Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան Ընտրուեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ

Օգոստոս 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ 7 օգոստոսին գումարուած է Արցախի Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջան` Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան օրակարգով:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունց շնորհակալութիւն յայտնած է Արթուր Թովմասեանին` խորհրդարանական աշխուժ գործունէութեան, վերջին տարիներուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը վարելու ընթացքին կատարած աշխատանքներուն համար:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի թափուր պաշտօնին համար «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած էր «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի թեկնածութիւնը:

Հիմնաւորելով առաջադրուած թեկնածութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է Դաւիթ Իշխանեանի անցած մարտական եւ քաղաքական ուղին:

«Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան ներկայացուցած է թեկնածուի կենսագրական տուեալները:

Ելոյթ ունենալով ներկաներուն առջեւ` Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս վճռորոշ պահուն այս պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելու համար:

«Պայքարի ոգին այսօր կը թեւածէ Արցախի մէջ: Արցախի մէջ բնակող իւրաքանչիւր անհատ` դպրոցական մանուկէն մինչեւ զառամեալ ծերունի, դիմադրութիւն ցուցաբերելով թշնամիի օրէ օր սաստկացող ճնշումներուն, կը կարենայ պահպանել իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, հայրերուն եւ պապերուն կերտած պետութիւնը», իր խօսքին մէջ նշած է Դաւիթ Իշխանեան` աւելցնելով, որ պէտք չէ հրաշքներու սպասել, քանի որ առանց մեր մասնակցութեան հրաշքներ պիտի չըլլան:

Թեկնածութեան առաջադրման մասին միտքեր փոխանակած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները: Կայացած գաղտնի քուէարկութեան հիմամբ 22 կողմ, 9 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է Դաւիթ Իշխանեան:

Պաշտօնի Փոխանցում` Արցախի Հանրապետութեան
Ազգային Ժողովին Մէջ

7 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արթուր Թովմասեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահին փոխանցած է խորհրդարանի ղեկավարի պարտականութիւնները:

Արթուր Թովմասեան շնորհաւորած է Դաւիթ Իշխանեանը պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ համոզմունք յայտնած, որ նոր նախագահը պիտի շարունակէ խորհրդարանի ժողովրդանպաստ գործունէութիւնը:

Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած Արթուր Թովմասեանին` հաւաստիացնելով, որ պիտի առաջնորդուի արդէն իսկ կառուցուած հիմքերով:

Յարգանքի Տուրք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Առաջին Գումարման Գերագոյն Խորհուրդի
Նախագահ Արթուր Մկրտչեանի Շիրիմին

7 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը Ազգային ժողովի նախկին նախագահներ Գէորգի Պետրոսեանի, Աշոտ Ղուլեանի, Արթուր Թովմասեանի եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ղեկավարներու ուղեկցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին:

«Անկախ Արցախի պետականութեան կերտման առաջին իսկ օրերէն, շնորհիւ իմ կուսակցական ընկեր Արթուր Մկրտչեանի, հիմք դրուած է բարոյականութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած քաղաքականութեամբ պետականութիւն կերտելուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու առաջարկը եւ քաղաքական գործընկերներու յորդորը ստանալէ ետք, առաջին հերթին նոյնինքն այդ մտատանջութեամբ տառապած եմ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞մ պահպանել Արթուր Մկրտչեանի սահմանած բարոյական արժէքներու նշաձողը», նոյն օրը գումարուած Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանին ունեցած ելոյթի ընթացքին ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը, Բարօրութիւնը Եւ Զարգացումը Բացարձակ Անհրաժեշտութիւններ Են Դաշնակցութեան Համար»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (8 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?