Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու շրջանին մէջ իրավիճակը «սրող սադրիչ քայլերէն եւ յայտարարութիւններէն», չմիջամտելու Ազրպէյճանի ներքին գործերուն եւ միջազգային հանրութիւնը «շփոթեցնելու փորձերը» շարունակելու փոխարէն կատարելու ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Նախարարութիւնը կը պնդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընդառաջ «Հայաստանի զինուած ուժերու հետախուզական-ներթափանցման խումբը փորձած է ներթափանցել Ազրպէյճանի տարածք` ահաբեկչական-ներթափանցումի գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով»:
«Շրջանին մէջ իրավիճակի սրման պատասխանատուութիւնը ուղղակիօրէն կը կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Երեւանը աւելի կանուխ հերքած էր հետախուզական ներթափանցման փորձ կատարելու մասին ազրպէյճանական հաղորդագրութիւնը: