Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ դռնփակ դրութեամբ քննարկեց պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու` Հայաստանի ընդհանուր դատախազի միջնորդութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին Հայաստանի ընդհանուր դատախազի երկրորդ միջնորդագիրի ներկայացումէն առաջ ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեան խնդրեց դռնփակ դրութեամբ քննարկել միջնորդութիւնը, քանի որ ներկայացուելիք միջնորդագիրը կը պարունակէ օրէնքով պաշտպանուող գաղտնիք:
Ընդհանուր դատախազը Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու հարցով երեք միջնորդութիւն ներկայացուցած է խորհրդարան: Ազգային ժողովը առաջին միջնորդութիւնը քննարկեց բաց դրութեամբ:


