Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ Հայ Պահեստազօրային Մը

August 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանցի պահեստազօրային Գ. Ո.-ն ձերբակալուած է Ազրպէյճանի զինուորական ծառայողներու կողմէ եւ տեղափոխուած անյայտ ուղղութեամբ, երէկ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը ներկայացուց տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու խումբ մը զինուորական ծառայողներ կը մօտենան դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ ազրպէյճանական կողմը յայտնուած պահեստազօրայինին, նախ կը զրուցեն անոր հետ, ապա կը ձերբակալեն եւ մեքենայով կը տեղափոխեն անյայտ ուղղութեամբ:

«Սոյն տեսանիւթը կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած կեղծիքը, ըստ որուն սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հետախուզական խումբ մը փորձած է ներթափանցել, եւ որուն «գործողութիւնները կարելի եղած է կասեցնել կրակային աջակցութեամբ»», նշուած է հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ կը քննուին Գ. Ո.-ի` տեղանքին մէջ չկողմնորոշուելու, ազրպէյճանական կողմը յայտնուելու բոլոր հանգամանքները:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, հաստատած է, որ ձերբակալած է հայ զինուորի` զայն անուանելով «հետախուզող-ներթափանցող»: Ըստ Պաքուի, ձերբակալուածը Գագիկ Ոսկանեանն է:

Ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ Քարվաճառի շրջանին մէջ ձերբակալուած հայ պահեստազօրայինին դէմ, ձերբակալութենէն քանի մը ժամ ետք, Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց պետական սահմանի խախտման յօդուածով:

Նախորդը

Պաքուն Երեւանը Կը Մեղադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Ընդառաջ «Սադրանքներ Կազմակերպելու» Յանցանքով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.