Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սահմանուած կարգով պատասխանած է Ռուսիոյ դեսպանատան բողոքագիրին: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանը:
«Պատասխան-գիրի բովանդակութիւնը ներքին դիւանագիտական գրագրութեան մաս կը կազմէ եւ, ըստ այնմ, ատոր հրապարակումը ճիշդ չենք նկատեր», նշած է Յունանեան:
17 օգոստոսին հաղորդուեցաւ, որ Ռուսիոյ դեսպանատունը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիր յղած է` 14 օգոստոսին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի ծիրին մէջ մամուլին մէջ ռուսական կառոյցներուն հասցէին հնչած մեղադրանքներուն առնչութեամբ:


