Առողջապահական. Մաշկաբանին Կարծիքով
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Journal of Clinical Microbiology»-ի կողմէ հրատարակուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ լոգանքի համար նախատեսուած սովորական, ցանցաձեւ սպունգը մանրէներու բազմացման լաւագոյն վայրն է: Մաշկաբան Մեթիու Նայթը դէմ է նման սպունգի օգտագործման եւ կը պնդէ, որ նմանատիպ սպունգները աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն մարմնին, քան` օգուտ: Մաշկաբանին կարծիքով, մարդիկ լոգանքէն ետք սպունգը կը ձգեն բաղնիքը` խոնաւ եւ տաք միջավայրի մէջ,...



















