Այս շաբաթ Քանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներ տեղի պիտի ունենան Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քանատայի համայնքներու պալատի անդամ Կառնեթ Ճենուիս:
«Քանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի պահպանողական անդամները կ՛աշխատին այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հետ` շտապ լսումներ հրաւիրելու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է երեսփոխանը:
Կառնեթ Ճենուիս իր գրառման կցած է մէկ այլ երեսփոխանի` Սթեֆան Պերժերոնի գրառումը, ըստ որուն, «Քեպեքի դաշինք» կուսակցութեան անդամներու նախաձեռնութեամբ եւ պահպանողականներու ու նոր դեմոկրատներու աջակցութեամբ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ «Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի փակման վերաբերեալ» քննարկում տեղի պիտի ունենայ: