Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Չին գիւղացի մը իր մանկութենէն կ՛երազէր օդաչու դառնալ եւ օդանաւ քշել, սակայն ան չէր կրնար իր երազը իրականացնել: Հետեւաբար ան կ՛որոշէ շինել իր անձնական օդանաւը, դաշտերուն մէջ:
Զու Եու գրեթէ վերջացուցած է իսկական Էրպաս A320 օդանաւի իր օրինակի շինութիւնը: Ան կը հանգչի օդանաւի յատուկ տախտակի մը վրայ` շրջապատուած ցորենի դաշտերով, Չինաստանի հիւսիս-արեւելքը:
Զու իր երկրորդական ուսումը չէ աւարտած. ան ստիպուած եղած է աշխատելու դաշտը` սոխ եւ սխտոր ցանելով, ապա ան աշխատած է մետաղի փոքրիկ գործարանի մը մէջ, Քայուան պզտիկ քաղաքին մէջ:
Մէկ տարի առաջ ան կ՛անդրադառնայ, որ բնաւ պիտի չկարենայ օդանաւ քշելու իր երազը իրականացնել: Ան բնաւ պիտի չկարենար օդանաւ մը գնել, սակայն կրնար շինել:
Իր այս ծրագիրը իրականացնելու համար կը գործածէ իր ամբողջ խնայողութիւնը` աւելի քան 2,6 միլիոն եուան (374 հազար տոլար): Իբրեւ օրինակ, ան կ՛առնէ իսկական Էրպաս A320 օդանաւի 1/80 աստիճանի վրայ փոքրիկ խաղալիքի չափով օրինակ մը: Ան համացանցին վրայ կը փնտռէ պատկերներ, կ՛ուսումնասիրէ չափերը, եւ, հակառակ քանի մը փոքրիկ սխալներու, կը շինէ իսկական չափով օդանաւը` իր կմախքով, թեւերով, օդաչուի խուցով, մեքենաներով եւ պոչով: Ընդամէնը ան կը գործածէ 60 թոն պողպատ:
Անոր կ՛օգնեն իրեն նման օդանաւի սիրահար ուրիշ հինգ գիւղացիներ: Զու կը բացատրէ, որ անոնք այս ձեւով թէ՛ դրամ կը շահին, թէ՛ երազ մը կ՛իրականացնեն եւ, վերջապէս, բան մը կ՛իրագործեն:
Անշուշտ այս իւրայատուկ օդանաւը թռիչքներ կատարելու կարելիութիւնը չունի: Հետեւաբար Զու որոշած է զայն վերածել սրճարանի: Ան նոյնիսկ մտադրած է օդանաւ բարձրացնող կամրջակին վրայ կարմիր գորգ դնել, «որպէսզի իւրաքանչիւր հիւր ինքզինք նախագահի նման զգայ»:
Օդանաւին մէջ, բնական 156 ճամբորդի աթոռներուն փոխարէն, դրուած են առաջին կարգի 36 բազկաթոռներ: Զու տակաւին չի գիտեր, թէ ինք պիտի հրամցնէ՞ տապկուած գետնախնձորով համպրկրներ, թէ՞ չինական ուտելիքներ. սակայն ան կը յուսայ, որ իր օդանաւը մօտ օրէն պիտի լեցուի անօթի «ճամբորդներով»:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Թի Ռեքս հոյամողէսին ձեռքերը այնքան կարճ էին, որ անոնք չէին կրնար նոյնիսկ քիթին հասնիլ:
– Բժիշկները կրցած են սրտի մկան մը շինել` մարդկային մորթ գործածելով:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ սքէյթպորտը գրեթէ դպրոցի փոխադրակառքի մը չափ մեծ է:
– Աշխարհի առաջին պատկերասփիւռի «Ռիմոթ քոնթրոլը» կոչուած էր «Լէյզի պոնզ» (ծոյլ ոսկորներ):
– Ընձուղտին կճղակը ճաշի պնակի մը չափը ունի:
– Տաք ջուրը աւելի արագ կը սառի, քան պաղ ջուրը:
– Առաջին ինքնաշարժները ապակի մաքրող «թեւեր» չունէին:
– Շանաձուկերը չեն կրնար աչքերնին թարթել:
– Ջայլամները կրնան լողալ, բայց չեն կրնար թռչիլ:
– Մեղուները հինգ աչք ունին:
– Թայուանի մէջ աղբահաւաք բեռնատարները երաժշտութիւն կը սփռեն մարդոց յիշեցնելու համար, որ իրենց աղբը դուրս հանեն:
– Կարգ մը մրջիւններ զիրար կը լզեն պաշտպանուելու համար հիւանդութիւններէ:
– Միջատներու արիւնը կրնայ ըլլալ թափանցիկ, դեղին կամ կանաչ:
– Երկրագունդին կեդրոնը քու ծանրութիւնդ զերոյի հաւասար է:
– Լիալուսինը աւելի փայլուն կ՛երեւի ձմրան, քան` ամրան:
– Սաֆրանը աշխարհի ամէնէն սուղ համեմն է: Մէկ կրամ սաֆրանը կ՛արժէ 16 տոլար:
– Ալիկաթար կոկորդիլոսներուն ակռաներուն մէջի բաժինը պարապ է:
– Հին Եգիպտոսի մէջ միայն փարաւոնները իրաւունք ունէին սունկ ուտելու:
-յԿարգ մը հին հռոմէացիներ իրենց տուրքերը մեղրով կը վճարէին:
– 16-րդ դարու Անգլիոյ մէջ բախտաբեր կը նկատուէր հարսանիքին հարսին եւ փեսային վրայ կօշիկ նետելը:
– Ձուկերը երբեմն կը հազան:
– Մեր ուղեղը կրնայ համակարգիչէն 100 անգամ աւելի տեղեկութիւններ պահել:
– Միացեալ Նահանգներու Օրեկոն նահանգին մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը Պորինկ (ձանձրացուցիչ) է:
– Փիղերը օրական կը խմեն 800 գաւաթի համապատասխան ջուր:
– Ուղտերը ծագումով Հիւսիսային Ամերիկայէն են:
Ժամանց
















