13 սեպտեմբերէն 14 լուսցող գիշերը հայ-ազրպէյճանական սահմանին կացութիւնը մնաց լարուած: Մասնաւորաբար Ջերմուկի ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկեց հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, թշնամին, կիրարկելով հրետանային միջոցներ, ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, վերսկսաւ նախայարձակ գործողութիւններու, մասնաւորաբար Ջերմուկի եւ Վերին Շորժայի ուղղութիւններով: Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ձեռնարկեցին համարժէք պատասխան գործողութիւններու` շարունակելով լիարժէք կատարել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:
Փաստօրէն, Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը շարունակեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ յարձակումները` թիրախաւորելով թէ՛ ռազմական, եւ թէ՛ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտեց, որ ստեղծուած իրադրութեան եւ անոր հետագայ զարգացումներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Օրուան ընթացքին պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արամ Թորոսեան, որ վերջին անգամ լուրեր փոխանցեց Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 8:00-ին` յայտնելով, որ բոլոր ուղղութիւններով կրակը գրեթէ դադրած է, էական միջադէպեր չեն արձանագրուած: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ համացանցին մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնները` իբրեւ թէ հայկական որոշ բնակավայրեր անցած են ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, բացարձակ կեղծիք են:
Մինչ այդ Թորոսեան ըսաւ, որ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ի դրութեամբ իրավիճակը շատ լարուած էր, Սոթքէն մինչեւ Գորիս ռմբակոծումները շարունակուած են, յատկանշական է, որ հարուածներ հասան նաեւ մարտական գործողութիւններու գօտիին մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող Ռուսիոյ ապահովութեան ծառայութեան փոխադրամիջոցներուն:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ի դրութեամբ, ըստ բանբերին, իրադրութիւնը կը շարունակէր լարուած մնալ: Արդարեւ, ժամը 3:00-5:00 Սոթքէն մինչեւ Գորիս ամբողջ սահմանագիծով թշնամին շարունակած է անդադար հրթիռահրետանային հարուածները, որոնց ընթացքին թիրախաւորուած են նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, օգտագործուած են հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր:
Արամ Թորոսեան յիշեցուց, որ հայկական կողմի զոհերուն ցարդ հաստատուած թիւը 105 է, այդ մասին յայտարարեց վարչապետը, իսկ վիրաւորներուն թիւը տակաւին չէ ճշդուած:
Ջերմուկ քաղաքին մէջ ազրպէյճանական զինուժը կրակեց ինքնաշարժին վրայ քաղաքացիի մը, որ վիրաւորուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
Վարդենիս խոշորացուած համայնքի ղեկավար Ահարոն Խաչատրեան եւս տեղեկութիւններ տուաւ եւ ըսաւ, որ հակառակորդի ռմբակոծումներուն պատճառով Սոթքի մէջ 40-էն 50, Կութի մէջ 10-էն 12, Նորաբակի մէջ 5-էն 7 բնակարան վնասուած է, ներառեալ` Սոթքի համայնքապետարանը` աւելցնելով, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները վնասուած են կա՛մ լրիւ, կա՛մ մասնակի:
Ըստ անոր, կրակոցներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով քանի մը գիւղեր ծանր վնաս կրած են, բնակիչները տարհանուած են կամ տեղափոխուած ապաստանարաններ: Խաչատրեան յայտնեց, որ քաղաքացիներ ալ վիրաւորուած են:
Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն հաղորդեցին, որ Սոթք գիւղին վրայ ռմբակոծումին պատճառով բնակարան մը այրած է:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը միւս կողմէ կը շարունակէ փաստահաւաք աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերու ազրպէյճանական յարձակման ենթարկուող համայնքներուն մէջ: Անոր գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն եւ լուսանկարներ, ուր յստակ կը հաստատուի, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախաւորած են քաղաքացիական բնակչութիւնը:
Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հաւաքագրած տուեալներուն, քաղաքացիական վիրաւորներուն թիւը ցարդ 4 է: Ազրպէյճանական յարձակումներու սկիզբէն մինչ հաւաքագրման աշխատանքները, առնուազն 2570 անձեր տեղահանուած են իրենց տուներէն Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Նորաբակ, Կութ, Ազատ, Այրք, Տրետուք, Կուտակաւան, Սիւնիքի մարզի Ճակատէն, Շիկահող, Սրաշէն, Ներքին Հանդ, Աղիտու, Ակներ, Վերին Շէն համայնքներէն: Անոնց գերակշիռ մեծամասնութիւնը կիներ են, երեխաներ, տարեցներ, նաեւ` հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր:
Նշուած համայնքներուն երեխաները, բացի տեղահանման ու հոգեբանական դժուար իրավիճակէն, զրկուած են կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն:
Աւելի կանուխ պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ արձանագրուած էին շտապ օգնութեան հիւանդատարներու թիրախաւորման դէպքեր:
Պաշտպանի աշխատակազմը ստացուող ու վերլուծուող տուեալներն ու ապացոյցները` միջազգային իրաւական հիմնաւորումներով, գրաւոր կերպով կ՛ուղարկէ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ այլ դերակատարներու: