6 փետրուարին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան այցելած է Իսրայէլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորով եւ հանդիպում ունեցած է պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան աբղյ. Գոգչեան:
Հանդիպումի ընթացքին Նուրհան սրբազանը խնդրած է, որ դեսպանը իր խնդրանքը ներկայացնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի անոր անմիջական միջնորդութեամբ կարելի եղածին չափ շուտ բացուի Բերձորի միջանցքը, եւ Ազրպէյճանէն մայր հայրենիք վերադարձուին հայ պատերազմական գերիները: