Ազրպէյճանական շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ օրէ օր աւելցող խնդիրներն ու անոնց հետեւանքները որոշակիօրէն մեղմացնելու համար պետութեան կողմէ կը ձեռնարկուին բոլոր կարելի միջոցները, յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:
Ներսիսեան Դիմատետրի մէջ գրած է, որ միաժամանակ առկայ են նաեւ իրավիճակներ, որոնք յաղթահարելու համար այլեւս կը բացակային անհրաժեշտ միջոցներն ու կարելիութիւնները:
«Կանգնելով ընկերային լրջագոյն խնդիրներու առջեւ, մտահոգուած ըլլալով մանկահասակ երեխաներու, հիւանդներու, տարեցներու առողջութեամբ, քաղաքացիները բաւական գերլարուած ու ջղային վիճակի մէջ կ՛ըլլան, այդ բոլորին վրայ կը գումարուին նաեւ ընկերային ցանցերու ամէնէն տարբեր հարթակներուն մէջ պետութեան հասցէին հնչող քննադատութիւնները, բոլոր խնդիրներու լուծման «գիտակներու» մեկնաբանութիւններն ու առաջարկները, միասնականութեան կոչերուն զուգահեռ կատարուող պառակտման փորձերը, համաժողովրդական յամառ ու դժուարին այս պաշտպանութիւն-դիմադրութիւնը նսեմացնող յայտարարութիւնները: Բարեբախտաբար ժողովուրդը կը հասկնայ, որ հայրենիքի պահպանութիւնը եւ պաշտպանութիւնը թէեւ դժուար, բայց պատուաբեր գործ է, որուն համար անհրաժեշտ են այնպիսի յատկանիշներ, ինչպիսիք են համբերատարութիւնը, տոկունութիւնը, յամառութիւնը, պատուախնդրութիւնը», գրած է ան` առանց յստակացնելու, թէ ի՛նչ մեղադրանքներ ու քննադատութիւններ նկատի ունի:
Ան նաեւ շեշտած է, որ առայժմ ի հեճուկս բոլոր տեսակի խնդիրներուն, իրենք կը շարունակեն քալել Արցախի եւ Արցախի ժողովուրդի պահպանութեան ընտրուած ճամբով:


