Այսօր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերը դարձած են «Հայաստանի կողմէ միտումնաւոր մագլցումի եւ վրէժխնդրութեան քաղաքականութեան զոհը եւ կանգնած են լուրջ մատրահրաւէրներու առջեւ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ 5 օգոստոսին Եւլախի մէջ պէտք էր հանդիպում տեղի ունենար Արցախի ներկայացուցիչներու հետ:
«5 օգոստոսին Հայաստանը խափանեց Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբու օգտագործման եւ Եւլախի մէջ Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման կազմակերպման համաձայնութիւնները:
«Եթէ Հայաստանն ու անոր ինքնահռչակ ենթական (Արցախի Հանրապետութիւնը, «Ա.») կատարէին այս համաձայնութիւնները, ապա խնդիրը պիտի լուծուէր օգոստոսի սկիզբը` ընդունելի շրջանակներ ապահովելով Ղարաբաղի շրջանի բնակիչներուն մարդասիրական ապրանքներու մատակարարման համար, ինչպէս նաեւ պիտի դիւրացնէր մարդոց, բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անցումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:


