Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օքամփօ. «Ազրպէյճանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Շրջափակումը Ցեղասպանութիւն Է»

August 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերու կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, որ կը խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղ որեւէ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ իրերու առաքումը, կը լուսաբանուի զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ 2022 թուականի դեկտեմբերէն եւ կը քննարկուի քաղաքական ղեկավարներու կողմէ: Այս մասին նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի զեկուցում-յայտարարութեան մէջ:

«Իմ աւանդս այն է, որպէսզի բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ ասիկա պէտք է նկատել ցեղասպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու դէմ` Ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի 2(գ) յօդուածին համապատասխան. «Խումբի համար կեանքի այնպիսի պայմաններու ստեղծում, որոնք ուղղուած են անոր ֆիզիքական ոչնչացման», գրած է Օքամփօ:

Անոր համաձայն, այստեղ կազախցիկներ չկան, եւ «չկան կացիններով յարձակումներ», սակայն կայ այլ զէնք` քաղցը:

«Քաղցը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է: Առանց անյապաղ իրականացուելիք արմատական փոփոխութիւններու, հայերու այդ խումբը քանի մը շաբաթ ետք պիտի ոչնչանայ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու քաղցը շատ առումներով ցեղասպանութեան նախատիպ է կենսապայմաններու թելադրման միջոցով` ուղղուած խումբի ոչնչացման: Ատիկա կ՛եզրափակէ ողբերգական շրջանակը, որովհետեւ «1915 թուականին թուրք կառավարիչներու հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքը կ՛ապահովէ յարացոյցը ցեղասպանութեան մասին կէտի համար, որ կը վերաբերի կենսապայմաններու պարտադրման:

«Իբրեւ մարդ, որ այս ոլորտին մէջ որոշ փորձառութիւն ունի, ինծի համար պատիւ էր աւանդ ունենալ` անաչառ հաշուետուութիւն ներկայացնելով, եւ ես պատրաստ եմ օգնելու որեւէ կողմի, որ կը ձգտի կանխարգիլել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական խումբի ոչնչացումը», իր զեկուցումին մէջ ընդգծած է Օքամփօ:

 

Նախորդը

Վարդգէս Մահտեսեանի Շնորհաւորական Նամակը Դաւիթ Իշխանեանին` Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուելու Առիթով

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.