ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յաջողութեամբ պիտի կտրէք ձեր ճամբան: Նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն պիտի ստանաք: Իմաստուն եղէք եւ աշխատեցէք աւարտել ձեր պարտքերը եւ պատասխանատուութիւնները:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր կեանքին մէջ նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Նոր համոզումներ պիտի ունենաք: Դուք պատրաստ էք նոր քայլ մը առնելու կամ որոշում մը տալու: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յոգնութիւն պիտի զգաք ձեր ունեցած շատ աշխատանքներուն պատճառով: Յուսահատեցնող պայմաններ պիտի ունենաք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Խաբեբաներէ զգուշ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն կողքին հանգիստ պիտի ընէք: Մինակ աշխատելու փոխարէն` խմբային աշխատանք տարէք: Աշխուժ շրջան մըն է ընտանեկան, աշխատանքային եւ ուսումնառութեան գետնի վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կարեւոր գործ մը պիտի կատարէք: Անակնկալ երեւոյթները ձեզ պիտի զարմացնեն: Մթնոլորտը ճնշող պիտի ըլլայ: Ամսուան ծանր օրերէն մէկն է, մի՛ յուսահատիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ժամանակը յարմար է` վերադառնալու քննարկումներուն: Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք, որմէ ետք նոր ու արդիւնաբեր շրջան մը պիտի սկսիք ձեր կեանքին մէջ: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պտոյտները եւ ճամբորդութիւնները պիտի շատնան: Զրոյցներ պիտի ունենաք եւ պիտի քննարկէք աշխատանքային հարցեր: Պիտի վերագտնէք ձեր ինքնավստահութիւնը: Նոր առիթներ ձեռք պիտի ձգէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանդարտ մնացէք եւ տէր եղէք ձեր ջիղերուն, որովհետեւ դժուար եւ բացասական շրջան մըն է: Պայմանները ձեզի պիտի հակառակին եւ դժուարացնեն ձեր ճամբան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք եւ զոհ մի՛ երթաք հակառակութիւններու: Աշխատանքային եւ առողջական գետնի վրայ ճնշումները պիտի շատնան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Յարմար շրջան է` կրկնելու վերջերս ձախողած ձեր փորձը: Զգայուն հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Նախանձոտ մարդոցմէ հեռու կեցէք: Ձեր գաղտնիքները բոլորին մի՛ բացայայտէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները, այլ սիրալիր գտնուեցէք անոնց հանդէպ եւ հասկցէք անոնց պահանջները: Ժամանակ տրամադրեցէք` ձեր ընտանիքին կարիքները հոգալու:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Որոշում մը պիտի տաք եւ քայլ մը պիտի առնէք: Ձեր առաջնահերթութիւնները ճշդեցէք եւ յառաջացէք դէպի ձեր նպատակը: Պիտի յաջողիք պաշտպանել ձեր տեսակէտը:
