Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Համաձայնագիրը  Պարտուողներու Խաղաղութիւն Է»   Շեշտեց Վ. Եագուպեան

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պարտուողներու Խաղաղութիւն Է» Շեշտեց Վ. Եագուպեան

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Նահար Արապի»-ի «Ալաան ու պաատ փոտքեսթ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւանականութեան եւ այդ իմաստով տիրող նախապատրաստական հոլովոյթին, եւ ըսաւ, որ ասիկա պարտուողներու խաղաղութիւն է: Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ այդ համաձայնագիրին մասին կատարուած հիմնաւորումները կու գան 2020-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած...

Քֆարշուպայի Մէջ Զգուշաւոր  Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

Քֆարշուպայի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

Քֆարշուպայի մէջ լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Նասերի կողմէ իսրայէլեան պուլտոզըրի մը աշխատանքներուն դէմ դնելը, այլ խօսքով` հողը հերկելու ընթացքին իսրայէլեան կողմի գործած սահմանային խախտումն ու ոտնձգութիւնը արգիլելու Նասերի քայլը, որ գնահատուած էր իբրեւ քաջագործութիւն, առիթ հանդիսացաւ, որ երէկ այլ քաղաքացիներ եւս նոյն շրջանին մէջ ընդդիմանան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ փշաթելերու զետեղումին: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս փութաց Քֆարշուպայի սահմանային շրջանը, ուր կը հսկեն նաեւ...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ակնարկ. Հեռաձայնային Առաջին Ուղերձները

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նորանշանակ նախարարներուն միջեւ եղած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած են հետեւեալ հարցերը. - Հացահատիկի գործարքի իրականացումը, - Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան խնդիրը, - Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, - Թուրքիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներէն «Էֆ-16» կործանիչներու ձեռքբերումը եւ անոնց արդիականացումը, - Ուքրանիոյ պատերազմը: Արծարծուած խնդիրները բոլորն ալ առնչուած են Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն: Պարզ է, որ Միացեալ Նահանգներ...

Զախարովա Կ՛արձագանգէ  Գրիգորեանի Յայտարարութեան

Զախարովա Կ՛արձագանգէ Գրիգորեանի Յայտարարութեան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արձագանգած է Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Մեկնաբանելով Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, թէ ապաշրջափակման պարագային սահմանային բոլոր ծառայութիւնները պիտի կատարեն միայն հայկական ծառայութիւնները, մինչդեռ ըստ եռակողմ յայտարարութեան` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը պէտք է ապահովեն Ռուսիոյ սահմանապահները, Զախարովա ըսած է. «Նախ եւ առաջ...

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Շարունակելու Յարաբերութիւններու  Ամբողջական Կարգաւորման Ուղղութեամբ Աշխատանքը

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Շարունակելու Յարաբերութիւններու Ամբողջական Կարգաւորման Ուղղութեամբ Աշխատանքը

7 յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Հաքան Ֆիտանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Արարատ Միրզոյեանը շնորհաւորած է Հաքան Ֆիտանը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Կողմերը իրենց պատրաստակամութիւնը արտայայտած են շարունակելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքը», նշուած...

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Քաղաքային Առաքելութիւնը Կը Ծրագրէ 3 Յաւելեալ  Գործողութեան Հանգոյց Հիմնել Ջերմուկի,  Իջեւանի Եւ Եղէգնաձորի Մէջ

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Քաղաքային Առաքելութիւնը Կը Ծրագրէ 3 Յաւելեալ Գործողութեան Հանգոյց Հիմնել Ջերմուկի, Իջեւանի Եւ Եղէգնաձորի Մէջ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիսներուն երեք յաւելեալ գործողութեան հանգոյց հիմնել Ջերմուկի, Իջեւանի եւ Եղէգնաձորի մէջ` աստիճանաբար հասնելով մօտիկ ապագային լիարժէք գործողութեան կարելիութեան: Այս մասին յայտարարած է առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր` Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի հետ Մարտունիի մէջ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ աշխատանքային խումբի Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալելու ժամանակ: Ռիթըր անոնց ներկայացուցած է քաղաքային...

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է  Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին  Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը 7 յունիսին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ստացած է  Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական դատարանին ներկայացուած երկու հայ զինուորներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն, ներառեալ բժշկական փաստաթուղթեր եւ պահման պայմաններու մասին մանրամասնութիւններ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութենէն, Հայաստանը պիտի ներկայացնէ իր դիրքորոշումը Ազրպէյճանի կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններուն  եւ փաստաթուղթերուն վերաբերեալ Եւրոպական դատարանի սահմանած ժամկէտին մէջ` մինչեւ...

Պայրամով. «Ազրպէյճանը Հայաստանէն  Քաղաքական Կամք Կ՛ակնկալէ Երեք Ուղղութեամբ»

Պայրամով. «Ազրպէյճանը Հայաստանէն Քաղաքական Կամք Կ՛ակնկալէ Երեք Ուղղութեամբ»

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երեքշաբթի օր ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան երկկողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ: Նախարարը նշած է, որ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի, Մոսկուայի եւ Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները կարելիութիւն տուած են աւելի լաւ հասկնալու կողմերու դիրքորոշումները: Պայրամով նշած է,...

Միրզոյեան Հոկընի Հետ Զրոյցի Ընթացքին  Ընդգծած Է Սահմանազատման Հոլովոյթին Մէջ  1975-ի Քարտէսի Շուրջ Յանձնառութեան Կարեւորութիւնը

Միրզոյեան Հոկընի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Ընդգծած Է Սահմանազատման Հոլովոյթին Մէջ 1975-ի Քարտէսի Շուրջ Յանձնառութեան Կարեւորութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Տերեք Հոկընի հետ հեռաձայնով քննարկած է շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, 12 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող քննարկումներուն ընդառաջ Միրզոյեանն ու Հոկընը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի...

14 Յունիսի Նիստին Ընդառաջ.   Երեսփոխանական Պլոքներն ու Քաղաքական  Ուժերը Կը Կատարեն Նախապատրաստական  Իրենց Աշխատանքները

14 Յունիսի Նիստին Ընդառաջ. Երեսփոխանական Պլոքներն ու Քաղաքական Ուժերը Կը Կատարեն Նախապատրաստական Իրենց Աշխատանքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի հրաւիրելէ ետք Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ սկիզբ առին աշխատանքը համադրելու որոշ քայլեր, որոնք կը միտին արգելակել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը ձախողցնելու փորձերը: Կը նախատեսուի, որ շիի երկեակին կողմէ այս համադրումը ընդարձակուի եւ վերածուի եռակողմանի հանդիպումներու` ներառելով նաեւ Մարատայի պատասխանատուներ: Շիի...

Արամ Ա. Վեհափառ Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հետ Արծարծեց Արցախի Շրջափակման Հարցը

Արամ Ա. Վեհափառ Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հետ Արծարծեց Արցախի Շրջափակման Հարցը

Յունիս 6-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա Կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ հանհիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Արցախի շրջափակման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման հարցերը, Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններն ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գծով գործընթացը։

Արամ Ա. Վեհափառն Ու Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Վարչապետ Թրուտոյի Հետ Քննարկեցին Արցախի Շրջափակման Հարցը

Արամ Ա. Վեհափառն Ու Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի Վարչապետ Թրուտոյի Հետ Քննարկեցին Արցախի Շրջափակման Հարցը

Յունիս 6-ին Օթթաուայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. Վեհափառը՝ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ արծարծեց Արցախի հարցը։ Միաժամանակ քննարկուեցան Հայաստան-Գանատա համագործակցութեան ծիրն ու Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապը։ Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին, Գանատայի խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա բարեկամական խմբակցութեան նախագահ Պրայն Մէյը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանը, ՀՅԴ...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան։ Շքախումբին մաս կը կազմէին.- Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պրն. Լեւոն Աֆէյեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեանը, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Շարունակէ Ապատեղեկատուութիւն Տարածել

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Պաքուի հաղորդումը, թէ 5-6 յունիսի լուսցող գիշերը Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, թէ Պաքուի հաղորդումը չի համապատասխաներ իրականութեան` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել: Պաքուն, մասնաւորապէս, յայտնած է, որ 5 յունիսի ժամը 22:50-էն մինչեւ 6 յունիսի ժամը...

Պայրամով ԵԱՀԿ-ի Պետութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ Քննարկած Է  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւնները

Պայրամով ԵԱՀԿ-ի Պետութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ Քննարկած Է Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւնները

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու մնայուն ներկայացուցիչներու հետ քննարկած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը մասնակցած է Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահութեան կողմէ կազմակերպուած ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու մնայուն ներկայացուցիչներու «կլոր սեղանին»: «Բեղմնաւոր քննարկումներ ծաւալած են ԵԱՀԿ-ի...

Քլաար Երեւանի Մէջ Քննարկած Է  Շրջանային Զարգացումները

Քլաար Երեւանի Մէջ Քննարկած Է Շրջանային Զարգացումները

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, փոխվարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Նիկոլ Փաշինեան եւ Թոյվօ Քլաար քննարկած են, մասնաւորաբար, Պրիւքսելի եւ Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ ու հնգակողմ հանդիպումներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Փաշինեան կարեւոր նկատած է անոնց հետեւողական իրականացումը: Այս մասին կը հաղորդեն...

Նախագահ Ասատ Ընդունեց Նախկին  Նախագահ Զօր. Միշել Աունը

Նախագահ Ասատ Ընդունեց Նախկին Նախագահ Զօր. Միշել Աունը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունը: Հանդիպումէն ետք Ասատ շեշտեց, որ Լիբանանի ուժը անոր քաղաքական եւ տնտեսական կայունութեան մէջ կը կայանայ: Ասատ հաստատեց, որ Սուրիոյ զարթօնքն ու բարգաւաճումը իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ: Ասատ ընդգծեց, որ լիբանանցիները կարողութիւն ունին իրենց քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը կերտելու` երկխօսութեան եւ համախոհութեան...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Անսակարկելի Է. Արամ Ա. Վեհափառ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Անսակարկելի Է. Արամ Ա. Վեհափառ

Յունիս 5-ին «Հորիզոն»ի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին Արամ Վեհափառ անդրադարձաւ Սփիւռքի գաղթօճախներու առաջնահերթութիւնները վերակազմակերպելու մասին, եւ՝ պատմութեան ճակատագրորոշ մեր հանգրուանին՝ Արցախեան ճակատի պատնէշները ամուր ու կազմակուռ պահելու մասին։ Տեսանիւթը կարող էք դիտել այստեղ:

Ակնարկ.  Հազիւ Եւ Դիւրաբեկ Մեծամասնութեամբ Չի Պայմանաւորուիր Նախագահի Ընտրութիւնը

Ակնարկ. Հազիւ Եւ Դիւրաբեկ Մեծամասնութեամբ Չի Պայմանաւորուիր Նախագահի Ընտրութիւնը

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը թեւակոխեց նոր փուլ, երբ ընդդիմութեան առաջադրած թեկնածուին իր համաձայնութիւնը պաշտօնապէս յայտնեց Ազգային ազատ հոսանքը: Թեկնածուի շուրջ կայացած այս առաջադրումի միաւորումը այլ երանգ կը պարփակէ իր մէջ: Նախագահական աթոռը քրիստոնեայ թիւով մեծագոյն համայնքին առանձնաշնորհուած է: Այս ձեւով քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի յենասիւները կազմող գլխաւոր ուժերը, որոնք այլապէս քաղաքականօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են, կը համաձայնին նոյն թեկնածուն առաջադրելու: Միանշանակ...

Ազրպէյճանը Արցախի Մէջ  Խախտած Է Հրադադարը

Ազրպէյճանը Արցախի Մէջ Խախտած Է Հրադադարը

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի հետ շփման գիծի կեդրոնական եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ խախտած են հրադադարը` կիրարկելով հրաձգային զէնք: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: 5 յունիսի ժամը 10:00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին մէջ յարաբերականօրէն կայուն է:  

Page 232 of 796 1 … 231 232 233 … 796

Արխիւներ