Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի իր չափաբաժինէն հրաժարելու առաջարկ ներկայացուցած է: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան:
«Այո՛, մենք համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած ենք ՀԱՊԿ-ին», «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Յունանեան` արձագանգելով մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերուն, թէ Հայաստան հրաժարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի իր չափաբաժինէն: