Այլազան

Յայտարարութիւններ (19 Օգոստոս 2019)

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ Տորայի հրապարակին մօտ, 124 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 պատշգամ եւ յարակից մասեր: Դիմել` հեռ. 03-335368: ------------------------------------- ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ Պաուշրիէ, կահաւորուած 150 քառ. մեթր, ամսական 650$: Հեռ. 03-384160: ------------------------------------- ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ 60-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ 24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1969)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Տարեկան Ընդհանուր Բանակումը Սկաուտական շարժումի գլխաւոր գործունէութիւնը տեղի կ՛ունենայ բանակումներու ընթացքին, երբ բնութեան ծոցին մէջ սկաուտը առիթը կ՛ունենայ իրագործելու այն բոլոր տեսական ծանօթութիւնները, որ ստացած է ակումբային հաւաքոյթներու ընթացքին` վրաններու սարքաւորում, պահակութիւն, խոհարարութիւն, մաքրութիւն, ճաշասեղանի դասաւորում եւ այլն եւայլն: Տակաւի՛ն, սկաուտները միասին կը սկսին ու միասին կը վերջացնեն ճաշը` առանց մոռնալու աղօթքը: Բանակավայրի սահմանը, նոյնիսկ եթէ կաւիճով գծուած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Դժուար որոշում մը պիտի տաք այս շրջանին: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ նոր էջ մը պիտի սկսիք: Բախտով հարուստ շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Առաջատար դիրք պիտի գրաւէք ձեր ընկերութեան մէջ: Յարմար լուծումներ պիտի գտնէք ձեր հարցերուն: Դրական փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր կեանքին մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21...

Յայտարարութիւններ (17 Օգոստոս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Մայրանուշ Քէշիշեան եւ ընտանիք Տիկին տոքթ. Արեգնազ Գալայճեան-Գարակէօզեան եւ ընտանիք Տիկին Ժորժեթ Գալայճեան եւ ընտանիք Գալայճեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ Գարակէօզեան եւ Մարտինի ընտանիքներ Պոյաճեան եւ Տէր Սահակեան ընտանիքներ Եագուպեան եւ Պարպար ընտանիքներ Ճըղալեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին` ՊՕՂՈՍ ՄԻՆԱՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ (Ծնեալ` Պէյրութ, 1951-ին) մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 16...

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Գեղանկարին Անհաւատալի Պատմութիւնը

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Գեղանկարին Անհաւատալի Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ան կանգնած է ուղիղ եւ անշարժ ու մեզի կը նայի: Այս անձնաւորութիւնը Յիսուսն է. ան նկարուած է աւելի քան 500 տարիներ առաջ: Գեղանկարին պատմութիւնը հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ: Կարգ մը մասնագէտներ կը հաստատեն, որ «Սալվատոր Մունտի» կոչուած այս գեղանկարը գծուած է նշանաւոր Լէոնարտօ տա Վինչիի կողմէ: Իր կարգին, գեղանկարը հռչակաւոր դարձած է միայն քանի մը տարիներ առաջ,...

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստսո 1969)

Յառաջդիմութի՞ւն, Թէ՞ Տեղքայլ Յառաջդիմա՞ծ ենք, թէ՞ տեղքայլ կ՛ընենք: Ազգային, կրթական եւ հանրային գործեր վարելու եւ այդ գործերու արդիւնքը կշռադատելու մեր եղանակը փոխատուութիւն կրա՞ծ է արդեօք` նոր ժամանակներու յառաջընթաց ոգիին համաձայն: Արտաքնապէս կը թուի, թէ շատ բան փոխուած է դէպի լաւը, դէպի արդիականութիւն, դէպի յառաջդիմութիւն: Մայրերու օր կը տօնենք եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող զարգացած ժողովուրդներուն պէս եւ ջերմօրէն կը գնահատենք հայ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Յուսահատեցնող շրջան մըն է եւ` բախտէ զուրկ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Պայմանները պիտի փոխուին, եւ դուք տխրութիւն պիտի զգաք: Արագ որոշում մի՛ տաք, որպէսզի չզղջաք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Որեւէ ծրագրի գործադրութեան մի՛ սկսիք այս շրջանին:  Աշխատեցէք աւարտել ձեր գործերը: Ուշադիր եղէք խաբեբայ մարդոցմէ, որոնք կրնան կողոպտել ձեզ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Անակնկալ...

Յայտարարութիւններ (15 Օգոստոս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Տիար Գրիգոր Սէֆէրեան եւ դուստրը` Մարիա Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Օֆելա Սէֆէրեան եւ դուստրը Տիկին Մարի Սէֆէրեան եւ դուստրը` Սիլվա Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Լուսին Սէֆէրեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Անի Սէֆէրեան եւ զաւակը Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Մարիա Սէֆէրեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Լիզա Սրապոնեան եւ զաւակունք Տէր եւ...

Այլազան.  «Ուտելի Բոյսերը Հայկական Խոհանոցում» Փառատօն

Այլազան. «Ուտելի Բոյսերը Հայկական Խոհանոցում» Փառատօն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական լեռնաշխարհի բոյսերը ունին շատ հին ծագում: Անցեալին անոնցմէ շատերը բուժական նպատակներով կ՛օգտագործուէին տեսակաւոր հիւանդութիւններ բուժելով եւ վէրքեր դարմանելու համար: Մինչեւ իսկ անոնցմէ ոմանք կ՛օգտագործուէին ծերութիւնը կանխարգիլելու համար: Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի տարածքին կ՛աճին աւելի քան 300 ուտելի բոյսեր, որոնցմէ սակայն քիչեր կ՛օգտագործուին առօրեայ սնունդի մէջ կամ բուժական նպատակներով: Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի պիտի ունենայ...

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1969)

«Խանասորի Արշաւանք»-ին Նուիրուած Խրախճանք-Տօնակատարութիւն Շթորայի Մէջ Շաբաթ, 9 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Շթորա համախմբուած հայութիւնը ապրեցաւ ազգային եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտ մը: Արդարեւ, ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէութեան Շթորայի ակումբի վարչութիւնը կազմակերպած էր Խանասորի արշաւանքին 72-րդ տարեդարձին առիթով ընկերական եւ ընտանեկան խրախճանք մը` նորակառոյց ակումբի դալար բակին մէջ: Իր տեսակին մէջ բացառիկ այս հաւաքոյթին ներկայ եղան մօտ երեք հարիւր հայրենակիցներ, եկած`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ճամբորդութեան մը համար պիտի ուրախանաք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: Ձեր նպատակները աշխուժութեամբ պիտի շարունակէք հետապնդել: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ուրախ անակնկալ մը կը պատրաստէք ձեր ընտանիքին: Ձեր մէկ ընկերոջ առողջական վիճակով պիտի մտահոգուիք: Կը փափաքիք նորութիւն մտցնել ձեր առօրեայ կեանքին մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Բախտը կը...

Յայտարարութիւններ (14 Օգոստոս 2019)

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՇԱԲԱԹ, 17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019 - Առաւօտեան ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին: - Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին: - Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Պիտի պատարագէ` ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը: Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ  հայրապետական իր պատգամը ուղղէ` ՆՍՕՏՏ...

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1969)

Ինչո՞ւ Կը Տառապինք Ինչո՞ւ դժբախտ է մարդկութիւնը: Ինչո՞ւ երջանկութեան կապոյտ թռչունը կը մնայ նոյնքան հեքիաթային երազ, որքան` դարեր առաջ: Մինչդեռ 20-րդ դարը աներեւակայելի բարիքներով լեցուն ժամանակաշրջան մըն է: Գիտութեան հրաշքները կերպարանափոխ ըրած են կեանքի պատկերը: Հազար ու մէկ գիւտեր` ի սպաս մարդկութեան: Օդը, ջուրը, հողը իրենց ընդյատակեայ խորութիւններով եւ եթերային բարձունքներով մարդուն տիրապետութեան տակ են: Միջոցն անգամ նուաճուած է` մինչեւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Առինքնող ու աչքառու արտաքին մը պիտի ունենաք այս շրջանին: Պիտի ուրախանաք, երբ ձեր ընկերները ձեր կողքին կանգնին: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք ընկերութեան մը հետ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Մինակ մի՛ մնաք: Կարեւոր դեր խաղացէք ձեր միջավայրին մէջ: Նիւթական դժուարութեան մը դիմաց պիտի գտնուիք: Մի՛ տարանջատէք ձեր միտքերը, որպէսզի սխալներու մէջ չյայտնուիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...

Յայտարարութիւններ (10 Օգոստոս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Ազնիւ Շահմելիքեան Տիար Անդրանիկ Շահմելիքեան Օրիորդ Արսինէ Շահմելիքեան Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թալին Շահմելիքեան եւ զաւակները` Սարէլ եւ Անդրանիկ Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Շաղիկ Նալպանտեան եւ դուստրը` Ցոլեր Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Աշխէն Փափազեան եւ զաւակները` Վաչէ, Մեղրի եւ Վահագն Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Զապէլ Տաղտէվիրեան եւ զաւակները` Նազօ, Յովհաննէս եւ Լեռնիկ Տէր եւ...

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը  (Բ. Մաս)

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը (Բ. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արեւը բնական հանդարտեցուցիչ մըն է Կան անձեր, յաճախ` երեխաներ, որոնք շատ անհանդարտ են: Անոնք պէտք ունին միշտ շարժելու, խօսելու... եւ մեծ դժուարութիւն ունին կեդրոնանալու կամ հանգչելու: Այս երեւոյթը անոնց կեանքը շատ կը դժուարացնէ, որովհետեւ յաճախ պէտք է, օրինակի համար, դպրոցը, կամ շարժապատկերի սրահի մը մէջ հանդարտ մնալ` երկար ժամանակ առանց (շատ) խօսելու, շարժելու: Գիտնականները յայտնաբերած են,...

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1969)

Գ. Մահարիի Թաղումը Յուլիսի 22-ին Հայաստանի աշխատաւորները վերջին հրաժեշտը տուին խորհրդահայ մեծ գրող, բանաստեղծ եւ արձակագիր Գուրգէն Մահարուն: Երեւանի արուեստի աշխատողների տանը, որտեղ դրուած էր հանգուցեալի դագաղը, հնչում է սգոյ մեղեդին: Հայ գրականութեան անխոնջ մշակի դագաղը շրջապատուած է թարմ ծաղիկներով: Գրողին հրաժեշտ տալու են եկել` նրա գրչակից ընկերները, երկրի տարբեր քաղաքներից թաղմանը մասնակցելու համար ժամանած հիւրեր, Գ. Մահարու մերձաւորներն ու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր շուրջիններուն: Ձեր ծանր պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք: Պատրաստ եղէք, որպէսզի լաւ արդիւնք եւ տպաւորութիւն ձգէք ձեր պատասխանատուներուն վրայ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ձեր սխալները սրբագրեցէք եւ կրկին փորձեցէք ձեր բախտը: Մի՛ տկարանաք, ձեր ընկերներէն ոմանք պիտի զօրակցին ձեզի: Թշնամական կեցուածքներէ հեռու մնացէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Դուք ձեզ...

Յայտարարութիւններ (9 Օգոստոս 2019)

 «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՀԵՏ «Վանայ Ձայն» այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Հայկական աշխարհի լուրեր»-ով յատուկ հարցազրոյց մը կը ձայնասփռէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեանի հետ` Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութեան Սիտնի այցելութեան, պաշտօնական հանդիպումներուն, Արցախի հետ բարեկամութեան խմբակցութեան ստեղծման եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեանի Հայաստան այցելութեան...

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1969)

Արժէքներու Հետազօտիչները Կրնամ սխալած ըլլալ, սակայն կը խորհիմ, թէ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն մէջ Երուսաղէմի տղաքը ամէնէն աւելի կը սիրէին իրենց միութիւնը: Անցեալ եղանակով կը խօսիմ, որովհետեւ կ՛ակնարկեմ այն շէն օրերուն, երբ տակաւին նոր Երուսաղէմը չէր գրաւուած հրեաներու կողմէ: Տարբեր էր ՀՄԸՄ-ի ակումբը. կարելի էր որեւէ երեկոյ անդամական ընդհանուր ժողովի կոչ ընել ու նոյն րոպէին իսկ ակումբին մէջ զբաղած տղոց թիւը մեծամասնութիւն...

Page 176 of 361 1 … 175 176 177 … 361

Արխիւներ