Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու բանակցային հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ շրջան եկած է` քննարկելու համար խաղաղութեան հոլովոյթին Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնիլը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Պարոն Պոնոն կը նախատեսէ հանդիպիլ առանցքային շահագրգիռ կողմերու հետ` աջակցելու հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին: Ան թէ՛ Ազրպէյճան պիտի այցելէ, թէ՛ Հայաստան», ըստ լրատուամիջոցին ըսած է ան:
Միլլըրի համաձայն, Լուիս Պոնօ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական պայմանները, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:
«Մենք հետեւողականօրէն յայտարարած ենք, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ այդ պաշտպանութիւնը», աւելցուցած է Միլլըր` շեշտելով, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է նպաստելու որեւէ հոլովոյթի, որ խաղաղութիւն ու կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն:
2 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն: Այս մասին յայտնած է Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը:
«Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերուն:
Գրիգորեան ներկայացուցած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամն ու ատոր հետեւանքները` ընդգծելով Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման հրամայականը:
Կողմերը նաեւ քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երէկ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ ընդունած է ամերիկացի աւագ խորհրդականը: Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են հայ-ազրպէյճանական բանակցային հոլովոյթն ու անոր հեռանկարները, շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Պայրամով յայտարարած է, որ «Հայաստանը, ի հեճուկս իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն ամբողջովին դուրս չէ բերած զինեալ ուժերը Ազրպէյճանի տարածքէն», ինչպէս նաեւ «կը խոչընդոտէ հաղորդակցութիւններու բացման»:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը ամերիկացի բանագնացին հետ հանդիպումի ընթացքին պնդած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը շրջափակման մէջ պահելու մասին յայտարարութիւնները «անհիմն են»` յիշեցնելով, որ իբրեւ Բերձորի միջանցքի այլընտրանք Պաքու առաջարկած է Աղտամի ճամբան:


