Երէկ կանուխ առաւօտէն Տաւուշի Կիրանց գիւղի սկզբնամասին մէջ ճանապարհ փակած երեք տասնեակ մարդիկը ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց` յայտարարելով, որ անոնք չեն կատարեր ոստիկանի օրինական պահանջը, որ մէկն էր` բանալ այդ հատուածը: Բերման ենթարկելու գործողութեան ընթացքին կարգ մը բողոքողներ մարմնական վնասուածքներ ստացան:
Տաւուշի մէջ սահմանազատման դէմ արտայայտուող մարդիկ արդէն երկու շաբաթ է բողոքի շարժումներ կը կատարեն` իշխանութիւնը մեղադրելով միակողմանի զիջումներու յանցանքով: Բողոքողները կը յայտարարեն, որ իրենց անվտանգութիւնը հարցականի տակ կը դրուի:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց, որ քաղաքացիները բերման ենթարկելու ընթացքին ուժ գործադրած, աւելի՛ն` հերքեց նաեւ, թէ առաւօտեան ոստիկանութիւնը յատուկ գործողութիւն կատարած է: