Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Երթը Չարենցաւանէն Ուղղուեցաւ Աբովեան Եւ Այսօր Կը Հասնի Երեւան

May 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» նախաձեռնութեան երթին մասնակիցները երէկ Չարենցաւան քաղաքէն շարժեցան դէպի Աբովեան: Այնտեղ անոնց միացան Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի գլխաւորութեամբ Գիւմրիէն սկսած երթին մասնակիցները:

Երթը Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ Կիրանցէն սկսած էր 4 մայիսին, իսկ այսօր արդէն անոր մասնակիցները պիտի հասնին Երեւան:

Մինչեւ այս պահը հրապարակային յայտարարուած է միայն մէկ պահանջի` միակողմանի զիջումներու կասեցման մասին: Օրակարգային այլ հարցերու մասին փակագիծեր չեն բացուիր:

Այդ մասին երէկ մանրամասնութիւններ չյայտնեց նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, ան ըսաւ, որ ատիկա պիտի երեւի իրենց հետագայ գործողութիւններուն ընթացքին: «Մեր այս շարժումը բնականէն ծնած եւ բնական աւարտ ալ ունեցող շարժում է, ծնած է շատ բնական, նաեւ ունի որոշակի օրակարգ, որ փուլ առ փուլ լրացնելով յառաջ կ՛երթայ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ սրբազանը:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ խորհրդարանական, արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերէն ի՞նչ աջակցութիւն կ՛ակնկալեն, Բագրատ սրբազանը պատասխանեց. «Ներկայ են, բոլորը ներկայ են: Այս շարժումը գոյն չունեցող եւ բոլոր գոյներու շարժում է: Գեղեցկութիւնը այն է, որ այստեղ ժամանակի մէջ իրար հակադրուող` գաղափարական կողմնորոշումներու, հազարումէկ տարբերութիւններ ունեցող քանի տասնեակ կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն, որ իրարու հետ չէին հանդիպեր փողոցը, բոլորը այստեղ են»:

Արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ այս պայքարի շահառուն պիտի ըլլայ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, Բագրատ արք. Գալստանեան ըսաւ. «Ինչո՞ւ Ռոպերթ Քոչարեանը` օրինակ: Մարդն այլեւս սուտ կը խօսի, ինչ որ կ՛ուզէ կ՛ըսէ, սա է խնդիրը: Իրենք իրենց ալ կը խաբեն, կողքի մարդոց ալ կը խաբեն, նեղ շրջանակի մէջ ալ արդէն իրարու կը խաբեն: Առաջին օրէն ըսած եմ` սա մեր գիւղերու եւ գիւղացիներու հարցը չէ, նոյնինքն այդտեղ է մոլորեցնողը, որ մարդը բերած, բարդած է, պատասխանատուութեան տիրոյթի մէջ դրած է գիւղացիները` մեր այն հերոսական մարդիկը: Ինչո՞ւ բերած ես, դրած մարդոց ուսերուն այդ հարցը: Սա Հայաստանի Հանրապետութեան հարցն է»:

Շարժման մասնակիցները, քաղաքացիները նշեցին, որ իրենց ակնկալիքը այս պայքարէն Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան հրաժարականն է: «Պահանջս այս վարչախումբի հեռանալն է, արժանապատիւ ապրիլն է», ըսաւ անոնցմէ մէկը:

 

Նախորդը

Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու Պալատը Միաձայնութեամբ Թեր Քուէարկած Ապրիլի 24-ը Հայոց Ցեղասպանուկթեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծին

Յաջորդը

«Աննիբալը Դրան Մօտ Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.