Ֆրանսայի նպատակն է գործել` ի նպաստ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթի, միջազգային ընտանիքը միաւորել` ի շահ խաղաղ լուծման, որ պէտք է ներառէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պահպանումը: Բացի ատկէ, Ֆրանսան կարեւոր կը նկատէ իրականացումը այն քայլերուն, որոնք պիտի յանգեցնեն խաղաղութեան հաստատման, մասնաւորաբար Լաչինի միջանցքի բացումը, Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակումը: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եայէլ Պրոն-Փիվէն, որուն գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերջերս Երեւան էր:
«Ես այստեղ եկած եմ խորհրդարանական պատուիրակութեամբ, որպէսզի անցեալ տարուան նոյեմբերին մեր որդեգրած բանաձեւէն ետք վերահաստատենք մեր համերաշխութիւնն ու եղբայրութիւնը Հայաստանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին հետ: Ֆրանսան խստօրէն դատապարտած է Լաչինի միջանցքի փակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումները: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ երկու անգամ նախաձեռնած է Հայաստանի այս կացութեան հարցի քննարկման:
«Անցեալ տարուան հոկտեմբերին անոր նախաձեռնութեամբ Փրակայի մէջ տեղի ունեցած է քառակողմ հանդիպումը, որուն հիմամբ որոշակի համաձայնութիւն ձեռք բերուած է: Այսինքն` Ֆրանսայի ջանքերը ո՛չ միայն մեր յայտարարած, մեր ցուցաբերած համերաշխութեամբ կը սահմանափակուին, այլ նաեւ միջազգային բարձրագոյն մակարդակով շատ շօշափելի քայլերով, որոնց նպատակն է այս շրջանին մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը: 6 հոկտեմբերին, Փրակայի մէջ կայացած այս հանդիպումին արդիւնքներէն մէկն է նաեւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբի Հայաստանի սահմանի երկայնքին տեղակայումը, որ թոյլ տուաւ մեղմացնելու լարուածութիւնը:
«Կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութեան հետ պէտք է շարունակել այս ուղղութեամբ ջանքերը: Այդ առումով, մենք չենք հասկնար Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի քննադատութիւնը, որովհետեւ Ֆրանսան միշտ ցանկացած է գործել` ի նպաստ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթի, ի նպաստ անոր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը կայունանայ, Հարաւային Կովկասը դառնայ կայուն շրջան: Եւ կը կարծենք, որ Ազրպէյճանը նոյնպէս կը կիսէ խաղաղութեան հաստատման այս նպատակը, ուստի պէտք է իրականացնել այն քայլերը, որոնք պիտի բերեն այդ խաղաղութեան հաստատման, մասնաւորաբար` բանալ Լաչինի միջանցքը եւ ազատել պատերազմական գերիները, որոնք տակաւին կը պահուին Ազրպէյճանի մէջ: Մենք միշտ պատրաստ ենք քննարկելու բոլոր կողմերուն հետ, որովհետեւ կը կարծենք, որ միայն խաղաղութիւնը կրնայ շրջանին մէջ ապահովել շարունակական կայունութիւն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախորդ տարեվերջին որդեգրած Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւէն ետք ի՞նչ գործնական քայլեր կարելի է ակնկալել Ֆրանսայի կառավարութենէն, Փիվէ ըսած է. «Ազգային ժողովի դիրքորոշումը իսկապէս անկախ դիրքորոշում է: Անիկա կը ներկայացնէ երեսփոխաններու դիրքորոշումը: Եւ նոյնիսկ, եթէ անիկա միաձայնութեամբ որդեգրուած է, բայց եւ այնպէս կառավարութեան համար պարտաւորեցնող չէ: Եւ կառավարութիւնը կրնայ իր պատկերացումները ունենալ ու ամբողջութեամբ չկիսել այն ամէնը, ինչ որ նշուած է բանաձեւին մէջ:
«Բնականաբար մեր եւ կառավարութեան նպատակները նոյնն են, եթէ նոյնիսկ եղանակները տարբեր ըլլան: Մենք նախ եւ առաջ կը շարունակենք կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը, որպէսզի հասնինք միացեալ համաձայնութեան, սակայն նպատակները մէկ են` շրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան հաստատման այն միջոցներով, որ մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ եւ հաշուի առնելով այն տեղն ու դերը, որ մենք ունինք: Սակայն, ինչպէս գիտէք, Ֆրանսան կը գործէ շատ տարբեր հարթակներու վրայ` ըլլան երկկողմանի յարաբերութիւնները, բազմակողմ յարաբերութիւնները եւրոպական հարթակներուն վրայ: Եւ նպատակն է միջազգային համայնքը, միջազգային ընտանիքը միաւորել` ի շահ այս հարցի խաղաղ լուծման: Եւ այդ լուծումը, բնականաբար, պէտք է ներառէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը, պահպանումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պահպանումը»: