15 սեպտեմբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը մնաց յարաբերաբար հանդարտ, օրուան ընթացքին էական միջադէպեր չարձանագրուեցան: Կացութիւնը հանդարտ էր նաեւ գիշերը:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ միջազգային հանրութեան ներգրաւուածութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ձեռք բերել զինադադարի պայմանաւորուածութիւն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ զինադադարի հարցով Հայաստանի բոլոր գործընկերները իրենց ներդրումը ունեցան, իսկ իրավիճակը ուղղելու առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգները:
Տարածքային կորուստներու վերաբերող օր մը առաջ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան գծով Սիմոնեան պարզաբանեց, որ այդ 10 քառակուսի քիլոմեթրը յստակ շրջանի չի վերաբերիր: «Հիմնական մարտերը եղած են դիրքերու շրջակայքին մէջ, յարձակումը եղած է դիրքերու ուղղութեամբ, դիրքերու մասով եղած է այդ փոփոխութիւնը: Տեղ եղած է, որ մեր կողմէ դիրքը ետ վերցուած է, տեղ եղած է, որ իրենք որոշակի յաջողութեան հասած են», նշեց Սիմոնեան:
Օրուան ընթացքին սահմանային շրջաններուն վերաբերող տարբեր մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հայկ Կոստանեան յայտնեց, որ փրկարար ծառայողները խումբով գացած են Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ գիւղի տարածք` դիեր վերադարձնելու, խումբին մէկ մասը վերադարձած է, իսկ փրկարար ծառայողներէն մէկուն հետ կապը կորսուած է: Ժամեր անց յայտարարուեցաւ, որ կարելի եղած է գտնել այդ ծառայողը, եւ ամէն ինչ բնական է:
Սիւնիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն Նորաւանի մօտակայքը հրդեհի բռնկման մասին տեղեկութիւն ստացուած է, դէպքի վայր գացած է փրկարարական ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն մէկը: Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է սահմանային դիտարկուող հատուածին մէջ, ուր գտնուած է զինուորի մը դիակը, զոր մօտեցուցած են զինուորական հիւանդատարին:
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան յայտնեց, որ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, նախնական տուեալներով, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ վնասուած են 192 բնակելի տուներ, որոնց 60-ը ամբողջութեամբ վնասուած է:
Այլ կարգի ենթակառուցուածքային խնդիրներ` ճամբաներու փլուզում, ջրամատակարարման խափանումներ չկան: Կան տարբեր խնդիրներ, որոնք ընթացքին շատ արագ կը լուծուին: Վաչէ Տէրտէրեան նշեց, որ երեք մարզերուն մէջ ալ ղեկավարութիւնը կը հետեւի իրավիճակին, կը համակարգէ աշխատանքները շուրջօրեայ դրութեամբ: Կարելիութեան պարագային ալ ամբողջական գոյքագրում պիտի կատարուի շատ արագ կերպով:
Ան վստահեցուց, որ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով տուժած իւրաքանչիւր քաղաքացի պիտի արժանանայ կառավարութեան ուշադրութեան:
«Արմէնփրես»-ի լրագրողին համաձայն, ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով Ջերմուկ քաղաքին մէջ վնասուած է երեք պանդոկ, մէկ առողջարան, ճոպանուղին, յարակից շէնքերէն մէկը եւ սրճարան, նաեւ` արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան շէնքը: Հրթիռ արձակուած է նաեւ Ջերմուկի առողջարանին եւ կազի խողովակին ուղղութեամբ:
Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կապի մէջ է 12-13 սեպտեմբերի գիշերը Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակման պատճառով ազրպէյճանական կողմը յայտնուած հայ գերիներու ընտանիքներուն հետ: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրի ղեկավար Զառա Ամատունին:
Անդրադառնալով 13 սեպտեմբերին զինուորներուն դիերը Հայաստանին վերադարձնելու պատրաստակամութեան մասին Ազրպէյճանի յայտարարութեան` Զառա Ամատունի ըսաւ, որ իրենք տեղեակ են այդ մասին: «Այս պահուն մենք այդ հարցերով երկխօսութեան մէջ ենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Երբ ըլլայ տեղեկութիւն, մենք արդէն կը կարենանք հաստատել», յայտնեց ան:


