ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Առինքնող ու աչքառու արտաքին մը պիտի ունենաք այս շրջանին: Պիտի ուրախանաք, երբ ձեր ընկերները ձեր կողքին կանգնին: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք ընկերութեան մը հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մինակ մի՛ մնաք: Կարեւոր դեր խաղացէք ձեր միջավայրին մէջ: Նիւթական դժուարութեան մը դիմաց պիտի գտնուիք: Մի՛ տարանջատէք ձեր միտքերը, որպէսզի սխալներու մէջ չյայտնուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր տրամադրութինը պիտի լաւանայ, եւ բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս օրերուն: Անձնական զբաղումներով պիտի տարուիք եւ պահ մը պիտի մոռնաք ձեր պարտականութիւնները: Արթուն եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դժուար մրցակցութեան մը դիմաց կը գտնուիք: Ձեր ջիղերուն տէրը եղէք: Զիջումներ պիտի կատարէք եւ ձեր սխալները պիտի սրբագրէք: Առանց վերապահութեան` ընդունեցէք նաեւ ուրիշներուն կարծիքը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ հակադարձէք, այլ հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ եւ լարուած մթնոլորտէ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Պատահական սխալի մը համար մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ժամանակը հասած է լուրջ որոշումներ տալու` ձեր ապագային հետ կապուած: Հանգիստի ժամանակ պէտք է տրամադրէք: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Շարունակեցէք ձեր ճիգը, որպէսզի հասնիք ձեր նպատակին: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին: Նոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ընտանեկան պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք: Ձեր առաջնահերթութիւններուն վրայ կեդրոնացէք: Վիրաւորական խօսքերով մի՛ նեղացնէք ձեր սիրելիները: Հին կարօտ մը ձեզ դէպի անցեալ պիտի տանի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Արդիւնաբեր եւ շինիչ շրջան մըն է: Համարձակ կատարեցէք ձեր բոլոր քայլերը: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ մասնակցիք համագումարի մը, որ նոր դռներ պիտի բանայ ձեր դիմաց:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր միտքերը եւ գաղափարները համարձակութեամբ պիտի արտայայտէք: Հաշտուեցէք ձեր հարազատներուն հետ` վերջ տալով պատահած անհամաձայնութիւններուն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հետզհետէ ձեր կեանքը բնականոն պիտի դառնայ, ու դուք պիտի վերագտնէք ձեր նախկին աշխուժութիւնը: Նշան մը պիտի ստանաք, որմէ ետք պիտի սկսիք ձեր ծրագիրի գործադրութեան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձանձրոյթ եւ նեղութիւն պիտի զգաք այս շրջանին: Ձեր գործերը պիտի դանդաղին, բայց մի՛ գանգատիք, համբերող եղէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: