Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1.- Սիլվա Կապուտիկեանի հայրը ուսուցիչ Բարունակ Կապուտիկեանն էր: Սիլվան շատ գրութիւններ ունի հօր մասին, որ մահացեր էր իր ծնունդէն 3 ամիս առաջ:
2.- Հօր մահէն ետք Սիլվային ընտանիքը ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ: Մայրը որպէս հաշուապահ կ՛աշխատի, իսկ իր խնամքը կը յանձնուի մօրաքոյրներուն եւ վանեցի տատին:
3.- Սիլվան ընդամէնը 19 տարեկան էր, երբ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամակցելու առաջարկ կը ստանայ:
4.- Բանաստեղծուհիին սեղանին պէտք էր անպայման քոնեաք, քաղցրաւենիք եւ թէյի սպասք ըլլային, իսկ ինք կը քնանար սեղանին մօտ դրուած թախտին վրայ:
5.- Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ բազմաթիւ անձնական իրերու շարքին ցուցադրուած են անոր կրած զարդեղէնները: Ան յատուկ սէր ունէր արծաթեայ զարդեղէններուն հանդէպ, որոնցմէ շատերը նուէր ստացած էր իր ծննդեան տարեդարձներուն առիթով:
6.- Ազատ ժամերուն Կապուտիկեան կը սիրէր ասեղնագործել եւ հագուստներու նմուշներ գծել: Ան ոչ միայն կը գծէր, այլ նաեւ կը կարէր:
7.- Կապուտիկեանը կերակուր պատրաստել չէր սիրեր, բայց մեծ հաճոյքով սեղան կը յարդարէր եւ հիւրեր կ՛ընդունէր: Սեղանի յարդարանքը կը կատարէր յետին մանրամասնութիւններով:
8.- Փոքր տարիքէն Սիլվան դաշնամուրի դասերու յաճախած է: Մտերիմներու նեղ շրջանակի մէջ ան երբեմն երգեր է հարազատ Վանի երգեր:
9.- Բանաստեղծուհիին տուն-թանգարանին մէջ յատուկ խնամքով ցուցադրուած է Յովհաննէս Շիրազի հետ ամուսնութենէն մնացած միակ յիշատակը` գորգը, որ գներ էին իրենց զաւկին` Արա Շիրազի ծնելէն ետք:
10.- Երբ բանաստեղծուհին իր աշխատասենեակը քաշուէր, ոչ ոք զինք պիտի անհանգստացնէր: Ան կը սիրէր առանձնանալ, իր միտքերուն հետ մինակ մնալ, կարդալ ու գրել… Իսկ այն եզակիներէն մէկը, որ «կը համարձակէր» խախտել անոր անդորրը, իրենց տան սիրուն, բրդոտ կատուն էր, որուն շատ կապուած էր Սիլվային մայրը, բայց ինք կը սարսռար այդ կատուին հպումներէն եւ կը խնդրէր, որ հեռացնեն սենեակէն:
Առողջապահական
Եոկայի 8 Առաւելութիւնները
Եոկան շատ աւելին է, քան` պարզ ֆիզիքական վարժութիւն մը: Անոր բարիքները անհամար են մեր ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար: Անկախ անկէ, որ մենք փորձառու եոկի ենք, թէ հետաքրքրասէր սկսնակ, հետեւողական եոկայով զբաղիլը կրնայ բարեփոխել մեր ընդհանուր բարեկեցութիւնը: Ահա 8 համոզիչ պատճառներ` եոկան մեր առօրեայ կեանքին մէջ ներառելու համար:
1.- Եոկան կը բարելաւէ հաւասարակշռութիւնը, ճկունութիւնը եւ ուժը:
2.- Եոկան կը դարմանէ կռնակի ցաւի որոշ տեսակներ:
3.- Մեղմ սոկան կրնայ դարմանել յօդացաւի որոշ տեսակներ:
4.- Եոկան կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգի գործունէութիւնը:
5.- Եոկան կը բարելաւէ քունի որակը:
6.- Եոկան տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ եւ կը վանէ սեւ միտքերը:
7.- Եոկան կ՛օգնէ կարգաւորելու ընկճախտը:
8.- Եոկայի խմբային դասընթացքները կ՛ամրապնդեն ընկերային կապերը:
Արեան Բարձր Ճնշումը Կառավարելու
Արդիւնաւէտ Մարզանքներ
Արեան բարձր ճնշումը շատ ընդհանրացած, բայց եւ այնպէս, կառավարելի հիւանդութիւն է, որ մեզ կը մղէ վերանայելու մեր սովորութիւնները եւ աւելի զգօն ըլլալու մեր առողջութեան նկատմամբ:
Մասնագէտ բժիշկներու կարծիքով, թէեւ դեղամիջոցներն ու սննդականոնը անհերքելի դեր կը խաղան, սակայն արեան բարձր ճնշումը կառավարելու ամենահզօր միջոցներէն մէկը մարզանքն է: Իսկ ո՞ր մարզանքները յանձնարարելի են.
Ա.- Արագ քալելը հիանալի միջոց է լարուածութիւնը թեթեւցնելու եւ արեան բարձր ճնշումը կարգաւորելու համար: Այս մարզաձեւը թելադրելի է կատարել օրական 30 վայրկեան:
Բ.- Լողը կ՛աշխատցնէ մարմնին բոլոր մկանները եւ կը բարելաւէ սրտանօթային կարողութիւնները. լողը ունի նաեւ հանգստացնող ազդեցութիւն, որ կ՛օգնէ նուազեցնելու ընկճախտը:
Գ.- Եոկան կը համատեղէ շնչառութիւնը, խոկումը եւ կեցուածքը: Անիկա հանգստացնող եւ կազդուրիչ ազդեցութիւն կը գործէ մեր ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան համակարգին վրայ: Թելադրելի է զայն կիրարկել օրական, առնուազն քառորդ ժամ:
Դ.- Հեծիկ քշելը հիանալի տարբերակ է արեան բարձր ճնշումը հաւասարակշռելու համար: Շաբաթական 2-3 անգամ կէս ժամ հեծիկ քշելը գոհացուցիչ արդիւնքներու կը յանգեցնէ խնդրոյ առարկայ անձը:
* * *
Ի՛նչ մարզաձեւ ալ ընտրուի, հիմնականը հետեւողականութիւնն է: Շաբաթական առնուազն 150-300 վայրկեան մարզանքի յատկացնելը ամենահզօր միջոցներէն մէկն է արեան բարձր ճնշումը կառավարելու համար:
Ձեռային Աշխատանք
Մժեղները Վանող Բնական Միջոց
Մժեղները կը շարունակե՞ն փճացնել ձեր ամառնային բացօթեայ երեկոները… Դժբախտաբար մժեղները վանող միջոցներուն մեծամասնութիւնը քիմիական, ոչ առողջապահական նիւթերէ բաղկացած են. ստորեւ կը ներկայացնենք նոյն նպատակին ծառայող տնական, բնական միջոց մը, որ թէ՛ ազդու եւ առողջապահական է եւ թէ՛ տեսքով գեղեցիկ: Զայն պատրաստելու համար անհրաժեշտ են`
– Ապակեայ, լայն բերանով շիշ մը
– Կիտրոնի շերտեր (նախընտրաբար` դեղին եւ կանաչ)
– Խնկունիի թարմ ճիւղ մը
– Խնկունիի եթերաիւղ (քանի մը կաթիլ)
– Ծփացող փոքրիկ մոմ մը
– Ջուր
Նկարը բաւարար խօսուն է, յաւելեալ բացատրութեան չի կարօտիր:
Իսկ դուք իմացե՞ր էք, թէ…
Գիտականօրէն պարզուած է, որ մժեղի խայթոցի աւելի հակամէտ են`
Ա.- Այն անձերը, որոնց արեան մէջ շաքարի մակարդակը բարձր է:
Բ.- Գէր անձերը:
Գ.- Մարզիկները:
Դ.- Առաջին խումբի արիւն ունեցողները:
Ե.- Կարմիր, սեւ եւ կապոյտ գոյները կրող անձերը:
Զ.- Մսակեր անձերը: Բուսակերները ընդհանրապէս չեն խայթուիր:
Մժեղներէն պաշտպանուելու գործնական միջոցներ`
– Աղբը օրը օրին թափեցէք:
– Բաց գոյնի հագուստ կրեցէք:
– Յաճախ լոգցէք. մժեղները կ՛ախորժին քրտինքի հոտէն:
– Ելեկտրական հովահար աշխատցուցէք, մժեղները անզօր են հովին դէմ:
– Երբեք ձեր շուրջ լճացած ջուր մի՛ ձգէք: Դոյլի մէջ, ծաղիկներու թաղարներուն տակ եւ այլուր հաւաքուած ջուրը մժեղներուն համար յարմար միջավայր է բազմանալու:
Խոհագիր
Թակլիաթելի Բոյներ
– 1 տոպրակ (500 կ) թակլիաթել դդմաճ
– Կէս քիլօ կովու յօշած միս
– 1 ստեպղին (քերոցէ անցած)
– 2 նեխուրի ցօղուն (մանրուած)
– 2 սոխ (մանրուած)
– 2 պճեղ սխտոր (ճզմուած)
– 400 կ հալող պանիր (քերոցէ անցած)
– Բուսաիւղ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Մանրուած սոխը բուսաիւղին մէջ տապկել, մինչեւ թափանցիկ դառնայ. աւելցնել քերոցէ անցած ստեպղինը եւ մանրուած նեխուրի ցօղունները եւ 2 վայրկեան եւս տապկել:
Բանջարեղէններուն աւելցնել յօշած միսը եւ շարունակել տապկել, մինչեւ որ միսին հիւթը քաշուի:
Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ թակլիաթել դդմաճի կծիկները մէկէն մէկուկէս վայրկեան ջուրին մէջ մխրճել, ապա զգուշութեամբ հանել, որպէսզի չձեւափոխուին:
Յատակը իւղուած ափսէին մէջ շարել բակլիաթելի «բոյները»:
Տապկուած միսը համեմել ճզմուած սխտորով, աղով եւ սեւ համեմով: Լաւ խառնել եւ ստացուած խառնուրդով լեցնել «բոյները»: Ափսէին մէջ դդմաճի եփաջուր լեցնել այնքան մը, որ մէկ երրորդով ծածկէ «բոյները»: Ափսէին երեսը ալիւմինիոմ թուղթով ծածկել եւ նախապէս 200 ջերմաստիճանով տաքցուած փուռին մէջ եփել 25 վայրկեան: Յետոյ հանել ալիւմինիոմ թուղթը, «բոյներուն» վրայ քերած պանիր աւելցնել եւ 10 վայրկեան եւս եփել. մինչեւ որ պանիրը հալի եւ շէկ գոյն ստանայ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
***
Դագաղիս համար
Դուք ծառ չկտրէք:
Ինձ մի հին կոճղի
Փչակում դրէք,-
Անտառի եզրին,
Բլուրի վրայ,
Որ գնամ գտնեմ
Արմատը նրա,
Որ գնամ նրա
Արմատը գրկեմ…
Եւ ի՞նչ իմանաս,
Գուցէ թէ մի օր
Դէպի լոյս աշխարհ
Մի շիւղ արձակեմ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ