Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արցախի Ապաշրջափակման Համար Ընթացող Հակամարտութիւնը

August 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը վերացնելու ուղղութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնները բազմաթիւ են եւ կը համոզեն խնդիրին աշխարհաքաղաքականացման մասին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  բանբերին անդրադարձը կը յատկանշուի քանի մը կէտով: Նախ կը փորձէ հեռացնել կատարուածին մէջ Մոսկուայի պատասխանատուութիւնը եւ կը կեդրոնանայ դէպի Արցախ ուղարկուած  մարդասիրական բեռնատար մեքենաներու տեղ չհասնելու իրականութեան վրայ:

Ըստ Մոսկուայի ներկայացուցիչին, հակառակ անոր որ Երեւանը Ազրպէյճանի հետ չէ համաձայնեցուցած մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելը, այդուհանդերձ ռուս խաղաղապահները աշխուժօրէն երկու կողմին հետ կը շարունակեն բանակցիլ` հարցին լուծում ապահովելու համար: Զախարովան նոյնիսկ հաստատած է, որ կապերը հաստատուած են, եւ յուսացած, որ միջնորդական աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի:

Քանի մը հետեւողութիւն կարելի է կատարել այս յայտարարութենէն: Նախ այն, որ Մոսկուան ըսել կ՛ուզէ, որ Երեւանի այս նախաձեռնութիւնը կատարուած է ինքնուրոյն` առանց Մոսկուայի խաղաղապահ ուժերուն հետ համաձայնեցնելու: Երբ կ՛ըսուի, որ Երեւանը մարդասիրական օժանդակութեան ուղարկումը չէ համադրած Պաքուի հետ, ըսել կ՛ուզուի, որ այդ նախաձեռնութիւնը պէտք է միջնորդաւորուած ձեւով, այսինքն` Մոսկուայի միջոցով ստանար Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը:

Միջնորդի հանգամանքի պահպանման մօտեցումով, հաւասարութեան կանոնն է, որ կը գործէ: Մոսկուան պարզապէս կրնար յիշեցնել անշուշտ, որ ըստ եռակողմ համաձայնութեան, այդ անցքը պէտք է բաց ըլլար, ուր նաեւ բացառապէս ռուսական վերահսկողութիւն պիտի ըլլար եւ իր կողմէ ապահովուէր մարդոց ազատ տեղաշարժը: Այդ խախտումները կը շրջանցուին, եւ ընդգծում կ՛ըլլայ, որ Երեւանը իր նախաձեռնութիւնը չէ համաձայնեցուցած Պաքուի հետ, անշուշտ Մոսկուայի միջոցով: Անուղղակիօրէն արդէն կը նուիրականանայ ազրպէյճանական անցակէտը:

Կարեւոր ընդգծումը այն է, որ բանակցութիւններ կը վարուին ռուս խաղաղապահներու միջոցով, եւ մանաւանդ այն, որ հաստատուած կապերը յուսալիօրէն պիտի արդիւնաւորուին:

Մոսկուան ըսել կ՛ուզէ, որ հակառակ կոչերուն, պահանջներուն կամ այլ պետութիւններու յորդորներուն, գետնի վրայ ի՛նք է, որ բանակցութիւններ կը վարէ եւ հարցին յուսալիօրէն լուծում կը բերէ: Խաղի կանոնը կը փոխուի, եթէ Մոսկուայի ներկայացուցիչին յայտնած յոյսը` հարցի կարգաւորման առումով չիրականանայ:

Հիմա անցնինք Ուաշինկթըն. այնտեղ կայ պաշարումի վերացումէն անդին գացող ուղերձ: Այսպէս. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի եւ Ալիեւի միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի մասին  պաշտօնական լրահոսը կը հաղորդէ, որ  Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգուած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի տարողութեամբ` առանց հասցէականացնելու այդ տագնապի ստեղծման պատասխանատուն: Ճիշդ է, որ շեշտուած է Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի եւ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ սակայն, ընդգծուած է փոխզիջման անհրաժեշտութիւնը այլընտրանքային ուղիներու հարցին մէջ, որպէսզի մարդասիրական մատակարարումները հասնին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան: Ահա այստեղ է եռակողմէն դուրս գալու եւ Պաքուի առաջ քշած օրակարգը: Այլընտրանքային ուղին մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու Աղտամի ճանապարհն է, որ ամբողջովին ազրպէյճանանպաստ օրակարգ է եւ որ կ՛առաջադրուի Պաքուի առաջ քշած համարկումի քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Պրիւքսելի մէջ այն, ինչ որ Շարլ Միշելը նշում կատարած էր, Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի իբրեւ այլընտրանքային լուծում կ՛առաջարկուի:

Լուսարձակը բանանք Պրիւքսելի վրայ, ուր Միշել-Պորել երեւցած հակասութենէն ետք (Պորելը հաստատած էր, որ Աղտամը չի կրնար այլընտրանք նկատուիլ Բերձորին), այժմ վերադիրքորոշում կ՛արձանագրուի Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի ճամբով: Բացառապէս Բերձորի միջանցքի վերաբացման հրատապ անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծուի եւ յղում կը կատարուի  7 ամիս առաջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ միջանկեալ որոշումին:

Աշխարհաքաղաքական երեք տարբեր կեդրոններէ Արցախի պաշարումը վերացնելու ուղղութեամբ տարբեր մօտեցումներ կը դրսեւորուին: Աւելիով համոզելով դիպաշարին հետեւողները, որ խնդիրը միջնորդական  հակամարտութեամբ կը յատկանշուի. կամ` տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող  գործընթացներուն ղեկը պահպանելու կամ խլելու շարժառիթներով կը բացատրուի:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Դիմած Է ՄԻԵԴ` Ռաշիտ Բեգլարեանի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.