Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը. «Մենք Ենք Մեր Սարերը»
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ստեփանակերտի, ինչպէս նաեւ Արցախի խորհրդանիշն է «Մենք ենք մեր սարերը» կամ, ինչպէս տեղացիները կ՛անուանեն` «Տատիկ Պապիկ» տուֆակերտ կոթողը: Քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանի ստեղծագործութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանեկան արժէքներու եւ կեանքի պահպանման նկատմամբ արցախցիներու անկոտրում կամքը, ինչպէս նաեւ` արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը: Մէջբերումներ` քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանի որդի Աշոտ Բաղդասարեանի յուշերէն, ինչ կը վերաբերի յուշակոթողին: «Երբ նա կերտում...




















