաեւ քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը երէկ հեռաձայնած է Ազրպէյճանի Ալիեւին:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ Եւրոպական Միութեան կազմակերպութեամբ այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման օրակարգային հարցերը:
Յայտնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Պրիւքսել: