Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Սպասենք, Որ ՄԱԿ-ը Արցախի Ապաշրջափակման Գծով Իր Զօրակցութիւնը Գործնապէս Շարունակէ» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

August 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան` ընկերակցութեամբ իր երկու գործակիցներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու գլխաւոր հարցեր.- ա) Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ եւ բ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ լայնօրէն անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ անոր ծանր հետեւանքներուն Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս ընկերային-տնտեսական կեանքին առնչութեամբ եւ իր գնահատանքը յայտնելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին զանազան առիթներով արտայայտած զօրակցութեան եւ շրջափակման վերջ տալու կոչին, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ մեր ազգի սպասումն է, որ ՄԱԿ-ը շարունակէ իր զօրակցութիւնը` գործնական քայլերու դիմելով: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ «մարդկային աղէտ ստեղծելով քաղաքական նպատակներ հետապնդելը անընդունելի է միջազգային օրէնքին համաձայն»: Դոկտ. Եոաննա, որ ծանօթ է Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութեան, վեհափառ հայրապետին պարզած մտահոգութիւնները խոստացաւ անմիջապէս փոխանցել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին:

Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց վերջին ամիսներուն իր եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու անոնց առնչուած այլ հանդիպումներու ընդհանուր պատկերը` շեշտելով կարելի փութով նախագահ ընտրելու հրամայականը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցիչը յայտնեց, որ այս հարցին գծով ինք շաբաթ մը առաջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին իր զեկուցումը ներկայացուցած է, եւ բոլորը կարեւորութեամբ շեշտած են Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը շուտափոյթ կերպով իրականացնելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ հայ համայնքին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն համար, յատկապէս անդրադառնալով այն կարեւոր դերին, որ վեհափառ հայրապետը կրնայ ունենալ իր միջազգային յարաբերութիւններուն շնորհիւ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Օգոստոս 2023)

Յաջորդը

Ձեռքդ Վա՛ր ՀՄԸՄ-էն

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.