ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Գաղթելու մասին կը մտածէք, սակայն ընտանիքէն հեռանալու գաղափարը կ՛անհանգստացնէ ձեզ: Հրաժարեցէք այս որոշումէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ներշնչուելու համար բնութիւնը շատ նպաստաւոր է, ուրեմն այս շաբաթավերջին լեռ բարձրացէք եւ բնութիւնը վայելեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական հարցեր ունիք. պէտք է ձեր ծախսերուն ուշադրութիւն ընէք, որպէսզի հաւասարակշռէք ձեր պիւտճէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր հմայքը կը հրապուրէ ձեր շուրջինները, որուն շնորհիւ նոր բարեկամութիւններ պիտի հաստատէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձախողութիւն մը ձեր տրամադրութիւնը խանգարած է, սակայն այս պահը կարճ պիտի տեւէ եւ շուտով մոռացութեան պիտի մատնուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Զանազան առիթներով նոր բարեկամներ պիտի ունենաք, որոնք ձեր ճաշակին կը համապատասխանեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յոգնեցուցիչ աշխատանք մը ունիք եւ հանգիստի կը կարօտիք: Կարճ արձակուրդէ մը ետք պիտի կարենաք նոր թափով աշխատիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարեւոր անձի մը պիտի ծանօթանաք, որմէ մեծ գոհունակութիւն պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր վարչական գործերը եւ թուղթերը մէկ կողմ ձգած էք. աւելի դժուարութեան չհանդիպելու համար պէտք է որ կարգի դնէք զանոնք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ոմանք պիտի ջանան ձեզ անտեսել եւ վնաս հասցնել. սակայն ձեր արթնամտութեամբ անոնք պիտի ձախողին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր խնայողութիւնը վատնելու սկսած էք. զգուշ եղէք, որպէսզի բացի չմնաք: Պակսածին տեղ պէտք է լեցնել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամառ է եւ տաք. թեթեւ մարզանքներ եւ թեթեւ սննդականոն մեծապէս պիտի նպաստեն ձեզի: Զգուշութիւնը լաւ բան է: