50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1969)
Ճնշիչ Հարցականը Լուսինէն Անդին... Աստղանաւորդներուն ընծայուած համաժողովրդային յարգանքը (օգոստոս 13-ին), ինչպէս նաեւ նախագահ Նիքսընի պատուոյ ընդունելութիւնը Քալիֆորնիոյ մէջ, առիթ դարձան արծարծելու գիտութեան եւ կեանքի հիմնական կարգ մը ըմբռնումներ, ու, անշուշտ, մարդկութիւնը մղձաւանջային երազի մը մէջ պահող գերագոյն իղձը` «Խաղաղութիւն»: Ամիս մը առաջ ալ, երբ լուսնէջքը փաստ կը դառնար Արմսթրոնկի պատմական առաջին պտոյտով` արբանեակի մակերեսին վրայ, յաջողութեան առաջին անդրադարձը եղաւ Մարդուն...




