Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 16 յունուարին Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցած է պատգամաւորներուն հետ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Երկրի ղեկավարը խօսած է աւելի քան մէկ ամիս տեւող շրջափակման հետեւանքներուն, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն ուղղուած ձեռնարկուող քայլերու մասին: Նախագահ Յարութիւնեանին համաձայն, այս պարունակին մէջ շատ կարեւոր է ներքին միասնականութեան պահպանումը` այդ գործին մէջ ընդգծելով խորհրդարանական ուժերուն կողմէ այս օրերուն իրականացուող միահամուռ աշխատանքը:
Անդրադառնալով վերջին օրերուն մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ Արցախի ներքաղաքական կեանքին վերաբերեալ բուռն քննարկումներուն` նախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ զերծ կը մնայ եղած շահարկումները մեկնաբանելէ, ընդամէնը կրնայ յստակ ըսել, որ Արցախի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ եւ կարելի չէ նման բան թոյլ տալ, քանի որ կայ յստակ գիտակցում, որ մեր հիմնական օրակարգը ծագած հրատապ խնդիրները յաղթահարելն է ու Արցախը այս իրավիճակէն դուրս բերելը: Այդ պարունակին մէջ ան շեշտադրած է, որ միայն շրջափակման յարուցած ճգնաժամի յաղթահարումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ ներքաղաքական հիմնախնդիրներու համակարգային լուծման հարցերուն:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան նաեւ պատասխանած է պատգամաւորները յուզող հարցերուն: