Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Օրական լրատուամիջոցները տասնեակ տեսանիւթեր եւ վերնագրեր կը հրապարակեն Լիբանանի եւ Կազայի պատերազմներուն մասին: Երեխաները հետաքրքրութեամբ կը լսեն, թէ ծնողները ինչպէ՛ս կը քննարկեն այդ ամէնը: Նոյնիսկ եթէ կը թուի, թէ անոնք կը խաղան, բայց եւ այնպէս պակաս ուշադիր չեն մեծերու խօսակցութեան: «Պատերազմի բացատրութիւնը երեխաներուն բացարձակ անհրաժեշտութիւն է», կ՛ըսեն հոգեբանները:
Կարգ մը երեխաներ ինքնուրոյն չեն խօսիր պատերազմի մասին. այնուամենայնիւ, անոնք կ՛ընկալեն իրենց ծնողներուն անհանգստութիւնը` չիմանալով, թէ ի՛նչ է պատճառը:
Հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն հետ պատերազմի մասին խօսելու ատեն պէտք չէ վախցնել զանոնք: Երեխաներուն պատերազմի մասին հարցումները յստակ եւ վերջնական պատասխաններ չունին: Պատասխանը պէտք է համապատասխանացնել երեխային տարիքին, իրավիճակին եւ տրուած հարցի բնոյթին:
Հոգեբանի 4 յանձնարարութիւններ.
Ա.- Պէտք չէ երեխային ըսել, այն ինչին դուք անձնապէս չէք հաւատար ու համոզուած չէք:
Բ.- Պէտք չէ երեխան վախցնող, սարսափ ներշնչող եւ խուճապի մատնող բառեր եւ արտայայտութիւններ գործածէք:
Գ.- Հարցումին պատասխանելու ատեն դուք պէտք չէ, որ ձեր սեփական քաղաքական համոզումներն ու պատկերացումները փոխանցէք, ատոնք երեխան չեն հետաքրքրեր եւ աւելորդ կը ծանրաբեռնեն միտքը:
– Երեխային չըսէք բաներ, որոնք կրնան սխալ մեկնաբանուիլ անոր կողմէ, օրինակ` «կարելի է սպաննել», կամ` «պատերազմը սուրբ գործ է», եւ այլն…
Ստորեւ քանի մը հարց պատասխանի օրինակներ` 3-6 տարեկան երեխաներուն համար…
Ի՞նչ Է Պատերազմը
– Դուն գիտես, որ երեխաները երբեմն կը կռուին: Մեծերը նոյնպէս կը վիճին ու կը կռուին, երբ հարցի մը շուրջ չեն համաձայնիր: Պատերազմի ժամանակ ալ կը կռուին ոչ թէ առանձին մարդիկ, այլ` երկիրներ, պետութիւններ: Երբ ի վերջոյ անոնք համաձայնութեան կու գան եւ կը հաշտուին, պատերազմը կ՛աւարտի եւ խաղաղութիւն կը տիրէ:
Ինչո՞ւ Զինուորները Զիրար Կը Սպաննեն
– Երբ պատերազմի ժամանակ հակառակորդը կը յարձակի, զինուորները ստիպուած են պաշտպանելու իրենց ընտանիքները, տուները, հողը: Լաւ, ազնիւ զինուորները կ՛ուզեն, որ պատերազմը շուտ վերջանայ եւ խաղաղութիւն տիրէ:
Երբ Մեծնամ, Ե՞ս Ալ Պիտի Կռուիմ
– Պատերազմը շատ վատ բան է, բայց կու գայ օր, երբ ան կ՛աւարտի: Կը յուսամ, որ երբ դուն մեծնաս, ա՛լ պատերազմ տեղի չ՛ունենար:
Ինչպէս ըսինք, այս պատասխանները կը վերաբերին շատ փոքր եւ կամ հոգեպէս «փխրուն» երեխաներուն:
Պատասխանները կախեալ են երեխայի տարիքէն, պայմաններէն եւ հոգեվիճակէն: Միայն մասնագէտ հոգեբանները կրնան հանգստացնող եւ համոզիչ պատասխաններ առաջարկել: Թելադրելի է, որ դպրոցներուն մէջ կազմակերպուին հանդիպումներ, եւ աշակերտները ճիշդ ձեւով իրազեկուին պատերազմին մասին:
Գեղեցկագիտական
Ձմեռնամուտի Դէմքի Ծեփուկներ
Ամրան կիզիչ արեւը անխուսափելիօրէն իր հետքը ձգած է շատերու դէմքի մորթին վրայ. ձմրան նախօրեակին անհրաժեշտ է վերաթարմացնել մորթը` յատուկ ծեփուկներով:
Շատեր միջոցը չունին դէմքի սուղ ծեփուկներ գնելու, իսկ միջակ կամ վատորակ գեղեցկագիտական արտադրութիւնները շատ վտանգաւոր են մորթին համար: Նախընտրելի է դիմել բնական միջոցներու եւ ձեռքի տակ գտնուող խոտաբոյսերով, պտուղներով կամ բանջարեղէններով տունը պատրաստել հետաքրքրական ծեփուկներ:
Պանանով Ծեփուկ
Պանանով ծեփուկը իսկական «շտապ օգնութիւն» է, երբ դուք կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիք եւ շատ քիչ ժամանակ` պատրաստուելու:
Առէք հասուն պզտիկ պանան մը, պատառաքաղով ճզմեցէք, ապա զայն տարածեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ: Այս ծեփուկը շատ օգտակար է եւ յանձնարարելի աշնան ու ձմրան, երբ ամրան կիզիչ արեւէն ետք ձեր դէմքին մաշկը չորցած է ու խամրած:
Ստեպղինով Ծեփուկ
Ջրազրկուած ու կնճռոտած մորթը սնուցանելու համար առէք ստեպղին մը եւ զայն քերոցէ անցուցէք. թէյի դգալ մը մեղր եւ թէյի դգալ մը կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ ստացուած թանձրուկը տարածեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ: Քառորդ ժամ ետք գաղջ ջուրով մաքրեցէք ձեր դէմքը:
Այս ծեփուկը նաեւ կը նուազեցնէ մորթին սրճագոյն արատները:
Ազատքեղով Ծեփուկ
Ազատքեղը հակաբորբոքային յատկութիւն ունի. զայն կարելի է օգտագործել շատ մը ծեփուկներու պատրաստութեան մէջ:
Կապոց մը լուացուած ազատքեղին ապուրի 2 դգալ մածուն աւելցուցէք եւ հարիչէ անցուցէք: Ստացուած խիւսը տարածեցէք ձեր դէմքին եւ վիզին վրայ. սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա ձեր դէմքն ու վիզը ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Այս ծեփուկը մորթը հարթելու, թարմացնելու եւ մեռած բջիջները հեռացնելու յատկութիւնը ունի:
Մեղրով Ծեփուկ
Մեղրով եւ հաւկիթով ծեփուկը տունը պատրաստուող ծեփուկներէն ամէնէն դասականն ու տարածուածն է:
Հաւկիթի դեղնուցի մը թէյի դգալ մը մեղր աւելցուցէք եւ լաւ հարեցէք: Թանձրուկը տարածեցէք դէմքին եւ վիզին վրայ, սպասեցէք 15 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:
Այս ծեփուկը նոյնպէս կը դարմանէ արեւին կիզիչ ճառագայթներէն տուժած մորթը:
Իսկ Գիտէ՞ք, Թէ…
– Կնճիռներու յայտնուիլը հետեւանք է մարմնին մէջ քոլաժենի եւ էլասթինի նուազման: Առաջինը մորթը պիրկ կը պահէ, իսկ երկրորդը մորթին ճկունութիւն եւ առաձգականութիւն կու տայ: Որքան անոնք նուազին, այնքան կը շեշտուին կնճիռները:
– Միջավայրը մեծ ազդեցութիւն ունի կնճիռներու յառաջացման իմաստով: Թէեւ կնճիռներու յայտնուիլը մեր մասամբ կախեալ է տարիքէն, բայց եւ այնպէս, միջավայրը իր կարգին կրնայ արագացնել կամ ուշացնել զանոնք: Ապականած մթնոլորտը եւ արեւին վնասակար ճառագայթները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն:
– Բոլոր տեսակի մորթերը հաւասար չեն կնճիռներուն դիմաց: Ջրազրկուած մորթը աւելի խոցելի է: Օրական 1,5 լիթր ջուր խմելը եւ բնական դէմքի ծեփուկներ օգտագործելը անհրաժեշտ են կնճիռներուն դէմ պայքարելու համար:
– Կարելի չէ կնճիռները ամբողջովին վերացնել: Պոթոքսը եւ նմանատիպ միջոցները կրնան ժամանակաւոր լուծումներ բերել, բայց կնճիռները անհետացնելը ցարդ անկարելի է:
– Մարձումի որոշ տեսակներ կրնան մասամբ թեթեւցնել կնճիռները: Այսպէս, օրական 3 վայրկեան դէմքը մարձելով` կարելի է աշխուժացնել արեան շրջագայութիւնը, թարմացնել մորթը եւ քողարկել կնճիռները:
Քանի Մը Տողով
Հրաժարեցէ՛ք Ծանր Պայուսակներէն
Որքան ծանր է ձեր ձեռքի պայուսակը, այնքան մեծ է ընկճախտի ենթարկուելու հաւանականութիւնը: Այս եզրակացութեան յանգած են Սինկափուրի եւ Հոնկ Քոնկի ազգային համալսարաններու գիտնականները:
Երկարատեւ ուսումնասիրութեան մը աւարտին գիտնականները փոխադարձ կապ հաստատած են պայուսակի ծանրութեան եւ հոգեվիճակին միջեւ: Պարզուած է, որ պայուսակին ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդու տրամադրութեան վրայ եւ հոգեկան խանգարում կը պատճառէ:
Գիտնականներուն կարծիքով, ծանր բեռ կրելը տխուր միտքեր կ՛արթնցնէ մարդոց մօտ: Մասնագէտները կը նշեն, որ ասիկա տեղի կ՛ունենայ մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ, եւ այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:
Տարիքի Հետ Մարդիկ Նուազ
Ընկերական Կը Դառնան
Օքսֆորտ համալսարանի գիտնականներուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, երբ մենք տարիքով կը մեծնանք, մեր ընկերներու շրջանակը աւելի ու աւելի կը փոքրանայ: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ մենք աւելի ու աւելի ընտրողական կը դառնանք շատ մը երեւոյթներու, ներառեալ` մեր ընկերային յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ:
Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, տարիքի հետ մենք անգիտակցաբար կը զտենք ընկերային յարաբերութիւնները, զորս կը համարենք ապարդիւն` կեդրոնանալու համար այն յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք իսկապէս կարեւոր են մեզի համար:
Խոհագիր
Խնձորով Եւ Պլէօ Պանիրով Ֆոքաչիա
– 1 գաւաթ ալիւր
– 1 թէյի դգալ թթխմոր
– 1 թէյի դգալ աղ
– 3/4 գաւաթ գաղջ ջուր
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Խճողակին համար`
– 1 մեծ խնձոր` կտրատուած
– 1/2 գաւաթ պլու չիզ` փշրուած
– 2 ապուրի դգալ թարմ խնկունի` մանրուած (կամ 1 ապուրի դգալ` չոր)
– 1 ապուրի դգալ թարմ ծոթրին (կամ կէս ապուրի դգալ` չոր)
– 1 ապուրի դգալ մեղր (պայման չէ)
Պատրաստութիւն
Պատրաստել խմորը, փոխադրել ձիթապտուղի ձէթով ծեփուած փոս ամանի մը մէջ, երեսը նոյնպէս ձէթով ծեփել, ապա ծածկել եւ ձգել, որ 1 ժամ հանգչի:
Ֆոքաչիային խմորը տարածել ափսէին մէջ եւ մատներով փոսիկներ բանալ երեսին, ապա յաջորդաբար աւելցնել` խնձորը, պանիրը, խնկունին, ծոթրինը, մեղրը, քիչ մը ձիթապտուղի ձէթ եւ աղի փաթիլներ:
Ափսէն փոխադրել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եւ եփել 25 վայրկեան:
Մատուցել գաղջ կամ պաղ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ուսուցիչ Ըլլալ
Ուսուցիչ ըլլալ
եւ սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս
նոր գիտելիքներ ներմուծել ջանալ
փորձե՞ր էք բնաւ
Չէք գիտեր ինչ խոր հաճոյք է – կը զգաք
Հեղ մը որ համը առիք – այրեցա՜ք –
Չէք կրնար դիւրաւ պրծիլ ազատիլ
Ձեզի ո՞վ ըսաւ ուսուցիչ ըլլաք
Ձեր ու սան կոչուած
Այդ փայլուն աչքով դէմքերուն միջեւ
Սիրոյ կամուրջ մը կը շինուի տակաւ
– Ա՛լ ուրիշ ճամբայ չկայ ձեր առջեւ
թակարդը ինկաք
Կը դառնաք դառնաք ու նորէն հոն էք
Փորձե՞ր էք բնաւ
Նոր գիտելիքներ ներմուծել ջանալ
Բան սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս
Սիրոյ կամուրջէն անցե՞ր էք բնաւ
ԶԱՀՐԱՏ