Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ջերմաստիճանի աննախընթաց բարձրացումով պայմանաւորուած` բժիշկները կը թելադրեն.
– Խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն, յատկապէս` ժամը 12:00-16:00,
– Տունէն դուրս ելլելու պարագային կրել գլխարկ, արեւապաշտպան ակնոց, հովանոց: Հագուիլ բաց գոյնի, օդաթափանց եւ նախընտրաբար բամպակեայ հագուստներ,
– Ջրազրկումէ պաշտպանուելու համար շատ հեղուկ օգտագործել, նախընտրաբար` ջուր կամ թան: Հեղուկները թող ըլլան գաղջ կամ քիչ մը աղ, այդպէս անոնք աւելի լաւ կը յագեցնեն ծարաւը,
– Չչարաշահել քաֆէին, շաքար եւ ալքոլ պարունակող ըմպելիքները` թէ՛ տաք եւ թէ՛ սառ վիճակով,
– Նախապատուութիւնը տալ թեթեւ, դիւրամարս ուտելիքներուն, շատ պտուղ եւ բանջարեղէն օգտագործել,
– Թելադրելի է, որ երեխաները, յղիները, տարեցներն ու քրոնիք հիւանդութիւններ ունեցող անձերը, ցերեկային տաք ժամերուն քնանան կամ պառկին, քանի որ պառկած դիրքով կը դիւրանայ արեան շրջանառութիւնը,
– Ամէնօրեայ աշխատանքները կատարել օրուան համեմատաբար զով ժամերուն,
– Հրաժարիլ երկար եւ ծանր մարզումներէն, որոնք քրտնարտադրութիւն կը պատճառեն, ինչ որ իր կարգին ջրազրկումի պատճառ է:
Նորաձեւութիւն
Յառաջիկայ Աշուն–Ձմեռ Նորաձեւութեան
Գլխաւոր Աքսեսուարները
Նորաձեւութեան աշխարհէն ներս աքսեսուարները գրեթէ նոյնքան կարեւոր են, որքան` հագուստները: Աքսեսուարները մեր անձին արտացոլացումն են, անոնք կ՛անհատականացնեն մեր տեսքը եւ մեզ կը դարձնեն իւրայատուկ:
Ահա թէ ի՛նչ աքսեսուարներ նախատեսած են ոճաբանները յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակներուն համար:
ՊԱԼԱՔԼԱԽԱ (balaclava) գլխարկները ոչ միայն ոճային են, այլեւ` գործնական, քանի որ ցուրտ օրերուն անոնք կը պաշտպանեն ոչ միայն գլուխը, այլ նաեւ` վիզն ու ականջները:
ՄԻՆՉԵՒ ԾՈՒՆԿ ՀԱՍՆՈՂ ՍԵՒ ԳՈՒԼՊԱՆԵՐԸ, որոնք դպրոցական տարիները կը յիշեցնեն, կարելի է կրել կարճ փէշերու, հագուստներու եւ շորթերու հետ:
ԹԱՆՁՐ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՎԶԿԱՊՆԵՐԸ, այո՛, վիզին շուրջ փաթթուած, թէ գլուխն ու ուսերը ծածկող գծաւոր, գունաւոր բրդեայ շալերը եւս նորաձեւ են յառաջիկայ եղանակներուն:
ՃԵՐՄԱԿ ՇՐՋԱՆԱԿՈՎ ԱԿՆՈՑՆԵՐԸ որքան ալ հնաոճ թուին, անոնք իրենց ճերմակ կամ «քրեմ» շրջանակներով վերադարձած են` որպէս հիմնական աքսեսուարներ:
ՓՈՂԿԱՊՆԵՐԸ նոյնպէս վերադարձած են` զարդարելու համար լայն, թափթփած տաբատներն ու մեծ բաճկոնները:
ՄԵԾ ԱԿԱՆՋՕՂԵՐԸ թելադրելի է կրել մազերը դէպի ետեւ հաւաքուած սանտրուածքով` դէմքին ու պարանոցին յաւելեալ գեղեցկութիւն տալու համար:
ՃԵՐՄԱԿ ՄՈՅԿԵՐԸ եւս նորաձեւ են, պայմանաւ որ անոնք ըլլան երկարավիզ ու ծածկեն ծունկերը: Ինչ կը վերաբերի կրունկներուն, բոլոր տարբերակներն ալ ընդունելի են:
Բացի այս եօթը գլխաւոր աքսեսուարներէն` Պալմեն, Շանել, Սիմոն Ռոշա, Սեն Լօրան եւ այլ նորաձեւութեան տուները իրենց հերթական փառատօներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առած էին մեծ զարդասեղները, մարգարտեայ զարդերն ու զանազան չափի ու ոճի մատանիները:
Մեր Առօրեայէն…
Հրաժարինք Մեծաքանակ Գնումներէն
Բոլորս ալ ունինք այն սխալ համոզումը, որ մեծաքանակ գնումները աւելի խնայողական են եւ շահաւէտ: Ստորեւ կը ներկայացնենք է բաներ, որոնցմէ պէտք չէ մեծաքանակ գնել. ահա թէ ինչո՛ւ.
– ԿԱԹՆԵՂԷՆՆԵՐԸ, այո՛, յատկապէս քամած մածունը, պանիրի որոշ տեսակները, հեղուկ կաթը ունին սպառման ժամկէտներ. եթէ մեր սովորական սպառումէն շատ աւելին գնենք, անհաւանական չէ, որ մէկ մասը աղբաման թափենք, քանի որ անոնք պարզապէս կը թթուին կամ կը բորբոսին: Այս մթերքները կարելի չէ սառցարանը պահել` անոնց կեանքը երկարելու կամ թարմ պահելու համար, հետեւաբար մեծաքանակ գնելը սխալ որոշում է:
– ՀԱՄԵՄՆԵՐԸ նոյնպէս մեծաքանակ գնելը անիմաստ է, քանի որ անգամ մը 6 ամիսը անցնի, անոնցմէ շատերը կը կորսնցնեն իրենց բոյրն ու համը: Նախընտրելի է քիչ քանակութեամբ գնել, թարմ-թարմ օգտագործել եւ վայելել անոնց համն ու բոյրը:
– ՄԱՅՈՆԵԶԸ գնենք մեր սպառումին համապատասխան քանակութեամբ: Ճիշդ է, որ մեծ չափի շիշը շատ աւելի խնայողական է, քան` փոքրը, բայց երկար ժամանակ սառնարանը մնալով` անոր կեանքը այդքան ալ չ՛երկարիր, յատկապէս երբ նկատի առնենք, որ անիկա ինչ հերթականութեամբ սառնարանէն կ՛ելլէ ու սառնարան կը վերադառնայ` ճաշի սեղանին վրայ առնուազն մէկ ժամ մնալով:
Հաւկիթ պարունակող այս ուտելիքը գնենք փոքր շիշերով, յատկապէս` ամրան տաք եղանակին: Մայոնեզէն թունաւորումները շատ յաճախակի երեւոյթ են:
– ԴԷՄՔԻ ՍԵՌԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՒՇԱՀՈՏԵՐԸ գնենք փոքր սրուակներով: Յաճախ անոնք կը վաճառուին երկու տարբեր չափերով. նախապատուութիւնը տանք փոքր չափերուն, քանի որ անգամ մը որ գործածելու սկսինք, անոնք օդին եւ լոյսին հետ շփուելով` կը սկսին քիչ¬քիչ տարբաղադրուիլ:
– ՍՈՒՐՃԸ ճիշդ է, որ հիննալով մեր առողջութեան չի վնասեր, բայց անիկա անկասկած կը կորսնցնէ իր համն ու բոյրը: Սուրճի բոլոր սիրահարները կը հաստատեն այս ճշմարտութիւնը:
Եկէ՛ք` չտարուինք ծանուցումներով եւ պերճախօս վաճառողներու խօսքերով եւ ճիշդ ընտրութիւն կատարենք:
Ձեր Առաջին Հակազդեցութիւնը
Կը Բացայայտէ…
Բոլորս ալ մեր կեանքին մէջ ունինք առաջնահերթութիւններ` ընտանիք, աշխատանք, բարեկամներ եւ այլն… Իսկ ո՞րն է ձերը:
Եթէ ձեզի կը սպասեն 4 հրատապ գործեր, դուք ինչպէ՞ս կը հակազդէք, ո՞ր մէկուն կու տաք առաջնահերթութիւնը:
1.- Լացող երեխան գրկել ու հանգստացնել,
2.- Բաց մնացած ծորակը գոցել, արդէն ջուրը լուացարանէն կը յորդի,
3.- Շտապել դուռը բանալու, հիւրերը արդէն հասած են,
4.- Պատասխանել աշխատավայրի թիւով հնչող հեռախօսին:
* * *
Եթէ առաջին հերթին կը շտապէք լացող երեխան գրկելու եւ հանգստացնելու, ընտանիքն է ձեր առաջնահերթութիւնը, կեանքի մէջ ամէն բան երկրորդական է` ընտանիքին հետ բաղդատած:
Եթէ անմիջապէս կը վազէք դէպի բաց ծորակն ու հոսող ջուրը, նիւթականն է ձեր առաջնահերթութիւնը. ոչ մէկ մսխում… զգացումները մէկ կողմ դրած` դուք կը գերադասէք գործնական միտքն ու տրամաբանութիւնը:
Եթէ ամէն բան ձգելով` կը փութաք դուռը բանալու, բարեկամներն են ձեր առաջնահերթութիւնը: Բարեկամները, փոխադարձ այցելութիւններն ու հաճելի զրոյցները օդի եւ ջուրի չափ կենսական են ձեզի համար:
Եւ վերջապէս, եթէ անմիջապէս հեռախօսին կը պատասխանէք, ձեր գործն ու ասպարէզը ամէն բանէ վեր կը գերադասէք: Ամբողջ հոգիով նուիրուած էք ձեր գործին, անիկա ձեր կեանքին իմաստն է, մղում տուողն ու դէպի առաջ տանողը:
Խոհագիր
Ոսպով Թաթխան
Հըմմոսին ծանօթ էք, նոյնպէս ալ` մութապպալին, բայց արդեօք իմացա՞ծ էք անոնց ոսպով տարբերակին մասին: Ստորեւ` բաղադրատոմսը:
Բաղադրիչներ`
1 գաւաթ խաշած սրճագոյն ոսպ
1 սոխ
2 պճեղ սխտոր
Քառորդ գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
Քառորդ գաւաթ կիտրոնի հիւթ
Քառորդ գաւաթ թահին
Քիմիոն, աղ, սեւ պղպեղ` ըստ ճաշակի
Պատրաստութիւն
Հարիչին մէջ դնել խաշած ոսպը, կտրատուած սոխը, սխտորը, ձէթը, կիտրոնի հիւթը, թահինն ու համեմները եւ լաւ հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով, խաշած ոսպով, մանրուած լոլիկով եւ քիչ մը ձէթով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Օրերը մռայլ են, ահարկու,
Անորոշ ու գորշ են օրերը:
Լեռները բախւում են մէկմէկու,
Տագնապով մտնում են ձորերը:
Խեղդւում ենք մենութեան անձաւում,
Չենք քայլում, ուր մնաց թռնելը:
Անցեալը թողել ենք անցեալում,
Եւ փակ են գալիքի դռները:
Չգիտեմ, թէ ո՛ւր ենք գնալու,
Բայց գիտեմ, որ ինչ էլ պատահի,
Աշխարհում մենք մենք ենք մնալու`
Ճեղքելով չարութիւնն աշխարհի:
Աշխարհում մենք մենք ենք մնալու`
Մեր քամած հին գինու թնդութեամբ,
Մեր խորքով, մեր խօսքով քաղցրալուր,
Էն գլխից պարտուածի պնդութեամբ:
Կը մնանք (եւ դարձեալ նեղուելով)
Մեր ոգու խորհրդի խորութեամբ,
Մեր ժլատ Աստծու նուէրով –
Քարեղէն մեր կղզու գոյութեամբ:
Լեռները բախւում են մէկմէկու,
Ընկնում ու լցւում են ձորերը:
Օրերը մռայլ են, ահարկու,
Անորոշ ու գորշ են օրերը:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ