ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կեանքը թեթեւի առնողները աւելի շատ կ՛ուրախանան եւ կը զուարճանան. ինչո՞ւ դուք ալ նոյնը չընէք: Վերջապէս, կեանքը ինքնին կատակ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամուրիները այսօր պիտի հանդիպին անձերու, որոնք կրնան իրենց կեանքը փոխել: Հարց լուրջի առէք եւ մի՛ անտեսէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շռայլ էք եւ անպատասխանատու ձեր ընտանիքին մէջ այս պատճառով մեծ հարց մը պիտի ծագի: Զգաստացէ՛ք եւ ե՛տ կեցէք շռայլութենէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ ընկերային էք եւ կրնաք յարաբերիլ ոեւէ անձի հետ. սակայն զգուշացէք, այս նկարագիրը կրնայ ձեզի վնաս հասցնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինքնագլուխ էք, սակայն հաւաքական աշխատանքի մէջ միասնական ճիգերը աւելի յաջողութեան կ՛առաջնորդեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեր վրայ վստահութիւն ունիք եւ շատ արթուն ըլլալով` պոռոտախօսներուն թակարդը չէք իյնար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արժեւորեցէք ձեր փորձառութիւնը, շատ համեստ մի՛ ըլլաք: Դուք կրնաք նոյնիսկ ձեր գործակիցները առաջնորդել դէպի իրենց ապագան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ծրագիրները կ՛իրականանան առանց մեծ դժուարութեան. ձեր բարեկամները ձեզ պիտի շնորհաւորեն, ինչ որ ձեզի մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նախաձեռնութիւններ իրագործեցէք: Ձեզի պիտի հետեւին ձեր բարեկամները, եւ միասնաբար բարձր արդիւնքի պիտի հասնիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հին տպագրութեան գիրքեր կը փնտռէք, ինչ որ դժուար է. աւելի լաւ է տարեց գրավաճառներու դիմել, որոնք ձեզի օգտակար պիտի դառնան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նիւթական նեղ կացութեան մատնուած էք, սակայն անակնկալ կերպով մոռցուած գումար մը պիտի ունենաք, որ ճիշդ ժամանակին կը հասնի եւ ձեզ նեղ կացութենէ դուրս կը բերէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ո՛չ մէկ որոշում տուէք առանց ձեր ընտանիքին կարծիքը առնելու: Հարցերը կը լուծուին կարծիքներ առնելով, ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք: