Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Որպէս ծնողներ` դուք կարեւոր դեր կը խաղաք ձեր երեխաներու ապագայի ձեւաւորման համար: Ամենակարեւոր ոլորտներէն մէկը, որ դուք կրնաք ազդեցութիւն ունենալ, անոնց ուսումնական յաջողութիւնն է: Երեխաները, որոնք կը մեծնան ներգրաւուած եւ աջակցող ծնողներու հետ, աւելի հաւանական է, որ լաւ աշակերտներ ըլլան եւ բացայայտեն իրենց ամբողջ ներուժը:
Առաջին եւ ամենակարեւոր քայլը, որ կրնաք առնել` աջակցելու համար ձեր երեխաներու դպրոցական յաջողութիւններուն, աջակցող տնային միջավայր ստեղծելն է: Ասիկա կը նշանակէ ապահովել կայուն, անվտանգ եւ սնուցանող միջավայր, որ թոյլ կու տայ երեխաներուն բարգաւաճիլ: Աջակցող տնային միջավայրը պէտք է ներառէ կանոնաւոր ժամանակացոյցներ, յստակ սահմանումներ, սորվելու եւ աճելու հնարաւորութիւններ: Եւ այսպէս, մանկավարժները կը թելադրեն`
Քաջալերել Երեխային Սորվելու Փափաքը
Տակաւին շատ կանուխէն մանուկը սորվելու եւ շրջապատին ծանօթանալու փափաք կ՛ունենայ: Կ՛ուզէ ամէն բան շօշափել, բերանը տանիլ եւ այլն… Աւելի յառաջացած տարիքին, ծնողքին կը մնայ երեխային մէջ զարգացնել այդ փափաքը` գիրքերու, ճամբորդութիւններու, թանգարան այցելութեան եւ սովորական պտոյտներու ճամբով: Համակարգիչը եւս իր դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ` ճիշդ օգտագործուելու պարագային:
* * *
Ուսուցիչի Դեր Չխաղալ
Երբ երեխան փոքր է, անոր ծնող նաեւ ուսուցիչ է, կը սորվեցնէ` երգել, գծել, համրել, արտասանել եւ այլն… բայց որոշ տարիքէ մը ետք երեխան պէտք է զանազանէ ծնողը` ուսուցիչէն: Ասիկա չի նշանակեր, որ ծնողները պիտի հրաժարին երեխան դաստիարակելէ, բայց պէտք է զգուշանան իւրաքանչիւր ընտանեկան պտոյտ դպրոցական դասի վերածելէ:
* * *
Հետաքրքրուիլ Երեխային Դպրոցական Հարցերով
Երեխային համար իր դպրոցական հարցերով հետաքրքրուիլ` կը նշանակէ իրմո՛վ հետաքրքրուիլ: Գրաւոր ստուգումներու նիշերը, վիճակացոյցը ստուգելը եւ քանի մը գնահատական կատարելը բաւարար չեն: Ծնողները պէտք է հետաքրքրուին նաեւ` իրենց զաւակներուն դպրոցական առօրեայով, ընկերներով, ուսուցիչներով եւ դժուարութիւններով:
* * *
Ուսումին Իմաստ Տալ
Խթանելու եւ պատասխանատուութեան զգացումը զարգացնելու համար երեխան պէտք է հասկնայ, որ կ՛աշխատի ու կը սորվի ոչ թէ ծնողներուն, այլ իրեն համար: Ան պէտք է կարենայ կապ մը հաստատել ներկայի իր աշակերտի իրավիճակին եւ ապագայի կայացած չափահասին միջեւ:
* * *
Սորվեցնել Մահմանուած Ժամանակին Մէջ Կազմակերպուիլ
Շատ կանուխէն երեխան պէտք է վարժուի որոշ ժամանակացոյցի մը հիմամբ աշխատիլ: Դպրոցէն վերադարձին ան պէտք է յստակօրէն գիտնայ, թէ պատառ մը բան ուտելէ ետք որոնք են յաջորդ փուլերը…
Պատահականութեան ձգուած, անկազմակերպ աշխատանքը երեխային կը ստիպէ արթուն մնալ մինչեւ ուշ ժամեր եւ պարտականութիւնները կատարել թերի եւ մակերեսային ձեւով:
* * *
Աշխատանքի Յարմար Միջավայր Ստեղծել
Խոհանոցը, ճաշասենեակը, թէ ննջարանը` երեխան պէտք ունի լռութեան, լաւ լուսաւորումի, սեղանի եւ հանգստաւէտ աթոռի մը, որպէսզի կեդրոնանայ եւ յաջորդ օրուան դասերը պատրաստէ:
Ծնողը պէտք է արգիլէ պատկերասփիւռի, համակարգիչի եւ այլ գործիքներու օգտագործումը` դասի ժամերուն: Կարելի չէ «լրտեսել» երեխան` վստահ ըլլալու համար, որ իսկապէս կ՛աշխատի: Պէտք է պարբերաբար դիմել անոր, ի հարկին հարցերուն պատասխանել, բայց մանաւանդ` ցոյց տալ, որ ծնողներուն վստահութիւնը կը վայելէ:
Համակարգիչի օգտագործումը բացառուած չէ, յատկապէս` դասի հետ կապուած խոյզեր պատրաստելու եւ տեղեկութիւններ քաղելու համար:
* * *
Աչքէ Անցընել Եւ Ոչ Թէ Դատել
Անգամ մը որ երեխան աւարտած է իր դասերը, ծնողին կը մնայ աչքէ անցընել զանոնք, եթէ սխալներ կան` մատնանշել, անհասկնալի նիւթեր բացատրել եւ այլն…
Ծնողը վիրաւորական խօսքերով երբեք պէտք չէ դատէ երեխան կամ անոր աշխատանքը: Որքան ծնող-զաւակ լարուածութիւնը սրի, այնքան դպրոցական արդիւնքները կը տուժեն ու կը նահանջեն:
* * *
Օրինակ Ծառայել
Մանկավարժները կարեւորութեամբ կը շեշտեն, որ ծնողները պէտք է օրինակ ծառայեն իրենց զաւակներուն` թէ՛ իրենց որդեգրած ընթացքով, թէ՛ կեանքի մէջ իրենց պաշտպանած արժէքներով եւ թէ՛ խօսակցութեամբ ու բառապաշարով:
Այլ խօսքով, երեխայէն կարելի է պահանջել այն, ինչ որ տարիներու ընթացքին աչքով տեսած ու սորված է ծնողներէն:
Երեւանը 2806 Տարեկան
Երեւան Քաղաքի Խորհրդանիշները
Այո՛, մեր սիրելի մայրաքաղաքը` Երեւանը, դարձաւ 2806 տարեկան, բայց արդեօք գիտէ՞ք թէ…
Աշխարհի բոլոր նշանաւոր քաղաքները, որոնց հետ Երեւանը քոյր եւ համագործակցող քաղաք է, ունին իրենց խորհրդանիշները: Անոնց հետ հանդիպումներու ընթացքին Երեւանը երկար ժամանակ ներկայացեր է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշներով, քանի որ աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը չունէր իր խորհրդանիշները:
Երեւանի խորհրդանիշները առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուեցան 13 հոկտեմբեր 2004 թուականին Օփերայի պալէի եւ թատրոնի դահլիճին մէջ կայացած «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան հանդիսաւոր նիստին ժամանակ:
Երեւանի Զինանշանը
Զինանշանին հեղինակը Ալպերթ Սոխիկեանն է:
Զինանշանին կապոյտ ֆոնին հայերէն պրոնզագոյն մեծատառերով մակագրուած է «Երեւան»: Պատուանդանին, գլուխը ետ շրջած, իշխանութեան խորհրդանիշ գաւազանը բռնած առիւծն է: Անոր գլխուն վերեւ թագ կայ` մէջտեղէն բարձրացող Կենաց ծառի խորհրդանիշ վարսանդով: Առիւծի կուրծքին` յաւերժութեան նշանին վրայ Արարատ լերան պատկերն է:
Երեւանի Դրօշը
Դրօշին հեղինակներն են` Կարապետ Աբրահամեանը եւ Կարապետ Փաշայեանը: Ճերմակ ֆոնով դրօշին կեդրոնը պատկերուած է Երեւանի զինանշանը` շրջապատուած Հայաստանի մայրաքաղաքները խորհրդանշող 12 կարմիր եռանկիւններով:
Դրօշին ճերմակ գոյնը կը խորհրդանշէ մաքրութիւն եւ անաղարտութիւն:
Երեւանի Օրհներգը
Օրհներգը Պարոյր Սեւակի խօսքերով «Էրեբունի-Երեւան» եւ Էդկար Յովհաննիսեանի երաժշտութեամբ ստեղծուած երգն է. անիկա առաջին անգամ հնչեց քաղաքին 2750-ամեակի տօնակատարութեան ժամանակ:
Սննդագիտական – Առողջապահական
Վարսակին Բուժիչ Յատկութիւնները
Գիտէ՞ք, թէ շատ քիչ թիւով մթերքներ իրենց սննդական արժէքով կրնան մրցիլ վարսակին հետ:
Գիտական հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ վարսակը օժտուած է բացառիկ բուժիչ յատկութիւններով եւ անհրաժեշտ է զայն օրական օգտագործել մեր կերակուրներուն մէջ, բայց նաեւ` եփուկի ձեւով:
Կենսանիւթերով, բնաթելելով եւ բնասպիտով հարուստ վարսակին բուժիչ յատկութիւնները անհամար են, բաւարարուինք թուելով մէկ քանին.
Կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:
Կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:
Կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէն:
Կը կանխարգիլէ ոսկրափտութիւնը:
Կը հաւասարակշռէ արեան գերճնշումը:
Կը կազդուրէ եւ ուժ կը հայթայթէ:
Կը դարմանէ անքնութիւնը:
Միզեցնող է եւ կ՛արգիլէ ջուրի կուտակումը մարմնին մէջ:Կը թարմացնէ մորթը, կը դարմանէ բշտիկները:
Վարսակի Փաթիլներու
Օգտագործման 7 Տարբերակներ
1.- Նախաճաշի ընթացքին, կաթին, մածունին կամ պտուղի հիւթին աւելցնելով` քորն ֆլեքսի փոխարէն:
2.- Կրկնեփի եւ կարկանդակի պատրաստութեան մէջ:
3.- Ապուրներուն մէջ:
4.- «Միլք շէյք»-ի պատրաստութեան մէջ:
5.- Աղցաններուն մէջ:
6.- Առողջապահական հացերու պատրաստութեան մէջ:
7.- Կսկուծի փոշիի փոխարէն մսեղէնները կամ ձկնեղէնները աւելի խրթխրթան դարձնելու համար:
Վարսակով Դէմքի Ծեփուկ
Պէ. Էօ. կենսանիւթերով եւ մանկանեզով հարուստ վարսակը կը բարելաւէ դէմքին խամրած երանգը եւ յոգնած տեսքը` զայն դարձնելով աւելի գեղեցիկ եւ երիտասարդ:
Բաղադրիչներ`
– 1/3 գաւաթ վարսակ
– 2 ապուրի դգալ մածուն
– 2 ապուրի դգալ մեղր
– 1/2 գաւաթ տաք ջուր
– 1 հաւկիթի ճերմկուց
Օգտագործում`
Վարսակին աւելցնել տաք (ոչ եռացած) ջուրը եւ ձգել 2-3 վայրկեան: Ապա աւելցնել մածունը, մեղրը եւ հաւկիթի ճերմկուցը: Ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ, սպասել 10-12 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Խոհագիր
Վարսակով, Բանջարեղէնով
Նախուտեստ
160 կ վարսակի փաթիլ
1 դդում (քերոցէ անցած)
2 հաւկիթ
3 ապուրի դգալ մանրուած կանաչ սոխ
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Աղ, սեւ համեմ
Բուսական ձէթ
Պատրաստութիւն
Փոս ամանի մը մէջ խառնել` վարսակի փաթիլները, քերոցէ անցած դդումը, մանրուած ազատքեղն ու սոխը եւ ճզմուած սխտորը:
Ուրիշ փոս ամանի մը մէջ «կոտրել» հաւկիթները եւ 4 ապուրի դգալ ջուր աւելցնելով` «զարնել»: Այս խառնուրդը աւելցնելով նախորդ խառնուրդին, աղ եւ սեւ պղպեղ աւելցնել, խառնել եւ 20 վայրկեան սառնարանը պահել:
20 վայրկեան ետք խառնուրդը ձեւաւորել կլոր, տափակ հացիկներու տեսքով եւ չկպչող յատակով տապակի մէջ շատ քիչ ձէթ տաքցնել եւ զանոնք տապկել թեթեւ կրակի վրայ, իւրաքանչիւր երես 5 վայրկեան:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անտառում
Մի փոքրիկ թռչուն ծառի վրայից,-
Ինձ երգի ձրի դասե՜ր է տալիս.
Հողն` համբերութեան,
Մեղուն` աննկատ ջանասիրութեան,
Արմատը` օգնում կառչել մայր հողին.
Առու եւ վտակ
Ամէն ձորակից
Մի կաթիլ ջրով բարիք անելու յորդո՜ր են կարդում.
Լեռը` ստիպում
Գլուխ չթեքել ու հպարտ մնալ,
Թիթեռը` յուշում
Գոհ լինել թէկուզ մի օրուայ կեանքից.
Իսկ հսկայ կաղնին հեռուից խրատում`
Եթէ մահանալ` կանգնա՛ծ մահանալ.
Եւ այն էլ ո՛չ թէ
Դժուա՜ր,
Տանջանքո՜վ
Ու… մարդավարի`
Գլուխը ահից խփելով պատին.
Այլ` ծառավարի՛,
Այլ` քարավարի՛-
Հանգի՜ստ,
Հպա՜րտ ու
Արժանապատի՜ւ…
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ