Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանցիները Վայրագութիւններ Կատարած Են Հայ Զինուորներուն, Նոյնիսկ Կիներուն Նկատմամբ

September 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 սեպտեմբերին Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ջերմուկ, ուր շրջագայեցան եւ ծանօթացան քանդումներուն, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ հայկական կողմին պատճառած վնասներուն:

Այս առիթով Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեան փաստերով անոնց ներկայացուց ռազմական գործողութիւններուն արդիւնքները, անոնց ընթացքին գործուած ոճիրները, նաեւ պատասխանեց դիւանագէտներուն հարցումներուն:

Ան հաստատեց, որ Հայաստանի տարածք ներխուժած ազրպէյճանական ուժերը վայրագութիւններ կատարած են, մասնատած են կին զինուորը, կտրած ոտքերը, մատները, մերկացուցած են զայն` աւելցնելով, որ այս բոլորին վկայութիւն կայ` տեսանիւթով: «Վայրագութիւններ իրագործած մեր մարտական դիրքերուն մէջ` մեր զինուորական ծառայողներուն, որոնց շարքին նոյնիսկ կին զինուորական ծառայողներու նկատմամբ», նշեց ան` դիտել տալով, որ այդ նկարները, տեսանիւթը բջիջային հեռաձայնին մէջ ունի, ըստ փափաքի, կրնայ ցուցադրել դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն:

Ընդհանուր հրամանատարը զգուշացուց, սակայն, որ այնտեղ կան այնպիսի վայրագութիւններ, որ մարդիկ նոյնիսկ չեն կրնար դիտել:

Դիւանագիտական ներկայացուցիչները խնդրեցին ներկայացնել, թէ յստակ ի՛նչ դաժանութիւններու դիմած են ազրպէյճանական ուժերը: Ան խոստացաւ զրոյցի աւարտէն ետք ցոյց տալ ապացոյց հանդիսացող տեսանիւթը: «Բառեր չեմ գտներ նկարագրելու, թէ ինչպէ՛ս անոնք մասնատած են կին զինուորական ծառայողը, կտրած են ոտքերը, մատները, մերկացուցած են. վայրագութեան վերջին աստիճանն է», շեշտեց Ասրեան:

Ան հաստատեց, որ ոչ մէկ պետութեան ռազմական ուժ, զօրք, ստորաբաժանում, զինուորական ծառայող իրաւունք ունի հակառակորդին նկատմամբ նմանատիպ վայրագութիւններու դիմել: Ատիկա միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է:

Էդուարդ Ասրեան ներկայացուց, թէ ո՛ր ուղղութիւններով Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները մխրճուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: «Ջերմուկի ուղղութեամբ հակառակորդի ներթափանցման խորութիւնը, ինչպէս նաեւ ճակատը կը կազմէ 8-8,5 քմ, միւս 5 ուղղութիւններու հակառակորդի ստորաբաժանումներուն յաջողութիւնները չեն կրնար համեմատուիլ Ջերմուկի ուղղութեամբ անոնց մխրճման խորութեան հետ: Ներքին Հանդի եւ Շորժայի ուղղութեամբ հակառակորդը մխրճուած է 1-1,5 քմ  խորութեամբ, Իշխանասարի ուղղութեամբ  0,5 քմ խորութեամբ մխրճուած են: Միւս հատուածներուն մէջ կրցած ենք հակառակորդը ետ շպրտել», նշեց ան:

Ասրեան յայտնեց, որ հայկական ուժերը մարտական դիրքեր կորսնցուցած են, ազրպէյճանցիները «մտած են պաշտպանութեան խորքը», սակայն ինչպէս Ջերմուկէն, այնպէս ալ այլ վայրերէն դուրս մղուած են որոշ տեղերէ: Այսուհանդերձ, նախկին 11-12 քիլոմեթրին փոխարէն, այժմ 4-4,5 քիլոմեթր հեռու են Ջերմուկէն:

Ասրեան շեշտեց սակայն, որ, այսուհանդերձ, ազրպէյճանական այդ ուժերը շրջափակուած են հայկական զինուած ուժերուն կողմէ:

Նախորդը

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Հազարաւոր Լիբանանահայեր Ազրպէյճանի Դէմ Իրենց Ցասումը Յայտնեցին Բողոքի Ցոյցով Մը. Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն»

RelatedPosts

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
Հայաստանի Ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ին.  «19 Հայ Գերիներու Հարցը  Մարդասիրական Հրատապ Խնդիր Է»
Հայկական

Հայաստանի Ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ին. «19 Հայ Գերիներու Հարցը Մարդասիրական Հրատապ Խնդիր Է»

October 7, 2026
Ռուսիա. «Երեւան Կ՛ուզէ Մոսկուայի Վրայ  Դնել Գիւմրիի Ռազմակայանի Դուրսբերման  Պատասխանատուութիւնը»
Հայկական

Ռուսիա. «Երեւան Կ՛ուզէ Մոսկուայի Վրայ Դնել Գիւմրիի Ռազմակայանի Դուրսբերման Պատասխանատուութիւնը»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.