Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Սեպտեմբերեան Աղմուկէն» Մինչեւ «Պատժամիջոցներու Անպատեհ Առիթը»

January 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, քաղաքական պահի կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, ուշագրաւ դիտարկումներու եւ յիշեցումներու առիթ կու տայ:

Պաշտօնական Մոսկուան Զախարովայի ճամբով կը յայտարարէր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութեան նախագիծին մէջ ֆրանսացի հեղինակները անտեսած էին Ռուսիոյ առաջարկները: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ եղած են Մոսկուայի առաջարկները: Այստեղ սլաքը ուղղուած է Ֆրանսային, որ, ըստ Մոսկուայի, եղած է հիմնական պատճառը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խուրհուրդէն չբխի որեւէ յայտարարութիւն:

Խնդիրը ուրեմն  Արցախի հարցին շուրջ կամ աւելի մասնակի` Բերձորի միջանցքի վերաբացման առումով  անհամաձայնութիւն չէ, որքան միջազգային ընտանիք-Ռուսիա այսօրուան յարաբերութիւնը: Պարզ է, որ երեւոյթը կը վերաբերի արցախեան հարցի կամ աւելի լայն` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու միջնորդական հակամարտութեան:

Արձանագրենք, որ Պաքուն իր կտրուկ անհամաձայնութիւնը յայտնած էր պրիւքսելեան քառակողմ ձեւաչափի վերագործարկման` առարկելով, որ Փարիզ իրաւունք չունի մասնակցելու բանակցութիւններուն իբրեւ միջնորդ, որովհետեւ հակամարտութեան հարցին մէջ կողմ է յօգուտ Հայաստանին:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ դէմ կ՛արտայայտուէր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին եւրոպական դիտորդական առաքելութիւններուն, որոնք սահմանի հայաստանեան հատուած կը գործուղուէին:

Այս իրականութիւններուն քաղաքական ընկալումով կը բացատրուին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին ո՛չ միայն ժամանումը Երեւան, այլ նաեւ անոր կատարած յայտարարութիւններուն շեշտադրումային փոփոխութիւնները:

«Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը» կամ «չեմ կարծեր, որ պատեհ առիթ է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու, յայտարարութիւնները այդ մասին կը յուշեն: Ազգային ժողովի նախագահը ճիշդ է, որ յղում կատարած է նաեւ անցնող նոյեմբերին իր գլխաւորած օրէնսդիրին քուէարկած բանաձեւին. այսպէս

. «Սեպտեմբերեան իրադարձութիւնները աղմուկ հանեցին Ֆրանսայի մէջ, եւ Ազգային ժողովը արձագանգեց այդ աղմուկին: Մենք  բանաձեւ մը ընդունեցինք, որ կը  պահանջէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ յարձակողապաշտութեան դադրեցում եւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատում: Դիմեցինք նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան շարունակելու իր միջնորդական գործունէութիւնը, ամրապնդելու աջակցութիւնը Հայաստանին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ քննարկումներու գործընթացը վերահաստատել, որպէսզի վերջապէս մշակուի որոշակի լուծում»:

«Սեպտեմբերեան իրադաձութիւններու աղմուկը» ձեւակերպումը ըստ նոյեմբերեան բանաձեւին` «Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակումներ եւ բռնագրաւումներ» են: Որոնց շարունակութեան պարագային Ազգային ժողովը նոյն բանաձեւով կ՛առաջարկէր կառավարութեան` դիտարկել անհատական պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը: Փաստօրէն ազրպէյճանական զօրքերը չեն հեռացած հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն, այդուհանդերձ պատժամիջոցներ կիրարկելու պահը պատեհ չի գտներ Ազգային ժողովի նախագահը:

Տակաւի՛ն. այդ բանաձեւը կը խօսէր ռազմագերիներու վերադարձի անմիջական պահանջին, բայց մանաւանդ յղում կը կատարէր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 2020-ի թիւ 502 բանաձեւին, ուր կառավարութեան կ՛առաջարկէր ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Հիմա, այստեղ առանց այդ բանաձեւերու յիշեցումներուն օրէնսդիրի ղեկավարը կը հաստատէ, որ Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը:

Այս բոլորը գուցէ նկատուին օրինաչափ քաղաքական մտածողութեամբ: Կարելի է տարանջատել անշուշտ օրէնսդիրն ու գործադիրը եւ ընդգծել, որ օրէնսդիրի եւ գործադիրի միջեւ էական կ՛ըլլան դիրքորոշումներու տարբերութիւնները:

Խնդիրը ֆրանսական դիրքորոշումները հայկական հիմնահարցերու յարաբերակցութեամբ չդիտարկելն է` Ընկալելը, որ Փարիզը, որ աշխուժ դիւանագիտական աշխատանք կը փորձէ տանիլ շրջանին մէջ կ՛առաջադրէ դիրքաւորուիլ միջնորդական առաքելութեան մէջ: Իսկ միջնորդութիւնը` հաւասար հեռաւորութիւն պահելու խաղի կանոններուն կ՛ենթարկուի: Այս հանգամանքները նկատելով է, որ պէտք է դիտարկել Ֆրանսայի օրէնսդիրին մերձեցումը գործադիրի դիրքորոշումներուն եւ ճիշդ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Ազգային ժողովի նախագահը կ՛ըսէ, թէ Ֆրանսան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը կամ թէ ինչո՛ւ հիմա պատեհ առիթ չէ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցային քաղաքականութիւն կիրարկելու:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.