Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Պարը կ՛արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գիծերը, մանաւանդ` բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը»
ԿՈՄԻՏԱՍ
Հայկական ազգային պարը իր ծագման օրէն արտայայտած է հայ ժողովուրդին կենցաղը, մտածողութիւնն ու վերաբերումը` կեանքին եւ բնութեան հանդէպ:
Արդէն նախաքրիստոնէական ժամանակներէն հայերը պարին հանդէպ շատ լուրջ եւ զգուշ վերաբերում ցուցաբերած են, քանի որ պարերը ունէին ծիսական նշանակութիւն եւ ձօնուած էին աստուածներուն, հետեւաբար որեւէ սխալ շարժում կը բարկացնէր աստուածները:
Հայ ժողովուրդը պարին մէջ իմաստաւորած է շարժումին կողմն ու ուղղութիւնը եւ անոր մէջ խորհուրդ տեսած է: Պարի ժամանակ աջ տեղաշարժը կոչուած է «ճիշդ երթալ», այսինքն` երթալ դէպի բարին: «Կողքով երթալ» նշանակած է հաղորդել «կեանքի տատանումները»: «Ձախ երթալ» նշանակած է ձախորդութեան, անյաջողութեան մատնուիլ:
Անցեալին, երբ երաշտը մեծ վնասներ կը պատճառէր, եւ հողը բերք չէր տար, մարդիկ այդ կորուստը կը սգային դէպի ծախ տեղաշարժուող «երաշտի պարեր»-ով» կամ «թարս պարեր»-ով:
Վաղնջական ժամանակներուն սուգի պարեր կը պարէին նաեւ յուղարկաւորութիւններու առիթով:
Մերձաւորի մահէն մէկ-երկու ամիս ետք, որպէսզի ընտանիքի անդամները սուգէն ելլեն, հանգուցեալին ընկերներն ու ազգականները կ՛այցելէին սուգ պահող հարազատներուն, անոնց կը ստիպէին ուտել, խմել եւ պարել: Այս արարողութիւններէն ետք սուգը աւարտած կը համարուէր, ու այս երեւոյթը կը կոչուէր «սուգէ հանել»:
Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին…
Ի՞նչ Տեղ Կը Գրաւէ Դրամը
Ձեր Կեանքին Մէջ
Ի՞նչ արժէք ունի դրամը ձեզի համար, ան ի՞նչ դեր կը խաղայ ձեր կեանքին մէջ… Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Դրամը եղած է ծախսելու համար.
Ա.- Ամբողջովին համաձայն էք:
Բ.- Որոշ չափով համաձայն էք:
Գ.- Նայած կեանքի պայմաններուն:
Դ.- Երբեք համաձայն չէք:
Ե.- Կարծիք չունիք:
2
Եթէ հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզի հարց տրուի, թէ որքա՞ն կը շահիք`
Ա.- Կը ստէք` աւելի բարձր գումար մը յայտարարելով:
Բ.- Չլսել կը ձեւացնէք:
Գ.- Կը ստէք` աւելի ցած գումար մը յայտարարելով:
Դ.- Անկեղծօրէն կ՛ըսէք, որ ատիկա իրենց չի վերաբերիր:
Ե.- Իրականութիւնը կ՛ըսէք:
3
Դրամ ունենալ` կը նշանակէ.
Ա.- Ծախսելու եւ վայելելու հաճոյք:
Բ.- Ապահովութիւն:
Գ.- Յաջողութիւն:
Դ.- Իշխանութիւն:
Ե.- Անկախութիւն:
4
Երբ մանուկ էիք, ձեր ծնողները ձեզի «գրպանի դրամ» կու տային`
Ա.- Երբ յիշէին:
Բ.- Շաբաթական դրութեամբ:
Գ.- Երբ յարմար նկատէին:
Դ.- Երբ դուք պահանջէիք:
Ե.- Հազուադէպօրէն:
5
Ձեր ասպարէզը կը փոխէք`
Ա.- Աւելի բարձր ամսականի մը համար:
Բ.- Աւելի ապահով գործի մը համար:
Գ.- Աւելի հետաքրքրական գործի մը համար:
Դ.- Աւելի պատասխանատու գործի մը համար:
Ե.- Աւելի ազատ ժամանակ ունենալու համար:
6
Պէտք է դրամ խնայել երեխաներուն ապագան ապահովելու համար:
Ա.- Երբեք համաձայն չէք:
Բ.- Մասամբ համաձայն էք:
Գ.- Ամբողջովին համաձայն էք:
Դ.- Որոշ վերապահութեամբ համաձայն էք:
Ե.- Կարծիք չունիք:
7
Երբ խօսուի անձի մը մասին, որ կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ հարստութիւն դիզած է`
Ա.- Կը հիանաք:
Բ.- Երանի կու տաք:
Գ.- Կը կասկածիք անոր պարկեշտութեան:
Դ.- Անարդար կը գտնէք:
Ե.- Ատելութեամբ կը լեցուիք:
8
Զոյգի մը սպառնացող մեծագոյն վտանգն է`
Ա.- Դրամական նեղութիւնը:
Բ.- Նախանձը:
Գ.- Սովորութիւնն ու միօրինակութիւնը:
Դ.- Անհաւատարմութիւնը:
Ե.- Անտարբերութիւնը:
9
Եթէ ամսուան վերջը հեռու է, իսկ ձեր դրամապանակը` գրեթէ պարապ.
Ա.- Աշխարհէն խռոված` հոգեկան անկում կ՛ապրիք:
Բ.- Կը մտածէք հաւանական լուծումներու մասին:
Գ.- Մօտիկ անձէ մը փոխ դրամ կ՛ուզէք:
Դ.- Ձեր ծախսերը կտրուկ կրճատելու որոշում կու տաք:
Ե.- Չէք տագնապիր, նման կացութիւն նախապէս ապրած էք:
10
Եթէ ձեր ձեռքը շատ մեծ գումար մը անցնի`
Ա.- Շքեղ ինքնաշարժ մը կը գնէք:
Բ.- Տուն մը կը գնէք:
Գ.- Կը ճամբորդէք:
Դ.- Ընկերութիւն մը կը հիմնէք:
Ե.- Գումարին չէք դպչիր, կը պահէք ձեր զաւակներուն ապագային համար:
ԱՐԴԻՒՆՔ
– Եթէ «Ա»-երու մեծամասնութիւն մը ապահովեցիք, դրամը հաճոյքի աղբիւր է ձեզի համար, նաեւ միջոց մը` ձեր երազանքները իրականացնելու:
Անհաշիւ ծախսող մըն էք, կրնաք մեծ գումարներ վատնել ձեզի կամ ձեր շրջապատին հաճոյք պատճառելու համար: Ձեր կարծիքով, կեանքը մէկ անգամ կ՛ապրիք, հետեւաբար պէտք է զայն լիարժէք վայելել: Կեանքի մէջ աւելի ճպուռ էք, քան մրջիւն, ձեր եկամուտը հաւասարակշռուելու եւ խելամիտ ծախսելու դժուարութիւն ունիք:
– Եթէ «Բ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը ապաստան է ձեզի համար: Դրամին հետ ձեր յարաբերութիւնները փոփոխական են, երբեմն կը պաշտէք այն, երբեմն կ՛անտեսէք:
Անհաւասար ձեւով կը վարուիք անոր հետ, մսխումին կը յաջորդեն խիստ խայողութեան օրեր: Այս մօտեցումը ձեր ընտրութիւնն է պարզապէս…
– Եթէ «Գ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, ձեր կարծածէն աւելի կը սիրէք դրամը, բայց չէք ուզեր խոստովանիլ կամ ընդունիլ: Դրամ ունենալը երբեմն յանցանքի զգացումը կու տայ ձեզի, ասիկա հաւանաբար ձեր ստացած դաստիարակութեան արդիւնքն է: Այլ խօսքով, դրամին հետ ձեր յարաբերութիւնները հաշտ չեն, զայն սիրելով հանդերձ, կը ջանաք անոր ստրուկը չդառնալ:
– Եթէ «Դ.»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը իշխանութիւն է ձեզի համար, միջոց` ձեր տեսակէտը պարտադրելու ձեր շրջապատին:
Կը սիրէք դրամը, որովհետեւ ընկերութեան մէջ ձեզի դիրք եւ վարկ կ՛ապահովէ: Առանց անոր` անպաշտպան, տկար եւ մեկուսացուած կը զգաք:
– Եթէ «Ե»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը պարզապէս անհրաժեշտութիւն մըն է ձեր կարծիքով: Թէեւ ձեզի համար դրամը օգտակար, գործնական եւ անհրաժեշտ է, սակայն բարոյական եւ զգացական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ: Շատ անգամ անիկա նոյնիսկ մտահոգութեան աղբիւր է, կը զգուշանաք ներդրումներ կատարելէ եւ հասութաբեր ձեռնարկներ նախաձեռնելէ:
Կին Դէմքեր
Մարկարեթ Թաչըրը Ըսած Է
Մարկարեթ Թաչըր դարձաւ Մեծն Բրիտանիոյ առաջին կին վարչապետը եւ 11 տարի ղեկավարեց աշխարհի ամենապահպանողական երկիրներէն մէկը: Խորհրդային լրագրողները զինք անուանեցին «Երկաթէ տիկին» եւ այդ անունը, ի դէպ, ան շատ հաւնեցաւ…
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս անսովոր կնոջ հետաքրքրական միտքերը:
1.- Ես աննախադէպ համբերատար եմ, պայմանաւ որ ի վերջոյ իմ ճամբաս անցնիմ:
2.- Առանց տնտեսական ազատութեան` ուրիշ որեւէ ազատութիւն գոյութիւն չունի:
3.- Պէտք է լաւ ուսումնասիրես թշնամիդ, օր մը կարելի է զայն ընկերոջ վերածել:
4.- Պարտադիր չէ, որ զրուցակիցիդ հետ համաձայնիս ամէն բանի շուրջ, որպէսզի անոր հետ լեզու գտնես:
5.- Տունը կնոջ համար պէտք է ըլլայ կեդրոն, բայց` ոչ կեանքի սահման:
6.- Ես ունիմ կնոջ կարողութիւնը` հաւատարիմ մնալու աշխատանքին եւ զայն շարունակելու, երբ բոլորը ձգելով` կը հեռանան անկէ:
7.- Պարտութի՞ւն, ես այս բառի իմաստին ծանօթ չեմ:
8.- Ես միջին եզրերու քաղաքական գործիչ չեմ, ես համոզումներ ունեցող քաղաքական գործիչ եմ:
9.- «Եթէ կ՛ուզես որեւէ բան ըսել, դիմէ տղամարդուն, եթէ կ՛ուզես որեւէ բան ընել, դիմէ կնոջ:
10.- Այն կինը, որ լաւ ըմբռնած է տուն վարելու դժուարութիւնները, աւելի լաւ կը հասկնայ երկրի կառավարման դժուարութիւնները:
11.- Աքլորը թերեւս լաւ ծուղրուղու կը կանչէ, սակայն միեւնոյնն է, հաւն է, որ հաւկիթ կ՛ածէ:
Խոհագիր
Ծոթրինով Խրթխրթան Պատառիկներ
Եթէ տունը օթեկ արաբական հաց ունիք, մի՛ թափէք, այլ պարզապէս զանոնք օգտագործեցէք ծոթրինով խրթխրթան պատառիկներ պատրաստելու համար:
Հացի իւրաքանչիւր երեսին ձէթով ծոթրին տարածեցէք, գլանաձեւ փաթթեցէք, ապա իւրաքանչիւրը 4 սմ երկարութեամբ կտրատեցէք ու ափսէին մէջ շարեցէք:
180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփեցէք, մինչեւ որ պատառիկները ոսկեգոյն դառնան:
Մատուցեցէք բաց ամանի մը մէջ, կեդրոնը` քամած մածուն կամ որեւէ այլ թաթխան զետեղելով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ամենաերկար Բանաստեղծութիւնը
Ես գրում եմ քեզ
աշխարհի ծայրից, մա՛մ,
որովհետեւ մենք իրարից
հեռու ենք ընդամէնը մէկ կամուրջ,
բայց սա աշխարհի ծայրն է,
որովհետեւ այստեղից այդտեղ եկողը
տեղ չի հասնում…
Դու ասում ես, որ
հացի հերթերում ամէն օր
հպարտութիւն են վաճառում,
դրա համար նախընտրում
ես հաց չուտել,
Ասում ես սուրճը եւ շաքարը վնասում էին առողջութեանդ,
հիմա շատ լաւ ես քեզ զգում,
շրջափակումը իսկական բժիշկ է, սննդաբան,
սրտաբան…
Ես քեզ ասում եմ, որ էլ չեմ ուտում քո սիրելի մրգերը,
դու ժպտում ես եւ ցոյց ես տալիս մեր այգու կարկտահարուած
խնձորները ու ասում ես, թէ
մի տեղ կարդացել ես, որ կարկուտից յետոյ
խնձորները ամենաօգտակարն են…
Կարօտի մասին խօսելիս,
դու ասում ես, որ աւելի մեծ կարօտներ կան աշխարհում,
Որոնք վերադարձ չունեն, ապա յիշում ես քո աշակերտներին,
ովքեր կռիւ գնացին ու էլ տուն չեկան:
Դու ասում ես, որ խաղաղութիւնը մի օր գալու է,
ուզի-չուզի գալու է,
որովհետեւ պատերազմները
միշտ գնում են խաղաղութեան յետեւից,
չեն հանգստանում
մինչեւ նրան յետ չեն բերում:
Ասում եմ, որ դու զարմանալի
լաւատես ես,
դու շարունակում ես ծաղիկներդ ջրել
ու ասում ես, որ աշխարհի
ամենասիրուն ծաղիկները
շրջափակման մէջ են ծաղկում, որովհետեւ
այդ օրերին տղամարդիկ
կամաց-կամաց հասկանում են, որ
ծաղիկները նուիրելու համար են,
որ իրենք հազար ու մի
ծաղիկներ կարող էին նուիրել,
հազար ու մի ծաղկեփնջեր,
հազար ու մի ուշադրութիւն:
Սէրը կանգնում է սովի դէմ
ու քո այգու բոլոր ծաղիկները
միանգամից բացւում են…
Կապը թոյլ է,
հեռախօսի մէջ մի քանի անգամ կրկնում ենք.
– Մամ
– Հեմ
– Մամ
Յետոյ Էդպէս էլ չեմ հասկանում հեմ ես ասում, թէ հէյ,
խօսում եմ ինչ մտքիս փչի,
վերջին ծիծաղ դէպքն եմ պատմում, ծիծաղում եմ,
ինձ թւում է լսում ես,
որովհետեւ չես անջատել,
արագ անջատում եմ,
որ ծիծաղով աւարտենք:
Աշխարհի ծայրում առաւօտ է, մա՛մ,
ես քեզ գրում եմ աշխարհի ծայրից,
որովհետեւ նեղ է աշխարհի քարտէսը եւ մեր մեծ գիւղը
չի տեղաւորւում այդ նեղութեան մէջ,
քարտէսի վրայ շրջափակումները տեղ չունեն:
Ես քեզ երէկ գոյնզգոյն գրիչներ եմ առել ու շատ տետրեր,
ախր սեպտեմբերի մէկ է, մա՛,
դու էդ օրերին ինձ
պտտեցնում էիր Ստեփանակերտի խանութներով, որ նուէրներ առնեմ աշակերտներիդ:
Հիմա ես նայում եմ դրանց
ու չգիտեմ, թէ ինչ եմ անելու,
որովհետեւ աշխարհի
ամենատխուր գրիչները ու ամենատխուր տետրերը
ապրում են աշխարհի ծայրում`
հազարաւոր գրախանութների փեղկերին
ու իմ ձեռքերում,
որովհետեւ աշխարհի ծայրում սեպտեմբերի մէկը երբեք չի ուշանում…
Ամենաերկար
Բանաստեղծութիւնը սա է,
որովհետեւ այն սկսուել է անցած տարուան դեկտեմբերին
եւ չգիտեմ` երբ է աւարտուելու…
ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Նամակներ մօրս»
2023թ. օգոստոս