Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական, Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)

Փետրուար 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդին եւ գրասենեակին, 6 փետրուար 2023-ին Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համագումարին:

Տարբեր տարածաշրջաններէ (14 երկիրներէ) համագումարին կը մասնակցին ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան 33 միութիւններէ 58 անդամներ (Հայաստան, Արցախ (հեռակայ), Սուրիա, Լիբանան, Իրան (Թեհրան, Նոր Ջուղա), Քանատա, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Աւստրալիա…):

Հնգօրեայ տեւողութեամբ ընթացող համագումարը պիտի լսէ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացումները` տարածաշրջանի եւ համազգային վիճակին, Հայաստանի ներքին քաղաքական կացութեան ու Արցախի իրավիճակին մասին, այս հարցերուն գծով ՀՅԴ-ի ունեցած դերակատարութեան առնչութեամբ, նաեւ հայութեան համար «Ազգ-բանակ» գաղափարախօսութեան կարեւորութեան շուրջ:

Համագումարի նպատակներն են.

ա.- Քննել ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու ռազմավարական նպատակներն ու ծրագիրները, արժեւորել անոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ ի հարկին բարեփոխումներ կատարել:

բ.- Նոր թափ հաղորդել Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի ու Սիւնիքի նկատմամբ կատարուող աշխատանքներուն, համահայկական ներուժը ուղղել դէպի այս ռազմավարական շրջանները` մշակելով արդիւնաւէտ ծրագիրներ:

գ.- Ծայրայեղ անհատապաշտութեան եւ անձնական բարօրութեան փնտռտուքի ընդհանուր մթնոլորտի պայմաններուն մէջ համագումարի ընթացքին յատուկ շեշտ պիտի դրուի ազգային գաղափարաբանութեան հաւատարիմ, քաղաքականացած, յեղափոխական եւ մարտունակ երիտասարդութեան դաստիարակութեան գործին վրայ:

Համագումարի մասնակցողները Գորիսի եւ Կապանի մէջ պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենան, նաեւ պատմական եւ յատուկ նշանակութիւն ունեցող վայրեր պիտի այցելեն:

Կազմակերպող կողմը նախատեսած էր համագումարը իրականացնել Արցախի մէջ, սակայն Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող Արցախի շրջափակման պատճառով` ժողովավայրը որոշուեցաւ տեղափոխել Սիւնիք:

Համագումարի հանդիսաւոր բացումին արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան հաստատեց, որ հայրենիքի ներկայ անվտանգային ծանր իրավիճակը յաղթահարելու համար պէտք է արմատախիլ ընել յարմարուողական ու պարտուողական մօտեցումներ: Ան ամրագրեց, որ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ դիմադրել եւ իր կտրուկ ընդդիմութիւնը արտայայտել Հայաստանի ներկայ իշխանութեան նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ Արցախը զրահաբաճկոնն է Հայաստանի, եւ խաբկանք է այն գաղափարը, թէ առանց Արցախի կարելի է խաղաղ ու հանգիստ ապրիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին: Ան անդրադառնալով օրուան իրավիճակին պարզեց, որ դաշնակցական երիտասարդները կը խանգարեն իշխանութեան քաղաքականութիւնը, անոնք արգելք են Հայաստանը թրքական վիլայէթի վերածելու, եւ այս գծով անոնց պայքարը կանգ պիտի չառնէ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արգիշտի Գէորգեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները մշտապէս անկիւնադարձային դեր ունեցած են Դաշնակցութեան կառոյցին համար. ան կոչ ուղղելով համագումարին մասնակցող երիտասարդներուն յորդորեց, որ անոնք դառնան այն ճրագները, որոնք վառ պիտի պահեն պայքարի ջահը եւ կանգնին հայրենիքի համար մղուող պայքարի առաջնագիծին:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան նախագահ Գոռ Սարգսեան նշեց, որ դաշնակցական երիտասարդը այնտեղ է, ուր կայ պայքար, պատերազմի դաշտէն մինչեւ Երեւանի փողոցներն ու սփիւռքի մայրաքաղաքները` միշտ գործելով յանուն Հայաստանի եւ Արցախի: Ան ընդգծեց, որ եթէ այս համագումարը կազմակերպուէր երեք տարի առաջ, ապա 44-օրեայ պատերազմին իրենց կեանքը զոհած ընկերներ կը միանային անոր, հետեւաբար պարտք ունինք այդ ընկերներուն նկատմամբ` ցոյց տալու, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Հայկազ Յարութիւնեան նշեց, որ այսօր անհրաժեշտ է մեր ճակատագիրը փոխել, իսկ վերածնունդի մոհիկանը պէտք է ըլլայ երիտասարդութիւնը:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառով չկրցան մասնակցիլ համագումարին, իրենց խօսքը առցանց ներկայացուցին. Անի Յովհաննէսեան նշեց, որ այսօր Արցախի երիտասարդական միութիւնը Արցախի հասարակական դաշտին մէջ ունի իր ինքնուրոյն դերը եւ կ՛ընկալուի իբրեւ միակ կազմակերպութիւն, որ ունակ է սփիւռքի երիտասարդական ներուժը կեդրոնացնել Արցախի վրայ եւ անոր միջոցով Արցախի երիտասարդին ձայնը բարձրացնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ան նշեց, որ այսօր Արցախի երիտասարդութեան պայքարը հայ ազգի գոյութեան համար է, հետեւաբար աշխատանքը պէտք է ուղղուած ըլլայ Արցախի փրկութեան գործին, որովհետեւ առանց Արցախի չկայ Հայաստան:

ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան երեք միաւորներուն նկատմամբ համապարփակ մօտեցում ցուցաբերելով` համագումարը պիտի ջանայ ի կատար ածել իր նպատակները:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

6 փետրուար 2023

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Դեսպանին` Երկրաշարժի Հետեւանքով Ինկած Զոհերուն Համար

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In