Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Բերձորի միջանցքի եւ Արցախի մէջ կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Քննարկուած է Լաչինի միջանցքին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան զարգացումը: Վերահաստատուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներու համաձայնութիւններու ամբողջ թղթածրարի խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը», կը նշուի ռուսական հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ պաշտօնեաները անդրադարձած են հայ-ռուսական օրակարգի արդիական հարցերուն, ներառեալ` բոլոր մակարդակներու վրայ քաղաքական երկխօսութեան խթանումը եւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը:


