Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այո՛, նկարին վրայ պատկերուած հայուհին 82-ամեայ Գենիա Մուրադեանն է. իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ…
– Գենիան «Մայր Հայաստան» արձանի բնորդուհին է. ան Երեւան կ՛ապրի եւ ամէն առտու իր տան պատշգամէն կը տեսնէ հայրենիքի պահապան հրեշտակ արձանը:
– Գենիան 17-18 տարեկան էր, երբ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանը առաջարկեց «Մայր Հայաստան» արձանին բնորդուհին դառնալ: Գենիային մայրը մերժեց, սակայն շատ չանցած` ան եղբօրը հետ ներկայացաւ քանդակագործին աշխատանոցը եւ 4-5 նիստէ ետք արձանին դէմքը արդէն պատրաստ էր:
– Գենիային կարծիքով, արձանին դէմքը շատ նման է իր դէմքին` բացի յօնքերէն. քանդակին յօնքերը միացած էին… Արա Յարութիւնեանին բացատրութեամբ, ատիկա վեհ եւ ուժեղ կնոջ իմաստ ունի: Հայ կինը եղած է ուժեղ, յաղթանակող, կռուող, պաշտպանող` ազգը եւ հայրենիքը:
– Մասնագիտութեամբ մանկավարժ Մուրադեանը, որ օրեր առաջ այցելած էր «Մայր Հայաստան»-ի յուշահամալիր, յայտարարած է` «Քանդակին ես տուեցի իմ դէմքը, իսկ քանդակը ինձ տուեց իր ուժը»:
– «Մայր Հայաստան» 22 մեթր բարձրութեամբ արձանը կը գտնուի Յաղթանակ զբօսայգիին մէջ: 1967-ին արձանը տեղադրուեցաւ Եոսեֆ Ստալինի արձանին տեղը: Արձանին բացումը տեղի ունեցած էր 1950 թուականի նոյեմբեր 29-ին, Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման 30-ամեայ տարեդարձին օրը:
Առողջապահական
Երբ Գործի Տեսակը Կ՛ազդէ
Առողջութեան Վրայ
Սրունքներու ցաւ, վիզի եւ ուսերու լարուած մկաններ, գլխացաւ, ծակծկուող աչքեր, գերզգայնութիւն… Գործի տեսակը մեծ դեր կը խաղայ նման ցաւերու պարագային. այսուհանդերձ, ասոնցմէ շատերը լուծում եւ դարման ունին, ահաւասիկ` մէկ քանին.
Կանգնած Աշխատանքը
Ոտքի վրայ երկար ժամեր աշխատողներուն 80 առ հարիւրը կը տառապի սրունքի ցաւէ եւ ծանրութենէ, որոնք հետեւանք են արեան վատ շրջագայութեան: Այս անպատեհութեան ենթակայ են` հիւանդապահուհիները, վարսայարդարները, հանրախանութներու եւ վաճառատուներու մէջ ծախող կամ հսկող անձինք, խոհարարները եւ այլն…
Նման պարագայի, յանձնարարելի է բԺիշկին հաւանութեամբ կրել բժշկական յատուկ գուլպաներ, որոնք թէ՛ կանխարգիլող եւ թէ՛ դարմանող յատկութիւն ունին: Երեկոյեան սրունքներու մարձումը եւ ոտքերու լոգանքը եւս մեծ դերակատարութիւն ունին: Շատ կարեւոր է նաեւ որակեալ կօշիկի ընտրութիւնը:
Նստակեաց Աշխատանքը
Այո՛, նստակեաց աշխատանքը, յատկապէս` համակարգիչին կամ կարի մեքենային առջեւ, կռնակի, ուսի եւ դաստակի ցաւեր կը պատճառէ:
Նստակեաց աշխատանքով զբաղող անձերը պէտք է յատուկ բծախնդրութեամբ ընտրեն իրենց գործի աթոռը: Սեղանին տակ աթոռակ մը կ՛օգնէ, որպէսզի ոտքերը մնայուն կախուած չմնան: Կիսով բարձրացած ոտքերը կ՛օգնեն արեան լաւ շրջագայութեան:
Միւս կողմէ` համակարգիչին ստեղնաշարը պէտք է որ սեղանին եզերքէն առնուազն 10 սմ ներսով ըլլայ, նոյնպէս ալ` մկնիկը, որպէսզի դաստակը յենարան ունենայ ու չցաւի:
Համակարգիչին Դիմաց Աշխատանքը
Երկար ժամեր համակարգիչին դիմաց աշխատողները ենթակայ են գլխացաւի, ուսերու եւ վիզի պրկումներու եւ աչքերու հետ կապուած խնդիրներու:
Որպէսզի համակարգիչին պաստառը այս անպատեհութիւնները չստեղծէ, թելադրելի է, որ պաստառին վերի մասը հաւասարի աչքերու մակարդակին, իսկ պաստառ-աչք հեռաւորութիւնը 50-90 սմ միջեւ ըլլայ, երբեք` 40-էն պակաս:
Պաստառին առջեւ աչքերը 5 անգամ նուազ կը թարթենք, այս պատճառով ալ աչքերուն խոնաւութիւն պարգեւող արցունքի բարակ շերտը կը ցնդի` առանց վերանորոգուելու: Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ աչքերը այրին, ծակծկին: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է յաճախ աչքերը թարթելու մարզանք ընել եւ ակնաբուժին թելադրանքով «արհեստական արցունք» կոչուած կաթիլ գործածել:
Համակարգիչին դիմաց երկար ժամեր աշխատող անձերը պէտք է տարին անգամ մը ակնաբուժին այցելեն:
Եղունգներու Խնամքը
Առողջ եւ ամուր եղունգները յաճախ կ՛արտացոլացնեն առողջ ապրելակերպը: Այնուամենայնիւ, կան որոշ նշաններ, որոնք կը վկայեն եղունգներու վատ առողջութեան մասին եւ կը պահանջեն յատուկ ուշադրութիւն եւ խնամք: Այդ նշաններէն յիշենք` գունաթափումը, հաստութեան փոփոխութիւնը, ձեւի փոփոխութիւնը եւ փխրունութիւնը:
Ստորեւ քանի մը օգտակար եւ ազդու միջոցներ` ամուր, առողջ եւ դիմացկուն եղունգներ ունենալու համար:
ա.- Եղունգները կարճ պահել, քանի որ կարճ եղունգները աւելի քիչ հակուած են կոտրուելու կամ վնասուելու:
բ.- Եղունգները առնուազն օրական մէկ անգամ խոնաւցնել ձեռքի սերով, նախընտրաբար երեկոյեան, երբ այլեւս տան պարտականութիւններ չկան:
գ.- Խուսափիլ տեւաբար ջուրի հետ գործ ունենալէ: Անհրաժեշտ պարագային կենցաղային ձեռնոցներ կրել` ջուրի հետ շփումը նուազագոյնի հասցնելու եւ եղունգները պաշտպանելու համար:
դ.- Որոշ ժամանակով հրաժարիլ եղունգի ներկը մաքրող «ասիթոն»-էն, որ աւերներ կը գործէ ջրազրկելով եւ տկարացնելով զայն:
ե.- Շաբաթը առնուազն երկու անգամ եղունգները 20 վայրկեան մխրճել ձիթապտուղի ձէթին մէջ: Իսկ ո՞վ ծանօթ չէ ձիթապտուղի ձէթին սնուցանող յատկութիւններուն: Կենսանիւթերով եւ էական ճարպաթթուներով հարուստ ձիթապտուղի ձէթը կը պահպանէ մորթին եւ եղունգներուն առողջութիւնը` հայթայթելով անհրաԺեշտ խոնաւութիւնը:
զ.- Հրաժարիլ «աքրիլիք» եղունգներու յաճախակի օգտագործումէն: Առիթ տալ բնական եղունգներուն շնչելու եւ վերականգնելու:
է.- Խուսափիլ ձեռքի հականեխիչներու յաճախակի օգտագործումէն: Ալքոլ պարունակող այս ախտահանիչները կը չորցնեն մորթը իսկ եղունգները կը դարձնեն դիւրաբեկ ու տկար:
ը.- Տան մաքրութեան դեղերը նոյնպէս աւեր կը գործեն ձեռքերուն եւ եղունգներուն վրայ: Միակ լուծումը կենցաղային ձեռնոցներ կրելն է զանոնք պաշտպանելու համար:
թ.- Ամուր եղունգներ ունենալու նախապայմաններէն մէկը սպիտակուցով հարուստ մթերքներ ուտելն է: Ճաշացուցակէն անպակաս ընել` ձուկը, հաւը, միսը, հաւկիթը եւ ընդեղէնները:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Ոտքը ոտքին վրայ դրած նստիլը կրնայ բարձրացնել արեան ճնշումը: Այս դիրքը նաեւ վնասակար է կոնք-ազդրային յօդին համար, իսկ երբ երակները սեղմուած են, կը խանգարուի նաեւ արեան ազատ շրջագայութիւնը:
Հետեւաբար խուսափեցէք քառորդ ժամէն աւելի այս դիրքով նստելէն եւ կէս ժամը անգամ մը ոտքի ելէք ու քալեցէք:
***
Ամուր կապուած գօտին ժամանակի ընթացքին կրնայ աղեստամոքսային համակարգի խնդիրներ ստեղծել: Թէկուզ գեղեցիկ, սակայն ձիգ գօտին, այնպէս` ինչպէս շատ նեղ մէջքով ճինզերը, կրնան փորի եւ ստամոքսի ցաւ, հազ եւ աղիքներու խանգարում պատճառել:
***
Բնական կարիքներու զսպումը միզային համակարգի վարակներու զարգացման դուռ կը բանայ, իսկ յաճախ կրկնուելու պարագային, միզային համակարգի բարդութիւններ կը յառաջանան: Հետեւաբար հրաժարեցէք այս սխալ եւ վնասակար սովորութենէն:
***
Առանց ընդմիջումի, երկար ժամանակ ինքնաշարժ վարելը կը վնասէ արեան շրջագայութեան, որ իր կարգին կրնայ «թրոմփոզ» պատճառել: Հետեւաբար եթէ ստիպուած էք երկար քշել, ժամանակ առ ժամանակ կեցուցէք ինքնաշարժը, իջէք եւ քանի մը քայլ քալեցէք արեան շրջագայութիւնը խթանելու համար:
Խոհագիր
«Մաղմուր»
Բոլորդ ալ լսած էք յունական «մուսաքա»-ի մասին. «մաղմուր»-ը անոր լիբանանեան տարբերակն է շատ սննդարար եւ յարմար` բուսակերներուն:
Բաղադրիչներ
3 միջակ սմբուկ (կիսով կեղեւուած եւ խորանարդաձեւ կտրատուած)
1 միջակ մանրուած սոխ
3 պճեղ ճզմուած սխտոր
400 կ կեղեւազերծուած թարմ լոլիկի թանձրուկ
1 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
400 կ խաշած սիսեռ
Կէս թէյի դգալ շաքար
250 մլ ջուր կամ բանջարեղէնի արգանակ
Կէսական թէյի դգալ աղ, սեւ համեմ եւ կարմիր համեմ
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Պատրաստութիւն
Խորանարդաձեւ կտրատուած սմբուկները քիչ մը ձէթով փուռին մէջ խորովել, մինչեւ ոսկեգոյն դառնան (կարելի է նաեւ քիչ քանակութեամբ ձէթի մէջ տապկել):
Կաթսային մէջ ձիթապտուղի ձէթը տաքցնել, աւելցնել մանրուած սոխը եւ եփել մօտ 5 վայրկեան, մինչեւ կիսաթափանց դառնայ: Ապա աւելցնել ճզմուած սխտորը, թարմ լոլիկի թանձրուկը, լոլիկի ռուպը, շաքարն ու մնացեալ համեմները. խառնել եւ եփել 10 վայրկեան, մինչեւ թացանը թանձրանայ:
Թացանին աւելցնել սմբուկն ու սիսեռը, լաւ խառնել, ապա աւելցնել ջուրը կամ բանջարեղէնի արգանակը, կաթսային բերանը փակել եւ 15 վայրկեան եւս թեթեւ կրակի վրայ եփել` երբեմն խառնելով:
«Մաղմուր»-ը կարելի է ուտել տաք կամ գաղջ. սեղան բերելէ եւ մատուցելէ առաջ թելադրելի է երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով:
«Մաղմուր»-ը կարելի է մատուցել որպէս գլխաւոր կերակուր` արաբական հացի կամ բրինձով եղինձի հետ:
Շատերու կարծիքով, «մաղմուր»-ը յաջորդ օրը աւելի համեղ կը դառնայ, քանի որ համերը աւելի ժամանակ կ՛ունենան միաձուլուելու:
Սիսեռ Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ
– Սիսեռը հարուստ է բուսական սպիտակուցներով եւ հիանալի տարբերակ է բուսակերներուն համար:
– Սիսիռը մեծ քանակութեամբ մանրաթել կը պարունակէ, ինչ որ կը կանոնաւորէ մարսողութիւնը եւ կը վերահսկէ ախորժակը:
– Սիսեռը յաճախակի օգտագործումը կը կարգաւորէ շաքարի մակարդակը արեան մէջ:
– Սիսեռը հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքայիններով (երկաթ, ֆոսֆոր, պղինձ, մանկանեզ, եւ այլն…). իր այս բարձր սննդական արժէքով մասամբ կը պաշտպանէ կարգ մը քրոնիք հիւանդութիւններէ` սրտանօթային, շաքարախտ, քաղցկեղ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ի՛մ Հայաստանը
Ի՛մ Հայաստանը ուրիշ երկիր է,
Ծաղկած կնճիռ է ի՛մ Հայաստանը:
Քարէ պարիսպ է ու քարէ խարիսխ,
Սիրաւոր սիրտ է ի՛մ Հայաստանը:
Ի՛մ Հայաստանը ուրիշ երկիր է,
Լուսաշող ծիր է ի՛մ Հայաստանը:
Ամրակուռ ժայռ է, դրախտավայր է,
Ինձ հա՛յր ու մա՛յր է ի՛մ Հայաստանը:
Ի՛մ Հայաստանը ուրի՜շ երկիր է,
Քաղցր թմբիր է ի՛մ Հայաստանը:
Անհա՜գ կարօտ է, սրտի՛ անօթ է,
Ուրի՛շ աղօթք է ի՛մ Հայաստանը:
ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ