Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Դիւանագէտ եղէք, մանաւանդ երբ սեղանին վրայ վիճաբանութիւն կայ: Արթուն միտքով դատեցէք հարցերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս ամսուան ձեր աշխատանքը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ հասութաբեր: Ձեր գործակիցները ձեզի օգտակար պիտի ըլլան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր շուրջիններուն մասին մտածելէ առաջ նախ մտածեցէք ձեր առողջութեան մասին: Երբ դուք առողջ էք, կրնաք ուրիշներու հոգը տանիլ...

