Կնոջական

Նուիրելը Հաճո՞յք, Թէ՞ Տաղտուկ Է

Նուիրելը Հաճո՞յք, Թէ՞ Տաղտուկ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ նուիրելու արարքը աւելի յաճախ կ՛երջանկացնէ մարդիկը, քան` ստանալը: Գիտականօրէն նաեւ հաստատուած է, որ թէ՛ նուիրելու եւ թէ՛ ստանալու հաճոյքը ուղեղին մէջ կը բարձրացնէ տոփամինի (հաճոյքի հորմոնի) տոկոսը: Կաղանդի նախօրեակին շատերու մղձաւանջն է նուէրներու ընտրութիւնը: Իսկ դո՞ւք, դժուարութիւն կ՛ունենա՞ք նուէրներու ընտրութեան ատեն, ձեզի համար ի՞նչն է առաջնահերթը` նուէրին օգտակար ըլլա՞լը, դաստիարակի՞չ ըլլալը, թէ՞ ստացողին...

Ազգագրագէտներու Կարծիքով.  Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղանները

Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղանները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամանորեայ սեղաններու մրցավազքը տարուէ տարի կը զարգանայ: Դժբախտաբար շատեր նոյնիսկ վարկ կը վերցնեն իրենց Ամանորեայ սեղանին պատրաստութեան համար: Ինչպէս Ամանորին, այնպէս ալ բոլոր տօներուն բնորոշ տօնածիսական ճաշատեսակներ գոյութիւն ունին, սակայն շատեր արդէն մոռցած են անոնց բովանդակութիւնն ու բուն իմաստը եւ ձեւականութեան ետեւէն կը վազեն պարտքով Նոր տարի նշելու համար... Ոմանք այնքան մթերքներ կը գնեն եւ ճաշեր կը պատրաստեն,...

Երբ Տօները Կը Շեղին Իրենց Բուն Իմաստէն Եւ Կը Դառնան Ընկճախտի Պատճառ

Երբ Տօները Կը Շեղին Իրենց Բուն Իմաստէն Եւ Կը Դառնան Ընկճախտի Պատճառ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Տարբեր մարդոց համար տօները կրնան տարբեր նշանակութիւններ ունենալ` ըստ կրօնին, համոզումներուն, դաստիարակութեան, բայց նաեւ` կեանքի լաւ կամ գէշ փորձառութեան: Շատ շատերու համար Ամանորն ու Ս. Ծնունդը հաւատքի ամրապնդման, խնճոյքի, տօնախմբութեան եւ վերամիաւորման առիթներ են, մինչդեռ ուրիշներու համար թախիծի, անձկութեան եւ ընկճախտի պատճառ: Մարդոց մեծամասնութիւնը վերոյիշեալ զոյգ տօները կ՛ընկալէ որպէս` - Կրօնական Տօն. Այո՛ շատերու համար տօները, յատկապէս` Ս....

Քանի Մը Տողով.  Հայաստանը Առաջին Անգամ Ըլլալով…

Քանի Մը Տողով. Հայաստանը Առաջին Անգամ Ըլլալով…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ մեծ ճանաչում վայելող Սթրազպուրկի Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին: Համաշխարհային ճանաչում ունեցող տօնավաճառին ներկայացուած են աւելի քան 60 հայ վարպետներու շուրջ 400 տեսակի ձեռագործ աշխատանքները: Հայկական զարդանաշխերով ստեղծուած Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի խորհրդանիշները շուրջ մէկ ամիս (նոյեմբեր 24-էն դեկտեմբեր 24) կը զարդարեն Սթրազպուրկի «Սեն Թոմա» հրապարակին վրայ տեղադրուած հայաստանեան հիւրընկալ տաղաւարը: Տօնավաճառի...

Հետաքրքրական.  Վերջերս Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ղափամայի Փառատօն

Հետաքրքրական. Վերջերս Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ղափամայի Փառատօն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս «Վերնիսաժ»-ի տարածքին, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ ղափամայի եղանակային փառատօն: Փառատօնը կայացաւ նոյեմբեր ամսուն, քանի որ դդումի բերքը կը հասնի ճիշդ այդ ժամանակ: Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանի խօսքով, փառատօնին նպատակներէն մէկը մեր ազգային մշակոյթն ու խոհանոցը հանրահռչակելն է, ինչպէս նաեւ` զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, իսկ «Վերնիսաժ»-ը այդ պատճառով ընտրուած է, քանի որ...

Ինչպէ՞ս Տունը Վերածել Յարմարաւէտ ու Հաճելի Վայրի Մը

Ինչպէ՞ս Տունը Վերածել Յարմարաւէտ ու Հաճելի Վայրի Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Տունը այն վայրն է, ուր ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին մենք պէտք է կարենանք բեռնաթափուիլ մեր առօրեայ բոլոր հոգերէն, թուլանալ ու խաղաղիլ: Շատ կարեւոր է տան մէջ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք մեզ պիտի պաշտպանեն բացասական զգացումներէ եւ բնակարանը վերածեն յարմարաւէտ ու հաճելի վայրի մը: Ահա՛ 7 դիւրին խորհուրդներ, որոնց օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը: - 1 -...

Պարի Մը Պատմութիւնը.  Բատոլա

Պարի Մը Պատմութիւնը. Բատոլա

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բատոլան հայկական ծիսական հարսանեկան պարերգ է. զայն հայկական աւանդական հարսանիքներու ժամանակ կատարեր են հարսին ընկերուհիները, իսկ հետագային` ուրախ հաւաքոյթներու ժամանակ: Բատոլան բաւական տարածուած է Շիրակի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի, Արարատի մարզերուն, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ: Պարերգը ծանօթ է տարբեր անուններով` «Բատոլա», «Բատալօ», «Բատոլօ» եւ այլն... Ցարդ «Բատոլա» բառի բացատրութեան մասին տեղեկութիւնները շատ քիչ են եւ անբաւարար: Որոշ ուսումնասիրութիւններու...

Հետաքրքրական.  «Ֆորպզ» Կ՛անդրադառնայ Երեւանեան Խոհանոցի Նրբութիւններուն

Հետաքրքրական. «Ֆորպզ» Կ՛անդրադառնայ Երեւանեան Խոհանոցի Նրբութիւններուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Ֆորպզ» ամսագրի խոհարարական սիւնակագիր Լայզա Զիմերման վերջերս այցելած է Երեւան եւ այդ առիթով իր տպաւորութիւնները կիսուած է ամսագրին խոհարարական սիւնակին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը: Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք Զիմերմանի յօդուածէն հատուածներ: «Հայկական խոհանոցին առաջին անգամ ծանօթացայ Շիքակոյի «Սայաթ Նովա» ճաշարանին մէջ: Յետոյ շարունակեցի հայկական ճաշարաններ այցելել Լոս Անճելըսի մէջ. համեղ հայկական ուտեստներու ծանօթացայ «քարուսել»-ի մէջ, որ կը...

Գեղօրի Մը Պատմութիւնը  Ցուլի Արձանիկը

Գեղօրի Մը Պատմութիւնը Ցուլի Արձանիկը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կը պատմուի, որ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը այնքան չէր սիրեր իր ծննդեան տօնը, որքան` անուանակոչութեանը: 1917-ի յունուար 14-ը ձիւնառատ օր էր: Երկու տասնեակէ աւելի երիտասարդ գրողներ հաւաքուեր էին իրենց ընկերոջ տան մօտ եւ որոշեր էին նուէր մը մատուցել անոր: Անոնք գներ էին ցուլի սեւ արձանիկ` վրան պրոնզէ աղջիկ: Կ՛որոշեն նուէրը յանձնել երեք կին գրողներու ձեռամբ... Բանաստեղծուհիները կը...

Կերակուրի Մը Պատմութիւնը

Կերակուրի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խաշլաման գառնուկի կամ հորթի միսով պատրաստուած հայկական աւանդական կերակուր է, անուանումը յառաջացած է հայերէն «խաշել» բառէն: Անցեալին Նաւասարդ տօնի ժամանակ Արամազդ աստուծոյ ի պատիւ ուխտագնացութիւններ կը կատարուէին դէպի սուրբ վայրեր եւ այդ առիթով խաշլամա կը պատրաստէին: Խաշլամա պատրաստելու տարբեր ձեւեր կան. մեր օրերուն իւրաքանչիւր խոհարար իր տարբերակը ունի, բայց զայն պատրաստելու հիմնական սկզբունքը կաթսային մէջ շարքերով միս եւ...

Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը.  «Մենք Ենք Մեր Սարերը»

Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը. «Մենք Ենք Մեր Սարերը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ստեփանակերտի, ինչպէս նաեւ Արցախի խորհրդանիշն է «Մենք ենք մեր սարերը» կամ, ինչպէս տեղացիները կ՛անուանեն` «Տատիկ Պապիկ» տուֆակերտ կոթողը: Քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանի ստեղծագործութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանեկան արժէքներու եւ կեանքի պահպանման նկատմամբ արցախցիներու անկոտրում կամքը, ինչպէս նաեւ` արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը: Մէջբերումներ` քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանի որդի Աշոտ Բաղդասարեանի յուշերէն, ինչ կը վերաբերի յուշակոթողին: «Երբ նա կերտում...

Լաւատե՞ս, Թէ՞ Յոռետես Զաւակ Դաստիարակած Էք

Լաւատե՞ս, Թէ՞ Յոռետես Զաւակ Դաստիարակած Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մանուկներուն բացասական եւ յոռետես մտածումները պայմանաւորուած են անոնց ունեցած տհաճ փորձառութիւններով: Որո՞նք են յոռետես երեխային ախտանշանները. Ա.- Երեխան շատ արագ կը զայրանայ ինքն իր վրայ: Բ.- Ան դժուար կը հանդուրժէ անյաջողութիւնները, կորուստներն ու հիասթափութիւնները: Գ.- Ան առաջին իսկ դժուարութեան դիմաց կը յանձնուի: Դ.- Ան կը չափազանցէ տհաճ իրադարձութիւնները: Ե.- Ան ինքզինք կը մեղադրէ արտաքին գործօններու պատճառով պատահած բաներու...

Հետաքրքրական.  Յուշաղբիւրի Մը Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Յուշաղբիւրի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի յայտնի գործերէն է Սայաթ Նովայի յուշաղբիւրը: Յուշաղբիւրին վրայ կը տեսնենք Սայաթ Նովայի դիմաքանդակը եւ աղբիւր մը: Այս աղբիւրէն ջուր խմելը շատ դժուար է, հոսկէ ջուր խմելու համար կա՛մ շատ ճկուն պէտք է ըլլալ, կա՛մ ալ անխուսափելիօրէն ոտքերը թրջել... Իսկ ինչո՞ւ այսպէս կառուցուած է. աղբիւրին գաղտնիքը Սայաթ Նովային խօսքերուն մէջ պահուած է: «Դուն էն գլխէն» երգի...

Հետաքրքրական. Դաղդղան

Հետաքրքրական. Դաղդղան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլոր ժողովուրդներուն մօտ կարելի է հանդիպիլ հմայեակներու, որոնք չարխափան յատկութիւն ունին եւ կ՛օգնեն պաշտպանուելու չար աչքերէն: Հմայեակներուն մէջ ամէնէն տարածուածները կապոյտ ուլունքներն են, զորս մարդիկ կը կրեն իրենց վիզին կամ կը կախեն իրենց տան դրան վրայ: Հայերը ունին իրենց յատուկ հմայեակը, որ դաղդղան կը կոչուի: Անիկա փայտէ պատրաստուած է, անցեալին ժողովուրդը զայն կրեր է որպէս զարդ, կախեր է...

Հետաքրքրական.   Սուգի Պարեր

Հետաքրքրական. Սուգի Պարեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Պարը կ՛արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գիծերը, մանաւանդ` բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը» ԿՈՄԻՏԱՍ Հայկական ազգային պարը իր ծագման օրէն արտայայտած է հայ ժողովուրդին կենցաղը, մտածողութիւնն ու վերաբերումը` կեանքին եւ բնութեան հանդէպ: Արդէն նախաքրիստոնէական ժամանակներէն հայերը պարին հանդէպ շատ լուրջ եւ զգուշ վերաբերում ցուցաբերած են, քանի որ պարերը ունէին ծիսական նշանակութիւն եւ ձօնուած էին աստուածներուն, հետեւաբար որեւէ սխալ շարժում կը...

Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի Վերջին Ստեղծագործութիւնը

Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի Վերջին Ստեղծագործութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Տիոր» նորաձեւութեան տունը թողարկած է նոր օծանելիք մը` «Ժ՛ատոր Լ՛օր»-ը, որ բուրագործ (parfumeur) Ֆրանսիս Քիւրքճեանի յղացումն է: «Ժ՛ատոր Լ՛օր»-ը նուրբ համադրումն է նարինջի ծաղիկի, յասմիկի, նուշի, մանկայի, պանանի բոյրերուն: Անիկա մրգային եւ ծաղկային բոյրերու անզուգական միախառնումն է` յագեցած «սենթիֆոլիա ռոզ»-ի հզօր բուրմունքով: Նշենք, որ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան ունի իր անունը կրող օծանելիքի տունը, զոր հիմնած է 2009-ին, իր...

Առողջապահական.  Տաք Եղանակին Առողջական Խնդիրներէ Խուսափելու Համար…

Առողջապահական. Տաք Եղանակին Առողջական Խնդիրներէ Խուսափելու Համար…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Ջերմաստիճանի աննախընթաց բարձրացումով պայմանաւորուած` բժիշկները կը թելադրեն. - Խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն, յատկապէս` ժամը 12:00-16:00, - Տունէն դուրս ելլելու պարագային կրել գլխարկ, արեւապաշտպան ակնոց, հովանոց: Հագուիլ բաց գոյնի, օդաթափանց եւ նախընտրաբար բամպակեայ հագուստներ, - Ջրազրկումէ պաշտպանուելու համար շատ հեղուկ օգտագործել, նախընտրաբար` ջուր կամ թան: Հեղուկները թող ըլլան գաղջ կամ քիչ մը աղ, այդպէս անոնք աւելի լաւ կը յագեցնեն...

Հետաքրքրական.  Հայկական Ծիրանին Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Հայկական Ծիրանին Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Ծիրանը կը համարուի Հայաստանի ամենավառ խորհրդանիշներէն մէկը` զիջելով միայն Արարատին եւ նուռին: Մինչեւ իսկ ծիրանին լատինական անուանումը` Prunus Armeniaca, կը յուշէ, թէ որքա՛ն հայկական է այս պտուղը: Ծիրանը Հայաստանի մէջ յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն: Պեղումներու ընթացքին Գառնիի մէջ յայտնաբերուած են ծիրանի կորիզներ: Շատ մը գիտնականներ նաեւ կը պնդեն, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացին ծիրանը Հայաստանէն տարեր է Յունաստան` զայն ներկայացնելով...

Հետաքրքրական Գիտելիքներ.  Ամրան Ամենասիրելի Տօնին` Վարդավառի Մասին

Հետաքրքրական Գիտելիքներ. Ամրան Ամենասիրելի Տօնին` Վարդավառի Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Վարդավառը նաեւ ծանօթ է Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօն անունով. անիկա Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է: Շարժական այս տօնը կը կոչուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին, իսկ այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ կիրակի, 16 յուլիսին: * * * Վարդավառ բառը տարբեր ստուգաբանութիւններ ունի. բոլորն ալ կը բնութագրեն տօնին հազարամեայ խորհուրդները: Տարբերակի մը համաձայն, Վարդավառ բառը կազմուած է...

Թոնիրի Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

Թոնիրի Խորհուրդը Հայերուս Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալին հայերուն մօտ թոնիրը նկատուած է արեւուն խորհրդանիշը գետնի մէջ, իսկ լաւաշը` խոնարհումն Աստուծոյ: Կը պատմուի, թէ երբ տան մը մէջ թոնիր կը կառուցուէր, այդ օճախը, այդ տունը կարծես կը կնքուէր. կարծես տուեալ տան մէջ երեխայ ծնած ըլլար... ընտանիքի անդամներուն համար մեծ ուրախութիւն էր, տարեցները կ՛երգէին, կ՛ուրախանային, կը կատակէին... Կը բերուէին տարբեր տեսակի քաղցրաւենիքներ` նշելու համար այդ ուրախ...

Page 5 of 23 1 4 5 6 23

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?